Երակատապ
Երակատապը երակի մը ներքնաթաղանթին բորբոքումն է[1]:
Նկարագրութիւն
Խմբագրել- Երբեմն ստորին անդամներու լայներակոյթէ («varise») տառապող մէկու մը, մակերեսային երակները կ'ուռին, կը կարմրին, կը ցաւին եւ կը կարծրանան. ասոր կը միանայ նաեւ ջերմաստիճանի որոշ բարձրացում մը: Ասիկա հասարակ երակատապ մըն է եւ դարմանումն ալ հեշտ. արդարեւ՝ խոնաւ պատումները («բանսըման»), հակաբորբոքման դեղերը, եւ կարգ մը պարագաներուն ալ վիրաբուժութեամբ երակին մէջ կազմուած դոնդողին հանումը, քանի մը օրերու ընթացքին, ամէն ինչ կը կը դարձնեն բնական վիճակի:
- Խնդիրը կը բարդանայ, երբ բորբոքողները աւելի խորունկ սեւերակներն են[2]:
երեք տարբեր ազդակներ կան, որոնք սեւերակներու մէջ արեան դոնդողներու կազմութեան ծնունդ տալով, զանոնք կը խցեն եւ յառաջ կը բերեն երակատապ:
- Արեան լճացում երակներու մէջ: Երկար ատեն անկողինի մէջ մնալու եւ անշարժութեան դատապարտուած հիւանդներու մօտ յառաջ գալիք վիճակ մըն է այս: Օրինակ՝ ոտքի ոսկորներու բեկման պատճառով գաճի մէջ առնուածներ, տղաձգան կիներ (հին ատեն), սիրտի հիւանդութենէ տառապողներ, եւ այլն:
- Արեան մէջ լերդացնող ազդակի չափէն աւելի գոյութիւնը:
- Բորբոքումներ, որոնց դերը կարելի է ըսել թէ երկրորդական է:
Երակատապի տեսակներ
ԽմբագրելԿան երեք տեսակ երակատապեր.
Ծննդաբերական երակատապ
ԽմբագրելԵրեւան կրնայ գալ ծննդաբերութենէ մը եւ կամ նոյնիսկ վիժումէ մը ետք: Ծննդաբերութենէ 10-15 օր ետք տղաբերին սրունքը կը սկսի ուռիլ եւ ցաւիլ. ջերմաստիճանը կը բարձրանայ, ոտքի շարժումները կը դառնան գրեթէ անկարելի:
Վիրաբուժական երակատապ
ԽմբագրելՅառաջ կրնայ գալ ոսկորներու բեկման հետեւանքով անշարժութեան մատնուածներու մօտ. կոնքի մէջ գործողութեան ենթարկուած կիներու («ֆիպրոմ»), եւ այրերու («բրոսթաթ») մօտ, օրինակ՝ աղեթափութիւն, ստամոքսի կեղ եւ կուրաղետապ:
Բժշկական երակատապ
Երկարատեւ հիւանդութեանց ընթացքին, եւ ի մասնաւորի ժանտատենդի (թիֆոյիտի) պարագայի, դեղ ու դարման գրեթէ չունեցող, երբեմն ալ կրկնուելով սարսափելի պատուհաս մըն էր այս հիւանդութիւնը, որուն ընթացքին երակատապ մըն ալ բարդուելով՝ կը վատթարացնէր արդէն հիւծածմաշած հիւանդին կացութիւնը:
Երկար տեւող ուրիշ հիւանդութիւններէն, կարգ մը խլիրդներու, սիրտի հիւանդութիւններու ընթացքին կրնան յառաջ գալ երակատապի պարագաներ:
Երակատապի ամէնէն լուրջ եւ վտանգաւոր բարդութիւնը մարմինին կենսական գործարաններէն մէկուն մէջ յառաջ բերելիք երակախցման («ամպոլի») մը հաւանականութիւնն է:
Արդարեւ, երակի բորբոքած թաղանթին վրայ կրնան կազմուիլ արեան դոնդողներ, առաւել կամ նուազ չափի ծաւալով: Երբեմն մեծ դոնդողէ մը փրթած մասեր արեան հետ կրնան ուղղուիլ սիրտ, եւ անկէ ալ թոքերը, եւ խցել անոնց մէկ մասը: Ենթակային կացութիւնը ա՛լ կախում ունի դոնդողին ծաւալէն, եւ իր խցած մասէն:
Երբեմն ալ պզտիկ դոնդողներ են, որոնք թոքերը հասնելով ենթակային մօտ յառաջ կը բերեն անտանելի անձկութիւն մը (կողացաւ, արիւնոտ մաղասաթափութիւն եւ ջերմ):
Կարգ մը պարագաներուն, դոնդողը կը մնայ իր կազմուած կէտին վրայ իսկ, եւ յառաջ կը բերէ երակախցում մը: Բուժուելէն վերջն իսկ հիւանդին ոտքը իր բնական վիճակը գրեթէ չի ստանար. կը կազմուի մորթի կեղ մը, մկաններու հիւծման պատճառով ոտքն ալ կ'ապաձեւուի: Այս բոլոր անախորժութեանց պատճառը երկարատեւ անշարժութիւնն է:
Ի մտի պէտք է ունենալ, թէ գործողութենէ մը ետք, երկար ատեն անկողինի մէջ անշարժ մնալը կրնայ երակատապի մը դուռ բանալ: Բայց երբ նախազգուշութիւնները ձեռք առնուին, հաւանականութիւնները կ'իջնեն նուազագոյնի:
Ներկայիս, հակառակ հին օրերու ըմբռնումներուն, տղաձգան կին մը կրնայ շարժիլ իր անկողնին մէջ. երկրորդ օրը ան արդէն ոտքի վրայ է: Մաղձապարկի գործողութեան ենթարկուող մը, յաջորդ օրն իսկ, կրնայ ոտքի ելլել եւ շարժիլ:
Դարմանում
ԽմբագրելԵթէ ձեռք առնուած կանխազգուշական բոլոր միջոցառումներէն ետք, երակատապ մը յառաջ գայ, ներկայ ազդեցիկ դարմանումները կրնան կացութիւնը բարւոքել եւ կանխել հաւանական բարդութիւնները[3]:
Գոյութիւն ունի «էփարին» անունով դեղ մը, որ կը հանուի լեարդէն եւ կ'արգիլէ լերդացումը:
Կայ նաեւ «Տիքումարօլ» կոչուած դեղ մը, որ նեխած առուոյտէն («թրէֆիլ») հանուած նիւթ մըն է, որ կը տրուի բերնի ճամբով: «Տիքումարօլ»ը լերդացման գլխաւոր ազդակը եղող «փրոթրոմպին»ը եւ անոր կազմութեան մաս կազմող «K» կենսանիւթի ազդեցութիւնը կը նուազեցնէ մեծապէս:
Ընդհանրապէս այս երկու դեղերն ալ կը տրուին միասնաբար, բժշկական լուրջ հսկողութեան տակ, որովհետեւ արեան լերդացումը նուազեցնելով կարելի է արիւնահոսումներու տեղի տալ. լինտերու արիւնոտումը, մէզի մէջ արեան գոյութիւնը անմիջապէս պէտք է ուշադրութիւն գրաւեն:
Կան նաեւ գիտաշխատանոցի շատ կարեւոր քննութիւններ. օրինակ՝ «փրոթրոմպին»ի չափը արեան մէջ, եւ «էփարինի» հանդուրժողականութեան աստիճանը («test de tolerance»):
Երակատապի մը դարմանման ատեն այս երկու փորձերը անհրաժեշտ օժանդակներ են:
Անմիջական շարժում եւ հակալերդացուցիչ դեղեր երակատապի մը դարմանման գլխաւոր միջոցներն են. ասոնց կարելի է միացնել նաեւ միքրոպասպան դեղեր, եթէ վարակման որեւէ բան գոյութիւն ունի:
Երակատապը ժամանակին շատ վտանգաւոր հիւանդութիւն մըն էր, մանաւանդ երակախցման պէս լուրջ բարդութիւն մը ստեղծելով: Ներկայիս, շնորհիւ դարմանական միջոցներու յառաջացման եւ գիտաշխատանոցի քննութեանց, կարելի է մեծ մասամբ ապահովել կատարեալ եւ վերջնական բուժում մը: