Քոլերա հիւանդութիւնը հայերէնով կոչուած է ժանտախտ: Ան բարակ աղիքներու մանրէական բորբոքում մըն է[1]: Քոլերան կոչուած է նաեւ «Հնդկախտ», որովհետեւ մնայուն հիւանդութիւն մը եղած է Հնդկաստանի մէջ[2]:

Քոլերայի մանրէները.

Յարուցիչ

Խմբագրել

Ժանտախտի յարուցիչը քոլերա մանրէն է, որ կը տարածուի եւ կը փոխանցուի ոչ առողջապահական պայմաններով: Հիւանդութիւնը կը զարգանայ միլիոնաւոր մանրէներու գոյութեամբ: Քոլերան առաւելապէս կը պատահի մանուկներու, վատառողջ պայմաններու մէջ ապրողներու, ձեռքբերովի ախտամերժողութեան անբաւարարութեան համախտանիշէ (AIDS) տառապողներու, մարմնական տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներու եւ արեան «Օ» խմբաւորում ունեցողներու: Զարգացող երկիրներու մէջ այս հիւանդութեան փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ'ունենայ ապականած եւ վարակուած ջուրի միջոցով, այսինքն՝ վարակուած ջուրի սպառումով եւ վարակուած ջուրով լուացուած սննդանիւթերու սպառումով: Իսկ զարգացած երկիրներու մէջ տարածումը տեղի կ'ունենայ ծովային կենդանիներու միջոցով[3]:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Ժանտախտի ախտանշաններն են՝ փորհարութիւն, անզուսպ փսխում, անցաւ եւ մեծածաւալ փորհարութիւն-լուծ եւ ջերմ: Հեղուկային փորհարութիւնը յաճախ կը կոչուի «բրնձաջուր» (rice water): Յառաջացած ժանտախտէ տառապող ենթական, որ չէ դարմանուած, օրական կրնայ ունենալ 10-20 լիթր հեղուկային կղկղանք, որուն պատճառով կը յառաջանայ մարմնի սուր ջրանուազում (dehydration), մորթի տժգունութիւն, արեան ճնշումի նուազում, աչքերու խոր ինկած վիճակ եւ մահաքունանման վիճակ[4]:

Յառաջացում

Խմբագրել

Ժանտախտը կը յառաջանայ ախտաբանական հետեւեալ ընթացքով.

Վարակուած ջուրի եւ սննդանիւթերու սպառումով քոլերա մանրէներուն մեծամասնութիւնը ստամոքս հասնելէ ետք կ'ոչնչանայ: Իսկ ապրող մանրէները կը հասնին բարակ աղիքներ, ուր անոնք կ'արտադրեն գլանաձեւ (cylindrical) յատուկ բնասպիտ (protein) մը, որ ֆլաճելլին (flagellin) կը կոչուի: Մանրէները ֆլաճելլինի միջոցով կը շարժին աղիքներու խլնաթաղանթային հեղուկին մէջ եւ կը տեղափոխուին տեղէ տեղ: Մանրէները կ'արտադրեն նաեւ թունաւոր բնասպիտ մը, որ կը յառաջացնէ մանրէներով հարուստ կղկղանք եւ ջրանման փորհարութիւն:

Ուրեմն ժանտախտէ վարակուած անհատ մը կը դառնայ քոլերա մանրէներու շտեմարան մը: Վատառողջ պայմաններու մէջ անհատին կղկղանքը հանդիպելով հանրային ըմպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու՝ կը վարակէ զանոնք քոլերա մանրէներով, որոնք շուտով կը բազմապատկուին եւ կ'աճին:

Ժանտախտի ախտանշանները կը յայտնուին քոլերա մանրէներու թխսումէն (incubation) ետք, որ կը տեւէ 4-5 օրեր:

Ժանտախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի քննելով հիւանդին կղկղանքը, այսինքն՝ ապացուցելով քոլերա մանրէներու գոյութիւնը կղկղանքին մէջ:

Ժանտախտէ տառապող հիւանդը ընդհանրապէս կը դարմանուի տան մէջ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ եւ առատ ջուր խմելով: Յառաջացած պարագաներուն դարմանումը կը կատարուի հիւանդանոցի մէջ, ուր հիւանդին կը ներարկուի ներերակային հակամանրէական դեղեր եւ առատ հեղուկներ:

Պատուաստ

Խմբագրել

Գոյութիւն ունի ժանտախտի դէմ պատուաստ մը, որ կը կիրարկուի բերանի միջոցով: Անիկա ազդու է 60-75 տոկոսով:

Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնները այս պատուաստի գործածութիւնը կը յանձնարարեն հետեւեալ պարագաներուն՝ մանուկներու, տեղաճարակային երկիրներու մէջ ապրողներու եւ մարդկային ախտամերժողութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցող հիւանդներու:

Հիւանդներուն 50 տոկոսը կը մահանայ, երբ դարմանում տեղի չ'ունենար, իսկ դարմանումով՝ մէկ տոկոսը:

Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին տարեկան մօտաւորապէս 5 միլիոն անձեր կը վարակուին ժանտախտով:

Առողջապահական խիստ միջոցառումներու կիրարկումով կարելի է կանխարգիլել Ժանտախտը: Անիկա շուտով կրնայ համաճարակի վերածուիլ, եթէ կանխարգիլելի միջոցառումները ձախողին:

Կանխարգիլում

Խմբագրել

Ժանտախտի կանխարգիլումը կ'իրականանայ հետեւեալ միջոցառումներով.

  1. Հսկել ըմպելի ջուրի եւ սննդանիւթերու մաքրութեան,
  2. Դաստիարակել ժողովուրդը առողջապահական գիտելիքներով, օրինակ՝ յաճախ լուալ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով,
  3. Հսկել կոյուղիներու մաքրութեան,
  4. Հականեխել հիւանդին գործածած սպասները եւ անկողինը,
  5. Լուալ անոր հագուստը օճառով եւ տաք ջուրով,
  6. Հիւանդին շուրջը գտնուող անհատները լուալու են իրենց ձեռքերը հականեխիչ հեղուկներով եւ օճառով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Ազդակ» օրաթերթ, Յօդուածներ, Առողջապահական - Բժշկագիտական բաժին, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 23 Փետրուար, 2016: