Եռեակ Ջիղի Ջղացաւ

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»ը ջղախտաբանական (neuropathic) հիւանդութիւն մըն է, որ կը յառաջանայ եռեակ ջիղի ախտահարումով: Անիկա կը յատկանշուի դէմքին կամ բերանախոռոչի մակերեսին վրայ նոպայական, ուժգին, հարուածային, այրուածքային, ճնշիչ եւ ելեկտրանման ցաւի գերզգացողականութեամբ: Անիկա կը կոչուի ցաւագին դիմացունց (tic douloureux)[1]:

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»ը յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Անիկա կը յայտնուի ընդհանրապէս 50 տարեկանէն ետք եւ առաւելաբար`կիներուն մօտ:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Ամէն էակ ունի երկու եռեակ ջիղեր (trigeminal nerves): Իւրաքանչիւր եռեակ ջիղ ծնունդ կ'առնէ ուղեղէն եւ գանկէն դուրս կու գայ`անցնելով ոսկրային նեղանցքէ մը: Գանկէն դուրս ելլելէ ետք եռեակ ջիղը կը ճիւղաւորուի երեք բաժիններու`

  • ակնային ջիղ (ophthalmic nerve),
  • այտոսկրային-վերի ծնօտի ջիղ (maxillary nerve),
  • ստորին ծնօտի ջիղ (mandibular nerve):

Եռեակ անուանումը եղած է համաձայն ջիղին երեք ճիւղերուն: Ուրեմն գոյութիւն ունին երկու ակնային, երկու վերի ծնօտի եւ երկու ստորին ծնօտի ջիղեր:

Եռեակ ջիղը ուղեղի 12 ջիղերէն մէկն է: Անիկա կը կոչուի ուղեղի հինգերորդ ջիղ:

Եռեակ ջիղը ունի բնախօսական (physiologic) երկու գործունէութիւն`

  • զգացողական (sensory),
  • շարժիչ (motor):

Ա.- Զգացողական գործունէութիւնը կը հիմնաւորուի ամբողջ բերանախոռոչի մակերեսին եւ դէմքին վրայ ճնշումի, ջերմութեան եւ ցաւի զգացողութիւններու ընկալումով, այսինքն՝ եռեակ ջիղը կը հաղորդէ այս զգացողութիւնները երեսի վերին, միջին եւ վարի բաժիններէն ինչպէս նաեւ բերանախոռոչէն դէպի ուղեղ:

Ակնային ջիղը զգացողութիւնները կը հաղորդէ գլխու մակերեսէն  եւ ճակատէն: Այտոսկրային-վերի ծնօտի ջիղը զգացողութիւնները կը հաղորդէ վերի շրթունքէն, ակռաներէն, լինտէն եւ քիթէն: Ստորին ծնօտի ջիղը

զգացողութիւնները կը հաղորդէ կզակէն, վարի լինտէն, ակռաներէն եւ շրթունքէն:

Բ.- Շարժիչ գործունէութիւնը կը հիմնաւորուի մասնաւորապէս ծամելու, խածնելու եւ կլլելու ութ մկաններու շարժումնային գործողութիւններով: Շարժիչ ջիղերը կը գտնուին ստորին ծնօտի բաժանմունքին մէջ:

Դէմքի արտայայտութեան հետ առնչուող մկաններու գործունէութիւնը ոչ մէկ կապ ունի եռեակ ջիղին հետ:

Եռեակ ջիղ եւ երեք բաժինները

Խմբագրել

Եռեակ ջիղի երեք բաժանմունքներէն մէկը առանձնաբար, երկուքը միասին եւ կամ երեքը միասին կրնան ախտահարուիլ: Ընդհանրապէս վերի եւ վարի ծնօտային ջիղերն են, որոնք կ'ախտահարուին առանձնաբար կամ միասին:

Տեսնուած է, որ նախ երեք ջիղերէն մէկը կ'ախտահարուի եւ տարիներ ետք մնացեալ երկու ջիղերն ալ կ'ենթարկուին նոյն ճակատագիրին:

Ջղացաւը կը պատահի այն վայրերուն մէջ, ուր ջիղին ծայրամասերը կը գտնուին, մասնաւորապէս`ականջին, աչքերուն, շրթունքներուն, քիթին, ճակատին, այտերուն, ակռաներուն, ծնօտին եւ դէմքին վրայ:

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»ի նոպայական ցաւը ընդհանրապէս միակողմանի է եւ կը տեւէ քանի մը երկվայրկեանէն մինչեւ քանի մը վայրկեան: Ան կրնայ կրկնուիլ քանի մը անգամ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Նոյնիսկ մէկ օրուան ընթացքին ան կրնայ հարիւր անգամ կրկնուիլ: Յաճախ այս հիւանդութենէն տառապող անձը շաբաթներով ցաւազերծ վիճակ կ'ունենայ: Ընդհանուր առմամբ նոպայական ցաւը ժամանակի ընթացքին մագլցում կ'արձանագրէ: Անիկա անյաղթահարելի, անհանգստացուցիչ, նեղացուցիչ եւ յամառ ցաւ մըն է: Յաճախ անոր կ'ուղեկցին հետեւեալ ախտանշանները`դէմքի կարմրութիւն, աչքերու արցունքոտութիւն եւ քիթի հոսք:

