Եուրոզ (Եուրի Գէորգեան), 1956, Հայաստան: Ճարտարապետ, քանդակագործ, կաւագործ, գեղանկարիչ ու ջրանկարիչ:

Եուրոզ

Ընդգրկուած է ԱՄՆ-ի լաւագոյն նկարիչներու ցանկին մէջ[1]։

Արուեստագէտը Խմբագրել

Եուրոզ տասը տարեկանին կը սկսի յաճախել Երեւանի Յակոբ Կոճոյեանի կերպարուեստի հիմնարկը: Իր ուղին, իր երանգներու զգացողութիւնը, անհաշտ տարրերը իրար պսակելու իր ճարտարութիւնը, գոյներու իմացութեան իր ըմբռնումը եւ իր անսահման երեւակայութիւնը անմիջապէս աչքի կը զարնեն եւ կը յայտնաբերեն զինք իբրեւ բացառութիւն:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ ապրելու տարիներուն Եուրոզ քաղաքական զանազան հարցեր ունեցած է ազգային-ազատագրական գաղափարներ ունենալուն եւ տարածելուն համար։ Ան անմիջականօրէն բախած է մարդկային իրաւունքներու խախտման, տեսած է բազմաթիւ անարդարութիւններ, եւ անոնց դէմ պայքարելու անկարողութիւնը զինք ստիպած է հեռանալ Հայաստանէն[2]։

Միացեալ Նահանգներու մէջ Եուրոզ ապրած է տնանկի կեանքով։ Անիկա եղած է իր կեանքին ամէնէն դժուար տարիները, ուր Տեպի անունով հրեայ կին մը գտած-յայտնաբերած է զինք եւ սեփականացուցած՝ տաղանդաւոր մարդը, անոր տաղանդի ուժը զգալով առաջին իսկ պահուն։ Անոնք ամուսնացած են, եւ սկսած է Եուրոզի կեանքին երկրորդ շրջանը Տեպին իր կապերուն միջոցով օգնած է գեղանկարիչին՝ ցուցադրուելու, ճանչցուելու եւ ա՛լ աւելի յառաջ երթալու։

«Հոթ սփրինկզ»ի միջազգային ժամանակակից արուեստի թանգարանէն սկսեալ, մինչեւ Միլանոյի Պոթթիչինօ Սերա եկեղեցին, անցնելով Սան Տիէկոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Թոքիոյի, Օսաքայի, Նիւ Եորքի ցուցասրահներն ու յոգնեցնելու  աստիճանի չափ ցուցահանդէսներու երկար ցանկը, Եուրոզի ստեղծագործութիւնները, բազմակերպ ու փայլուն, կը յուզեն ոեւէ անձ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել