Երեմիա Խասգիւղի
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Տ․ Երեմիա Քհն. Խասգիւղի (1802, Սկիւտար, Թուրքիա - 1880), հայ հոգեւորական։
Երեմիա Խասգիւղի | |
---|---|
Ծնած է | 1802 |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Թուրքիա |
Մահացած է | 1880 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Կեսագրութիւն
ԽմբագրելՎրթանէս վարժապետ՝ որդի Սկիւտարցի Աւագերեց Տ․ Պետրոս քահանային, ծնած է Սկիւտարի մէջ 1802 թուականին։ Աշակերտած է Գում Գաբուի Մայր ուսումնարանին մէջ՝ գիտնական Տ․ Մեսրոպ քահանային, որուն պաշտպանութիւնը վայելած է եւ անորմէ սորված՝ իր տոմարական ուսումը․ հմուտ էր նաեւ հայերէն, իտալերէն եւ պարսկերէն լեզուաց։
Երիտասարդ ատեն Սամաթիոյ վարժարանին մէջ եղած է ուսուցիչ, 1836–ին, երբ Ճէզայիրլեան՝ Խասգեղի Ներսէսեան վարժարանը վերաշինելով յանձնեց Հովուեան Նիկողոսի տեսչութեան, Վրթանէս վարժապետ հոն հայերէնի դասատու անուանուեցաւ։
Փեսայացած էր Տ․ Մերոպ քահանային, որուն 1808–ին տպագրուած քերականութեան Բ․ տպագրութիւնը ըրած է 1826-ին, կցելով իրեն գրած համառօտ մէկ քերականութիւնը։
Վրթանէս վարժապետ այնքան սիրելի կը դառնայ Խասգեղի մէջ, որ Ճէզայիրլի, Կէլկէլ, Տաքէսեան, Բարունակեան, Նէվրուզեան, Մոմճեան, Աղա-Պօղոս եւ ուրիշներ կը փափաքին զինքը քահանայ ընել, որով Ս․ Ստեփաննոս եկեղեցւոյն մէջ օծուելով կը կոչուի Տ․ Երեմիա Քահանայ Խասգիւղի։
Ա՛լ անկէ ետք Պատրիարքարանի մէջ միշտ պաշտօններ կ՛ունենայ, կ՛անդամակցի հոգեւոր եւ ուսումնական ժողովներուն, սահմանադրական օրէնքին պատրաստութեան ժողովին Ազգ․ Երեսփոխան եւ Կրօնական ժողովոյ անդամ կ՛ընտրուի 1860-ի Օգոստոս 25-ին ընդհանուր ժողովոյ՝ Ա․ նիստին մէջ, 1865-ին կը վերընտրուի եւ միշտ գրեթէ աթոռ կ՛ունենայ կրօնական եւ դատաստանական ժողովոյ մէջ։
1857 թուականներուն Պատրիարքարանին կողմէ Վէզիր խանի մէջ սենեակ մը կը վարձուի քահանաներու կրօնագիտութեան եւ հայերէնի դասեր սովրեցնելու համար, Տ․ երեմիա դասախօս կը դառնայ այդ քահանացուներուն։ Այդ սենեակին ծախսը թաղականներէն կ՛առնուէր եւ պակսածն ալ Պատրիարքարանը կը վճարէր։
1863-ին ազգ․ վարչութիւնը տեսնելով, որ օրացոյցներու մէջ տարբերութիւններ կան կը խնդրէ կայս․ կառավարութենէն որ օրացոյցի հեղինակութեան եւ տպագրութեան համար յատուկ արտօնագիր տրուի, ու անկէ ասդին գրեթէ մինչեւ իր մահը ինք կը պատրաստէ։
1866-ին Երուսաղէմ գնաց՝ Եսայի պատրիարքի օրով և վերադարձին Չիլինկիրեան Յարութիւն պատուելին Ս․ Պատրիարքի հրամանաւ Պոլիս եկաւ իրմէ ուսանելու համար օրացոյցի պատրաստութեան եղանակը, 1867-ին Երուսաղէմը Ս․ Յակոբեանց վանքը սկսաւ հրատարակել ամէն տարի օրացոյց։
1875-էն ասդին նորէն օրացոյցի պատրաստութեան կը ձեռնարկէ եւ կը հրատարակէ Զարդարեան տպարանէն, իր վերջին պատրաստած օրացոյցը, 1881-ի Ազգ․ Հիւանդանոցի օրացոյցը, որ չտպագրուած կը մահուան 1880 Ապրիլ 19-ին եւ կը թաղուի Խասգեղի գերեզմանատունը։
Տ․ Երեմիա մեծ յարգ եւ համարում կը վայելէր ազգին մէջ եւ երեւելիներ երբ Խասգիւղ երթային իրեն պիտի այցելէին անպատճառ, Մատթէոս Կաթողիկոս օրհնութեան կոնդակով մը թաւշեայ փիլոն եւ խաչ ուղարկած էր։
Իր զաւակն էր Պետրոս Տ․ Երեմեան, որ Բ․ Դրան թարգմանիչն էր, ապա Թիճարէթի անդամ, հուգուզ ռէիսի եւ հուսկ ապա Ատանայի ընդհանուր դատախազի փոխանորդ, որ քանի մը տարիներ թուրքերէն օրացոյցներ հրատարակած էր։
Ահաւասիկ ցանկը իր հեղինակած օրացոյցներուն
Խմբագրել- 1860էն սկսեալ Միւհէնտիսեան եւ Քիւրքճեան տպարաններէն
- 1861-1862 Ազգ․ Հիւանդանոցի տպարան
- 1863էն սկսեալ Տէրոյէնց տպարան
- 1873էն սկսեալ Գ․ Զարդարեան տպարան
- 1867էն սկսեալ Արամեան տարեցոյց
- 1870-1871-ի ժամանակամիջոցին օրացոյցներու պատրաստութենէն կը հրաժարի որոշմամբ ազգ․ վարչութեան, այս միջոցին սխալացոյց մը հրատարակած է։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Ատենագրութիւնք
- Մասիս 1880 եւ իր ընտանեկան պարագաներէն