Դուինի Եկեղեցական Ժողով (609-610)

Դուինի եկեղեցական ժողով․ Կը գումարուի 609 կամ 610 թուականին, Մարզպանական Հայաստանի մայրաքաղաք Դուինի մէջ, ապագայ կաթողիկոս Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցու եւ իշխան Սմբատ Բագրատունիի օրով, հոգեւորական եւ աշխարհական անձանց մասնակցութեամբ։

Դուինի Կաթողիկէ Եկեղեցին

Դուինի ժողովին որոշումը Խմբագրել

Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցիի օրով Վրաց եկեղեցին կ՛ անջատուի Հայ եկեղեցիէն(614 թուական)։ Բաժանումը առիթ կու տայ բազմաթիւ գրագրութիւններու՝ Հայոց կաթողիկոսներուն եւ Վրաց Կիւրիոն կաթողիկոսին ու եպիսկոպոսներուն միջեւ։ Վրաց եկեղեցւոյ նկատմամբ վերաբերմունքը ճշդելու նպատակով, կը գումարուի Դուինի Գ. ժողովը։ Կը քննուի Վրաց կաթողիկոսի քաղկեդոնական ըլլալու խնդիրը, եւ ընդհանուր վճիռով մը բոլոր վրացիները կը համարուին քաղկեդոնականներ՝ իրենց Կիւրիոն կաթողիկոսին հետեւողներ եւ դաւանակից հայութենէն՝ բաժնուածներ։

Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցին ժողովին որոշումէն ետք «Շրջագայական թուղթ» մը գրութեամբ, կ՛ ուղղուի ժողովրդին։ Այս կոնթակը (գրութիւնը) կը յայտնէ եղելութիւնները եւ ժողովին որոշումը․ նզովանքը Կիւրիոն կաթողիկոսին, անոր համախոհներուն եւ կը պատուիրէ խզել բոլոր յարաբերութիւնները վրացիներուն հետ, անոնց եկեղեցին չերթալ։ Դուինի Գ. ժողովը եկեղեցական կանոններ չի սահմաներ, միայն կը զրկէ վրացիներուն հայոց հաղորդութենէն։ Ժողովը կ՝ որոշէ ընդունիլ Հայոց, Աղուանից, Սիւնեաց աթոռներու աստիճաններու մասին եւ սահմանած 9 դասերու կարգը։ Հայ եկեղեցւոյ գահակալը կը հռչակուի պատրիարք, Աղուանից եկեղեցւոյ՝ արքեպիսկոպոս, Սիւնեացը՝ մետրոպոլիտ։

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։