Դեղորայքային Գերզգայնութիւն

Դեղորայքային Գերզգայնութիւն (Drug Allergy), գերզգայնութիւն՝ դեղերու նկատմամբ[1] [2]:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Կարգ մը դեղատեսակներ ընդունելէ ետք, հիսթամինի արձակումը կրնայ յառաջացնել կարգ նը ախտանշաններ, ինչպիսիք են`

Գերզգայնութեան աւելի ծանր հակազդեցութիւնը կը կոչուի անաֆիլաքսիս (Anaphylaxis), որ կրնայ ներառել`

Անաֆիլաքսիսը կեանքի սպառնացող արտակարգ իրավիճակ է եւ կրնայ յանգիլ կաթուածի (Shock) ու գիտակցութեան կորուստի[3]:

Դեղորայքային գերզգայնութեան ախտանիշները կրնան սկսիլ դեղը առնելէ կարճ ժամանակ անց: Սակայն որոշ մարդոց համար յայտնուիլը ժամեր, օրեր կամ շաբաթներ կրնայ տեւել: Որոշ մարդիկ հակազդեցութիւն կ'ունենան առաջին անգամ դեղը առնելէ ետք, իսկ ուրիշներ` դեղը քանի մը անգամ առնելէ ետք: Գերզգայնութիւնը կրնայ զարգանալ որեւէ ատեն, որեւէ բանի մը նկատմամբ, նոյնիսկ` այն դեղատեսակին, որ տարիներ շարունակ անվտանգ առած կ'ըլլայ հիւանդը:

Յաճախ դեղորայքի նկատմամբ վատ հակազդեցութիւնը չի նշանակեր, որ անհատը գերզգայնութիւն ունի անոր դէմ: Կողմնակի ազդեցութիւնները սովորական են, յատկապէս երբ մարմինը կ'ընտելանայ նոր դեղամիջոցի մը: Եթէ այդ մէկը կողմնակի ազդեցութիւն է, եւ ոչ թէ` գերզգայնութիւն, աւելի հաւանական է, որ հիւանդը ունենայ`

Դեղերու Ամէնէն Տարածուած Գերզգայնութիւնները

Խմբագրել

Ոեւէ մարդ կրնայ գերզգայնութիւն ունենալ որեւէ մէկ դեղատեսակի նկատմամբ, ըլլայ այդ մէկը դեղագիրով դեղ կամ դեղեր, որոնք կարելի է առնել առանց դեղագիրի: Փենիսիլինը եւ նմանատիպ այլ հակապիոթիքները այն դեղամիջոցներն են, որոնց նկատմամբ բազմաթիւ մարդիկ գերզգայնութիւն  ունին: Սովորաբար գերզգայնութեան հակազդեցութիւն յառաջացնող դեղատեսակներէն են`

  • Սուլֆայի դեղատեսակներ (Furosemide (Lasix),
  • Պարպիթուրէյթներ, ինչպէս` Phenobarbital-ը,
  • Լուսնոտութեան (Epilepsy) դէմ դեղատեսակներ, որոնց կարգին են` Carbamazepine (Tegretol)-ը, Chlorpromazine (Largactil)-ը, Ethiosuximide-ը, Lamotrigine (Lamictal)-ը, Phenytoin (Epanutin)-ը եւ Zonisamide-ը,
  • Ցաւազերծողներ, ինչպիսիք են Aspirin-ը, Ibuprofen-ը, Naproxen-ը եւ Codeine-ը,
  • ACE արգելափակողներ (ACE inhibitors), ներառեալ Captopril-ը, Enalapril-ը, Fosinopril-ը եւ Lisinopril-ը,
  • Ներկեր, որոնք կ'օգտագործուին շողանկարներու եւ MRI-ի համար,
  • Էխինասիան (Echinacea) եւ բուսական այլ դեղատեսակներ[4]:

Բուժում

Խմբագրել

Ախտանիշները թեթեւցնելու օգտագործուած դեղատեսակներէն են հակահիսթամինները (Aerius, Claritine, Telfast), իսկ որոշ պարագաներու` Corticosteroid-ները (Prednisolone, Dexamethasone, Betamethasone), յաճախ կրնան վերահսկել ու մեղմացնել ցանը, եղնջացանը (Hives) եւ քերուըտուքը:

Հազալու եւ թոքերու գերբեռնուածութեան պարագային, բժիշկը կրնայ դեղագրել դեղեր, որոնք կը կոչուին bronchodilators` շնչուղիները լայնցնելու համար:

Անաֆիլաքսիսի ախտանիշներու պարագային համար անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ էպինեֆրինի (ատրենալինի) ներարկում, եւ շտապ բժշկական օգնութիւն, նոյնիսկ եթէ այդ ախտանիշները մեղմանան էպինեֆրին առնելէ ետք:

Երբեմն բժիշկները կ'օգտագործեն զգայազերծում (desensitization)` փենիսիլինի կամ այլ դեղամիջոցներու նկատմամբ գերզգայնութիւնը բուժելու համար: Ժամանակի ընթացքին փոքր քանակութեամբ փենիսիլինի ներարկումներ, զորս բժիշկը հետզհետէ կը բարձրացնէ դեղաչափը, մինչեւ որ դիմադրողական համակարգը կարենայ ընդունիլ դեղատեսակը: Այս ընթացակարգին կարելի է դիմել միայն այն պարագային, երբ չկան այլ դեղեր, որոնք կրնան բուժել հիւանդին վիճակը:

Կապտուկ-վնասուածք, որ ի յայտ կու գայ իբրեւ մարմնի գունաթափուած մաշկի տարածք` յառաջացած հարուածի մը պատճառով, որ պատռած ու վնասած է մաշկի տակի արեան երակները:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Դեղորայքային Գերզգայնութիւն
  2. «Դեղորայքային Գերզգայնութեան Սահմանում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-03-27-ին։ արտագրուած է՝ 2022-04-22 
  3. Դեղորայքային գերզգայնութեան ախտանիշները
  4. Դեղերու Ամէնէն Տարածուած Գերզգայնութիւնները