Զարեհ Խրախունի

հայ բանաստեղծ

Զարեհ Խրախունի (Արթօ Ճիւմպիւշեան ) (16 Հոկտեմբեր 1926 - 27 Նոյեմբեր 2015[1]), հայ բանաստեղծ։

Զարեհ Խրախունի
Ծննդեան անուն Արթօ Ճիւմպիւշեան
Ծնած է 16 Հոկտեմբեր 1926(1926-10-16)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 27 Նոյեմբեր 2015(2015-11-27) (89 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Պոլսոյ Համալսարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, ուսուցիչ, թերթի խմբագրիչ
Աշխատավայր Էսայեան Վարժարան
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Կը յաճախէ Գափամաճեան վարժարանը, ապա Բ. դասարանէն սկսեալ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, զոր կ'աւարտէ 1945-ին, պատուոյ յիշատակութեամբ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոլսոյ համալսարանէն, նախ հետեւելով իրաւագիտութեան, եւ ապա՝ գրականութեան ֆաքիւլթէի Փիլիսոփայական գիտութիւններու բաժինին, զոր կ'աւարտէ 1951-ին։ Ապա հետեւած է գրականութեան եւ արուեստի պատմութեան դասընթացքներու, Փարիզ։

Գրական վաստակ

Խմբագրել

Սկսած է հրատարակել պատերազմէն անմիջապէս ետք։ Նոյն օրերերուն, մասնակցած է Պոլսոյ գրական շարժման՝ նոր ոճ բերելով անոր։ Հանդիսացած է իր սերունդի բանաստեղծներու ձգտումներուն գլխաւոր արտայայտիչը՝ բանաստեղծութեան նոր ըմբռնումի մը կիրարկումով։ Ունեցած է նաեւ գործնական դեր եւ խմբագրական պատասխանատու մասնակցութիւն, Մխիթարեան Սանուց Միութեան «Սան» պարբերաթերթի հրատարակութեան եւ «Մարմարա» օրաթերթի գրական բաժինին ստորագրած է յօդուածներ, գրական թէ՛ մտածողական բնոյթի։ Կատարած է թարգմանութիւններ։ Ունեցած է ուսուցչական երկարամեայ գործունէութիւն։ Բանաստեղծութեան իր պատկերացման փայլուն դրսեւորումներն ու իր բանաստեղծական ժողովածուները հրատարակուած են 1960–ականներու սկիզբներէն։

Զարեհ Խրախունի հասած է որոշ բարձունքի մը, իր ինքնատիպ թէքնիքով, բիւրեղացած լեզուով եւ իմացական արժանիքներով:

Իր կատարած լուրջ եւ բեղուն գրական գործունէութեամբ եւ բանաստեղծելու արտակարգ կարողութեամբ արժանի է ինքնուրոյն տեղ մը գրաւելու արդի գրականութեան պատմութեան մէջ:

Երկերու մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  • Տօնակարգ, Իսթանպուլ, 1973, 104 էջ:
  • Զբօսապտոյտ, Իսթանպուլ, 1978:
  • Ես եւ ուրիշներ, Երեւան, 1982, 209 էջ:
  • Դիւցազնահանդէս, Իսթանպուլ, 1984, 208 էջ:
  • Ուղիներ, Իսթանպուլ, 1987, 136 էջ:
  • Ստուեր եւ արձագանգ, Մոնրէալ, 1988, 104 էջ:
  • Նշմարներ միւս երեսէն (յօդուած, խմբ. ուսումնասիրութիւններ, ծանօթութիւններ, գրախօսութիւններ, թարգմանութիւններ, ակնարկ), Իսթանպուլ, 1991, 392 էջ:
  • Ազատերգութիւն, Երեւան, 1993, 212 էջ:
  • Ազատերգութիւն, Լոս Անճելըս, 1993, 174 էջ:
  • Քար Հայաստանի, Էջմիածին, 1997, 116 էջ:
  • Շերտի վրայ ճարտարախաղ, Իսթանպուլ, 1998, 112 էջ:
  • Դարապատում (դիւցազներգութիւն), Երեւան, 2001, 90 էջ:
  • Մեսրոպատօն, Իսթանպուլ, 2005, 148 էջ:
  • Հարցարան, Իսթանպուլ, 2007, 160 էջ:
  • Տօնազանգ, Երեւան, 2007, 300 էջ:
  • Տօնականչ, Երեւան, 2010, 312 էջ:
  • Կաթիլներ, կաթիլներ, Իսթանպուլ, 2013, 156 էջ:

Ստացած մրցանակներ

Խմբագրել
  • 1989 թուականին արժանացած է Վազգեն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կոնդակին եւ Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ շքանշանին
  • Համազգայինի «Անահիտ» գրական մրցանակ։
  • ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի մրցանակ։
  • Ֆրանսահայ գրողներու «էլիզ Գաւուքճեան-Այվազեան» գրական մրցանակ։
  • «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակ։
  • ՀՀ-ի Մովսէս Խորենացի պետական պատուոյ նշան։
  • Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Ա. կարգի շքանշան։

Գրականութիւն[2]

Խմբագրել
  • Վազգեն Գաբրիէլեան, Հայ նորագոյն գրականութիւն (Սփիւռքահայ գրականութիւն), Երեւան, 2008, էջ 409-423։
  • Հայկական համառօտ հանրագիտարան, հատ. 2, Երեւան, 1995, էջ 537։
  • Ով ով է (Հայեր։ Կենսագրական հանրագիտարան), հատ. 1, Երեւան, 2005։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 246:
  • Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ, Կարօ Աբրահամեան, Ա. հատոր, Անթիլիաս 2004, էջ 166-167:
  • Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն, էջ 500:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել