Դուինի Եկեղեցական Ժողով (648)

Դուինի եկեղեցական ժողով 648 թուականին Մարզպանական Հայաստանի մայրաքաղաք Դուինի մէջ հայոց կաթողիկոս Ներսես Գ Տայեցիի եւ Հայոց իշխան Թեոդորոս Ռշտունիի օրոք ու նախաձեռնութեամբ գումարուած ժողով։ Ըստ Սեբեոսի, ժողովին մասնակցած են Հայոց բոլոր եպիսկոպոսներն ու նախարարները (անոնց անուններն ու թիւը չի նշուիր)։

Դուինի կաթողիկէ եկեղեցին

640-ական թուականներուն, Հայաստանի վրայ արաբական արշաւանքներու ժամանակ, Բիւզանդիոն ձգտած է իր կողմը գրաւել հայերուն, «դաւանական միութեան» առաջարկով պարտադրած է քաղկեդոնականութիւն։ Բիւզանդական Կոստանդիանոս III կայսրը եւ Կոստանդնուպոլիսի պատրիարքը նամակ ուղղարկած են Հայոց կաթողիկոսին եւ Թեոտորոս Ռշտունի իշխանին՝ յորդորելով ընդունիլ քաղկեդոնական դաւանանքը եւ վերջ տալ թշնամանքին։ Կաթողիկոսը եւ իշխանը Դուինի Ե ժողովը հրավիրած են նախ պատրաստելու կայսրին եւ պատրիարքին ուղարկուելիք պատասխանը, երկրորդ՝ կազմելու դաւան. ձեռնարկ փաստական պատճառաբանութեամբ, եւ երրորդ՝ իբրեւ ուղեցոյց հավատի ձեռնարկ սահմանելու հայերուն համար, որպէսզի պարզ ելլայ հայոց դաւանութիւնը եւ անոր տարբերութիւնը յունականէն։

Սեբէոսի (7-րդ դար) «Պատմութիւնէն» չերեւիր, որ ժողովին մէջ կազմած թուղթը ուղարկած են կայսրին։ Սակայն ընդարձակօրէն բերուած է դաւան. ձեռնարկը։ Անոր ընդհանուր բովանդակութիւնը հայոց դաւանութեան ամփոփումն է, ուր մասնաւորապէս շեշտուած է Քաղկեդոնի եւ Հայ եկեղեցիի վարդապետութիւններու տարբերութիւնը։ Հեղինակները հիմնավորած են Հայ եկեղեցիի դաւանութեան ուղղափառութիւնը՝ համաձայն 3 տիեզերաժողովներուն(Նիկիայի-325 թուական,Եփեսոսի-381 թուական, Քաղկեդոնի-451 թուական) որոշումներուն։ Վերջոաւորութեան, բանադրած են բոլոր հերձուածողներուն եւ քաղկեդոնականներուն։ Ժողովը բանադրած է նաեւ Յովհան Մայրավանեցիի աշակերտ Սարգիսի հերձուածը (յայտնի է Մայրագոմեցիներու աղանդ անունով), բացատրած «Սուրբ Աստուած» երգը «խաչեցարով» ըսելու դաւանական սկզբունքը։ Թուղթին մէջ կը խոսուի է նաեւ երկրորդ անգամ ամուսնացողներուն եռամեայ ապաշխարությունէն յետոյ հաղորդութիւն ընդունելու, իսկ երրորդ եւ չորրորդ անգամ ամուսնացողներուն՝ եկեղեցիի հաղորդութիւնէն զրկելու կանոններու մասին։ Ժողովի որոշումները ստորագրած են հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր ժողովականները, կնքած իրենց մատանիներով եւ հանձնած կաթողիկոսին՝ ի պահպանութիւն։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։