Ախտաբանական պատճառներ

Խմբագրել

Եռեակ ջիղը կ'ախտահարուի երկու ձեւով`ախտաբանական յստակ պատճառներով եւ հիւանդութիւններով ու անյայտ պատճառներով:

Ախտաբանական պատճառներն են`

ա. Եռեակ ջիղի ճնշում, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ախտաբանական երեւոյթներով՝ եռեակ ջիղի նեղանցքին նեղացում, ներուղեղային անօթային (vascular) ծաւալում, ներուղեղային ուռ եւ ներուղեղային անօթային անբնական կազմուածք: Եռեակ ջիղը կը վնասուի այս չորս ախտաբանական կացութիւններու ճնշումով: Սկզբնական շրջանին ջիղը կը գրգռուի, անոր բջիջները գերաշխատանքի կը մատնուին եւ տեղի կ'ունենայ ջղացաւը: Ժամանակի ընթացքին ջղացաւի կրկնութիւններով ջղաբջիջները կը կորսնցնեն իրենց աշխուժութիւնը:

բ. Եռեակ ջիղի ներգրաւումը (involvement) եւ ախտահարումը զանազան հիւանդութիւններով եւ անբնական կացութիւններով`

  1. Տարածուն կարծրախտ (multiple-disseminated sclerosis – M.S.) կոչուած ջղախտական հիւանդութիւն, որ կը յատկանշուի ջղային հիւսուածքներու բծաւոր կարծրացումով եւ հետեւեալ ախտանշաններով`մարմնական անհաւասարակշռութիւն, մկանային տկարութիւն եւ թուլութիւն ու զանազան ջղային ախտանշաններով:
  2. Սողնախտագօտի (herpes zoster), որ ժահրային մորթային հիւանդութիւն մըն է եւ կը հարուածէ նաեւ մարմինի որոշ ջիղերը:
  3. Շաքարախտ, որ կը յառաջացնէ ընդհանուր ջղախտաբանական տկարութիւն:
  4. Տարեցութիւն, երբ անօթային մասնակի խցումով ջիղին արեան մատակարարումը կը նուազի:
  5. Ուղեղային կաթուած:

գ.- Վերին եւ ստորին ծնօտային բաժանմունքներուն հարուած-վնաս, որ կը պատահի հետեւեալ պատճառներով՝ քիթի խոռոչներու եւ բերանի վիրաբուժական վիրահատումներ ու դէմքի արտաքին հարուած վնաս:

Ստորին ջիղին հարուած-վնասով կը յառաջանայ ջիղին անդամալուծութիւնը, որ կը յայտնուի կլլելու, ծամելու եւ խածնելու դժուարութեամբ:

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»ը ունի զանազան տեսակի գրգիռներ (stimuli) եւ յարուցիչներ (triggers): Նկատուած գրգիռներ եւ յարուցիչներ են` կերակուր ուտել, հեղուկ խմել, խօսիլ, ածիլուիլ եւ ակռաները խոզանակել: Օդի զօրաւոր հոսանք, հով եւ բարձր ձայնով խօսակցութիւն կը վատթարացնեն այս ջղացաւը: Յաճախ նուազագոյն ճնշում մը դէմքին որոշ մէկ մասին վրայ կը յարուցէ «եռեակ ջիղի ջղացաւ»ը:

Ախտաճանաչումը

Խմբագրել

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»ի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.

  1. Լսել հիւանդը եւ իմանալ անոր ջղացաւին նկարագրականը,
  2. Կատարել ուղեղի անօթային գունաւոր նկարում (angiography), ելեկտրա-ուղեղագրութիւն (EEG-electroencephalography), գանկի ու ծնօտներու պարզ նկարումներ, արեան քննութիւններ եւ ուղեղի մագնիս-արձագանգային նկարում (Magnetic Resonance Imaging-MRI) գիտնալու համար ուղեղային ուռի մը կամ տարածուն կարծրախտ հիւանդութեան գոյութիւնը[2]:

Դարմանում

Խմբագրել

«Եռեակ ջիղի ջղացաւ»ի դարմանումը կը կատարուի զանազան միջոցառումներով`

  1. Դեղադարմանում` զօրաւոր ցաւազերծող դեղեր, օրինակ` morphine եւ անոր համազօր ուրիշ ցաւաբեկ դեղեր, հակացնցումնային (anticonvulsant) եւ հակաճնշուածային (antidepressant) դեղեր, հանդարտեցուցիչներ եւ ջիղի սրսկում` ալքոլ պարունակող որոշ հեղուկներով:
  2. Վիրաբուժական միջոցառումներ` ջիղին վրայ ճնշում բանեցնող ազդակներու վերացում, ջիղի հատում (rhizotomy) եւ նեղանցքի լայնացում: Ջիղի հատումը կրնայ յառաջացնել որոշ բարդութիւններ, օրինակ` բերնի եւ դէմքի զգացողութեան կորուստ եւ թմրութիւն:
  3. Կողմնակի լրացուցիչ դարմանամիջոցներ` կենսանիւթեր, հոգեբուժական միջոցներ եւ ասեղնաբուժութիւն (acupuncture)[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել