Դուինի Եկեղեցական Ժողով (554)

Դուինի եկեղեցական ժողով 29 Մարտ 554 թուականին Մարզպանական Հայաստանի մայրաքաղաք Դուին մէջ ապագայ կաթողիկոս Յովհաննէս Գաբեղենացու գլխաւորութեամբ հրաւիրուած ազգային-եկեղեցական ժողով։ Գումարուած է «հակառակ ժողովին Քաղկեդոնի»՝ Ծաղկազարդի օրը, կաթողիկոս Ներսես Բ. Բագրեւանդցիի օրով, պարսից Խոսրով (531-578) արքայի 24-րդ եւ բիւզանդական Հուստինիանոս (527-565) կայսրի 14-րդ տարին։ Մասնակցած են 18 եպիսկոպոս, մեծ թիւով նախարարներ, ինչպէս նաեւ ասորի ուղղափառներու Աբդիշո եպիսկոպոսը։ Համաձայն տիրող կարծիքի, այս ժողովէն սկսած է պաշտօնական բաժանումը հայ եւ քաղկեդոնիկ եկեղեցիներու միջեւ։

Դուինի Կաթողիկէ Եկեղեցին

Դուինի կաթողիկէ եկեղեցին

Խմբագրել

Ըստ Յովհաննէս Գ. Օձնեցի, Ասողիկ պատմիչի (10–11-րդ դարեր) եւ Մխիթար Գոշի (12–13-րդ դարեր), Դուինի Բ. Ժողովին որոշուած է Քրիստոսի Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնը նշել միասին՝6 Յունուար (ինչպէս տոնած են հայերը առաքեալներէն սկսած), դաւանել Քրիստոսի մեջ մէկ Աստվածամարդկային բնութիւն եւ «Սուրբ Աստուած» երգը «խաչեցարով» երգել, ինչպէս նաեւ սկիզբ դրուած է Հայոց նոր թուականին։ Ժողովը ընդունուած է «Ուխտ միաբանութեան Հայոց աշխարհիս» գրութիւնը, որտեղ յիշուած են միայն 3 տիեզերաժողովները, նզովուած են նեստորականութիւնը, պաւլիանիտները (3-րդ դար, աղանդապէտ, Սամոսատի եպիսկոպոս Պողոս Սամոստացու ուսմունքի հետեւորդները)եւ մծղնեութիւնը։ Ժողովին ընդունուած են նաեւ 37 կանոններ, որոնք «Կանոնագիրք Հայոց»-ի մէջ յայտնի են «Կանոնք Ներսէս կաթողիկոսի եւ Ներշապոհ Մամիկոնէէն եպիսկոպոսի» անունով։ Կանոնները ոչ մի յիշատակութիւն չեն պարունակեր դաւանական, ծիսական կարեւոր որոշումներու մասին, այլ կը վերաբերին միայն եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու կարգ ու կանոնին։ Կանոնները չեն սահմանուած մարմնական պատիժներ եւ դրամական տոյժեր, այլ՝ միայն նզովքի, լուծման եւ ապաշխարութեան եկեղեցական պատիժներ։

  1. Ա եւ Բ կանոնները ծխական քահանաներուն արգիլած են հաւատացեալներու բերած Պատարագի հացը, գինին եւ զանազան ընծայաբերութիւնները տուն տանիլ, փոխանակ եկեղեցի ուղարկելու։
  2. Գ կանոնը քահանաներուն արգիլուած է իրենց հասոյթները վաշխով գործածելը կամ իրենց կենցաղ. պետքերէն զատ զուարճութիւններու վրայ ծախսելը։
  3. ԺԷ կանոնով սարկավագներուն արգիլուած է կատարել մկրտութեան ծեսը,
  4. ԺԶ կանոնով՝ կանանց՝ մկրտութեան ժամանակ քահանայի մօտ կանգնելը եւ սպասաւորութիւն ընելը։
  5. ԺԹ կանոնը կ՝ ըզգուշացներ, որ քահանան խոստովանութեան գաղտնիքը ուրիշին յաղորդելու ժամանակ կարգալոյծ կ՝ ըլլայ նզովքով եւ կը զրկուի քահանաեական ժառանգութիւնէն։
  6. ԻԴ կանոնը արգիլած է անչափահասներու (առանց տարիքը նշելու) ամուսնութիւնը, իսկ չափահասները պէտք է ամուսնանային միայն միմեանց տեսնելու եւ հաւնելու դէպքին։
  7. ԼԶ կանոնը արգիլած է աղանդաւորներուն օթեւան տալը։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։