Դանիէլ Վանք
Դանիէլ (Ս.) Վանք, հինաւուրց վանք Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքին մօտ, 10 վայրկեան հեռու, Պալակէսի գիւղին վարը գտնուող փոքրիկ գեղատեսիլ ձորակի մը եզերքը, հարթ տեղի մը վրայ կառուցուած էր պարսպապատ վանքս խիտ մրգաստաններու մէջ թաղուած ակնապարար համայնապատկերով մը:
Այս վանքին հիմնարկութեան թուականը անծանօթ է: Ոմանք մինչեւ քրիստոնէութեան Ա. դար կը բարձրացնեն վերագրելով զայն Թադէոս առաքեալին («Հայ Վանօրայք», 65) որ իբր թէ 38-ին կու գայ Կեսարիա քարոզութեան եւ այս վանքին տեղը կը դնէ աւազան մը եւ կը մկրտէ շատերը: Մինչեւ վերջը ցոյց կու տային աւազան մը որ կանգուն էր եւ առհասարակ Թադէոս Առաքեալի աւազան կը կոչուէր:
Կեսարիոյ եւ շրջակայից Հայերը երբ Վարդավառին Ս. Կարապետ եւ Ս. Դանիէլ վանքերը ուխտի կ’երթային իրենց չմկրտուած զաւակները այդ աւազանին մէջ մկրտել կու տային:
Աւանդօրէն կը պատմուէր նաեւ թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր ձեռնադրութենէն ետք, Սեբաստիոյ ճամբով Հայաստան դարձին կ’այցելէ այս աւազանին եւ կը հրամայէ անոր կից յանուն Տիրամօր Ս. Կուսին մատուռ մը շինել:
Այս աւանդութիւնը կ’երեւայ թէ Յունաց մէջ ալ արձագանգ գտած է, վասնզի իբր թէ Տաքսիյարխոն յունական վանքին մէջ պահուած Քրիստոսի 1295 թուականով յունարէն կանոնիզմոսի (=կանոնագիր) մը յիշատակարանին մէջ գրուած էր հետեւեալը.
Յովհաննէս Կարապետի մենաստանէն հազիւ հինգ վայրկեան հեռու կը գտնուի Հայոց Ս. Աստուածածին մատուռով Դանիէլ մենաստանը, որ Դ. դարուն կառուցուած է Հայ իշխաններու կողմէ, Ս. Գրիգոր ձեռնադրութեան առթիւ շինուած, Հայոց սեփականացեալ վանք մըն է:
Յունական ձեռագիրը, որուն վաւերականութիւնը կասկածելի կը գտնեմ, վասնզի 1295-ին դեռ այս վանքին Ս. Դանիէլի անունով կոչուած ըլլալը հաւանական չէ- ինչպէս պիտի տեսնուի- արձագանգ կ’ըլլայ դարաւոր աւանդութեան մը, որ բոլորովին զուրկ չէ հիմէ, վասնզի որոշ է թէ այս վանքը հին ատեն Ս. Աստուածածին անունը կրած է եւ ունեցած՝ այս անունով մատուռ մը որ մինչեւ վերջը կը մնար վասնզի Վտարանգին կ’ըսէ թէ «Կար աստ մատուռ մը յանուն Ս. Աստուածածնայ ուր ապա գալով Օշին ոմն իշխան ի Կիլիկիոյ կը մնայ անդ եւ ի յիշատակ որդւոյ իւրոյ Դանիէլի՝ կը կոչէ եկեղեցին յանուն Ս. Դանիէլի Մարգարէին: Թէ ո՛վ էր այդ Օշին՝ յայտնի չէ»: Ոմանք զայն կը ներկայացնեն Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորին Դանիէլ անուն կրտսեր եղբօրը որդին: Սենեքերիմ ինչպէս որ Սեբաստիոյ մէջ Ս. Նշանի վանքը շինած էր՝ Կեսարիոյ մէջ ալ Ս. Աստուածածին վանքը կառուցած էր, ուր յետոյ առանձնացած է իր կրտսեր եղբայրը Դանիէլ՝ հրաժարելով, ի նպաստ իր Օշին որդւոյն, Գարմուկի (=Կէմէրէկ) իշխանութենէն, եւ չորս տարի յետոյ մեռած էր։ Օշին լսելով իր հօրը մահը, կու գայ Կեսարիա եւ մեծ շուքով կը թաղէ զայն եկեղեցիին աջակողմեան դասին կողմը հիւսիսային որմին կից: Օշին այս առթիւ ի յիշատակ իր հօրը, վանքը նորոգել կու տայ հիմնովին եւ կը ծաղկեցնէ մրգաստաններով եւ ծառաստեններով. կը շինէ ուխտաւորներու խուցեր բարձրակառոյց ամարանոցներով եւ վանքը կը կոչէ յանուն Դանիէլի ճգնաւորին՝ Ս. Դանիէլի մենաստան: Օշին նոյնպէս կ’ուխտէ 8 տարին անգամ մը այցելել վանքը եւ իր հօր գերեզմանը: Տարիներ յետոյ Օշին իշխան կու գայ Ս. Դանիէլ եւ հոն հիւանդանալով կը մեռնի եւ կը թաղուի իր հօրը գերեզմանին կից:
Այս պատմութենէն զատ ինծի անծանօթ յիշատակարանի մը համաձայն, որ պ. Ճիվան Աշըգեան իբր թէ Աւետարանի մը լուսանցքին վրայ գտած է «վանքն հիմնեալ ի Ս. Թեդէոս Առաքելոյն յանուն Ս. Կուսին Մարիամու Տիրամօր եւ ապա նորոգմամբ Օշին արքայի Սեբաստիոյ կոչելով յանուն եղբօր իւրոյ ճգնաւորի Ս. Դանիէլ»:
Ինչպէս կը տեսնուի, անգամ մը՝ Դանիէլ կ’ըլլայ եղբայր Սենեքերիմ Արծրունիի եւ Օշին անոր որդին, եւ անգամ մը Օշին՝ թագաւոր Սեբաստիոյ եւ Դանիէլ անոր որդին, որով կը տեսնուի խառնակութիւն մը, անշուշտ այն պատճառով որ բոլոր ասոնք ուշ ժամանակներու մէջ գիրի առնուած զրոյցներ էին, եւ պատմական հիմք չունէին, վասնզի ժամանակակից պատմիչներ երբեք չէին յիշեր այս անձերը, որոնք եթէ պատմական դէմքեր ըլլային, վանքին հիմնարկութիւնը ապահով ԺԱ. դարու առաջին կիսուն կատարուած ըլլալը պիտի հաստատուէր:
Վտարանգին սակայն, ինչպէս տեսանք, աւելի հաւանական տեսութեամբ մը Օշինը կը համարէ Կիլիկեան իշխան մը որ աւելի կը համաձայնի պատմական տուեալներու, վասնզի Օշին անունը այդ շրջանին գործածական էր։ Vital Cuinet այս Օշինը կը համարէ Կիլիկիոյ թագաւոր (1308-1320) որ իր Դանիէլ որդւոյն հետ հոն թաղուած էր։ Իսկ Արիս Գալֆայեան վանքին հիմնադիրը կը համարէ «Ճգնաւոր Դանիէլ», որ «զաւակն էր Լամբրոնի Օշին իշխանին»: Գերեզմանին թուականն ալ կը պատշաճի այդ շրջանին:
Հնագոյն գրաւոր յիշատակարանը որ Դանիէլ-Օշինի գերեզմանի վիմագրական արձանագրութենէն յետոյ կը յիշէ իր ծագումը առասպելներու մէջ պարուրուած այս վանքը, Սիմէոն դպիր Լեհացիի ուղեգրութիւնն էր։ Ան 1617-1618-ին այցելած է այս վանքը «Ս. Դանիէլ անուն, յոյժ գեղեցիկ եւ պատուական, վիմաշէն եւ կամարակապ», որ ինչպէս կը հասկցուի իր դրածէն՝ այն ատեն ունէր «եպիսկոպոս մի եւ երկու մալազ: Այս եպիսկոպոսը, որուն յաջորդներէն մէկը 1838-ին ինքզինքն կը կոչէր «պաշտօնեայ Ս. Աստուածածնի եւ պետ առաքելոյն Պետրոսի եւ Պօղոսի աստուածաբնակ խորանացն, կ’երեւի թէ պահած էր այդ դարուն տակաւին նաեւ իր Ս. Աստուածածին վանք կոչումը, եւ իր յատուկ առաջնորդութիւնը:
Յետոյ, ինչպէս տեսնուեցաւ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն անիկա կապուած է Կեսարիոյ եւ 1798-ին դարձեալ առանձին առաջնորդութեան մը կեդրոն եղած էր, ենթակայ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ինչպէս կը հաստատուի մասնաւորապէս Կիլիկիոյ Միքայէլ կաթողիկոսին (1737-1757) 1749-ի մէկ կոնդակէն Դաւիթ անուն վարդապետի մը յանձնեալ եւ ուղղեալ առ «եկեղեցասէր բարեպաշտ հայկազունս», ուր վանքին հնութեան եւ վաւերականութեան վրայ շատ մը ներբողներ հիւսելէ յետոյ, կը յորդորէ նպաստամատոյց ըլլալ վանքին շինութեան եւ նորոգութեան եւ Կիրակոս Ա.ի (1791-1822) 1791-ի կոնդակէն եւ ձեռագիր երկու յորդորական եւ օրհնութեան գիրերէն...
Վանքին եկեղեցին Ս. Աստուածածին կը կոչուի, եւ շինուած է 1842-ին, նախապէս գոյութիւն ունեցող եկեղեցիի մը տեղը, ինչպէս կ’երեւայ արձանագրութենէն...
Այս եկեղեցին երեք տաճարեան հնաւանդ ձեւով, չորս սիւներու վրայ կառուցուած, փոքրիկ կաթողիկէ մը ունի: Ներքին պատերը գետնէն սկսեալ գրեթէ երկու մեթր բարձրութեամբ Կուտինայի յախճապակիներով զարդարուած էր...:
Վանքին մաս կը կազմէին նաեւ միաբաններու եւ ուխտաւորներու յատուկ 30-35 սենեակներ, բաւական կոկիկ հիւրանոց մը, մառան, խոհանոց եւ այլն, որոնք պատերազմէն առաջ կը ներկայացնէին նորոգութեան կարօտ վիճակ մը...:
Պատերազմէն առաջ (1914), գրեթէ անշքացած վիճակ մ’ունէր, եւ պատերազմին ատեն չունէր միասանութիւն, այլ միայն հոն կը մնային փոխանորդ վրդ. մը՝ Գէորգ վրդ. Պօյաճեան եւ քանի մը սպասաւորներ եւ մշակներ:
Իսկ հիմա Ս. Դանիէլի պատմական վանքէն ոչինչ կը մնայ, հիմնայատակ քանդուած ըլլալով: Օրհնեալ ձեռք մը, հայրենի յիշատակներու խնամոտ հոգածութեամբ, վանքին գլխաւոր պատմական յիշատակարանը, Օշինի գերեզմանաքարը, կրցած էր փոխադրել Ս. Կարապետի վանքը, որ սակայն իր կարգին գրաւուելով այսօր ոչինչ կը մնայ մեզի աւանդութիւններով օծուն այս վանքին յիշատակ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 578:
- Ճիւան Աշըգեան, «Գրպանի Տարեցոյց», 1932, էջ 185-195: