Գրիգոր Մերճանոֆ
Գրիգոր Մերճանոֆ, (28 Մարտ 1880, Ատրիանապոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - անհայտ), հայ մարմնակրթութեան վեթերան գործիչներէն մէկը։
Գրիգոր Մերճանոֆ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 28 Մարտ 1880 |
Ծննդավայր | Ատրիանապոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | անհայտ |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՓոքր հասակէն Պուլղարիա գտնուելով եւ նախնական կրթութիւնը հոն ստանալով, Մերճանոֆի մարզական գործունէութիւնն ալ սկսած է Ֆիլիպէէն։ Հոն, պուլկարական «Թրաքիիսքի Եունաք» կազմակերպութեան անդամակցելով, եղած է կազմակերպութեան օգնական ուսուցիչը, ստանձնելով աւելի քան 600 տղոց մարզական դաստիարակութիւնը։ Այդ աշխատանքը արգելք եղած չէ սակայն, որ Մերճանոֆ Ֆիլիպէի մէջ կազմէ նաեւ հայ մարզական միութիւն մը, զայն եւս առնելով իր ղեկավարութեան տակ։ Այդ միութիւնը հետագային մեծապէս կը զօրանայ եւ ի վերջոյ կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Ան դասաւանդած է Ֆիլիպէի Զօրեանց վարժարանին մէջ։
1904-ին, Մերճանոֆ «Թրաքիիսքի Եունաք»ի կողմէ մասնակցած է Փրակայի մարմնակրթական հանդէսին։ Մերճանոֆի մարզական ամէնէն եռանդուն շրջանը, սակայն, կը սկսի Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք։
1909-ին, Պոլսոյ արուարձաններէն Մաքրի գիւղին մէջ ան կը հիմնէ «Տիտան» խումբը, իսկ Սամաթիոյ մէջ՝ «Վահագն»ը։ Այս երկու խումբերը հաւաքական փորձեր կ'ունենան, եւ Մերճանոֆ կը դասախօսէ անոնց եւ Պոլսոյ այլ թաղերու խումբերուն։ Գրիգոր Մերճանոֆ Պոլսոյ մէջ ահաբեկչական գործերուն գլուխն էր[1]:
1912-ին, հայկական Բ. Ողիմպիականին, Մերճանոֆի խումբերը ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց համաչափ (ռիթմիկ) մարզանքներով եւ բուրգերով։
Պատերազմի տեւողութեան ան կը մնայ Պուլկարիա։ Զինադադարին կը վերադառնայ Պոլիս։ Մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լեւոն Յակոբեանի հետ կը ստանձնէ շուէտական մարզանքի ճիւղին ղեկավարութիւնը։ Ինքն է, որ այդ ձեւով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու մարզանքներուն մէջ կը հաստատէ միօրինակութիւն ու կանոն, ընդհանրացնելով ռիթմիկ մարզանքները։ Կը գրէ մարզական բազմաթիւ յօդուածներ։
Իր մասնագիտութիւններն են գործնական ու չափական մարզանքները։ Այս ուղղութեամբ, պատերազմէն առաջ ան բաւական օգտակար եղած է Շաւարշ Քրիսեանին։
1919-ին, Մերճանոֆ կ'անցնի Հայաստան։ 9 Մայիս 1920-ին, Եսայեան վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ժողովը եւ Նոր Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ կ՛ընտրուին, որոնց մէջ կայ նաեւ Գրիգոր Մերճանոֆը[2]։
իսկ 1923-էն ետք՝ Փարիզ, ուր կը մահանայ աւելի ուշ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայ Վրիժառութեան Նեմեսիսին Հետ – Շահան Նաթալի (Անտիպ Զրոյց)»։ Asbarez - Armenian։ 2015-04-23։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-08-ին։ արտագրուած է՝ 2018-12-10
- ↑ MultiTek.me։ «Հ.Մ.Ը.Մ. - Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - Պաշտօնական Կայք»։ www.homenetmen.org
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մարզիկ ամասթերթ։