Էնիօ Մորիքոնէ (10 Նոյեմբեր 1928(1928-11-10)[1][2][3][…], Հռոմ, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[4] - 6 Յուլիս 2020(2020-07-06)[5][6][7][…], Հռոմ, Իտալիա[8]), իտալացի յօրինող, շեփորահար եւ նուագախումբի ղեկավար։

Էնիօ Մորիքոնէ
իտալ.՝ Ennio Morricone
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Dan Savio եւ Leo Nichols
Ծնած է 10 Նոյեմբեր 1928(1928-11-10)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Հռոմ, Իտալիոյ Թագաւորութիւն[4]
Մահացած է 6 Յուլիս 2020(2020-07-06)[5][6][7][…] (91 տարեկանին)
Մահուան վայր Հռոմ, Իտալիա[8]
Քաղաքացիութիւն  Իտալիա
Ուսումնավայր Սանթա Չեչիլիայի Ազգային Կաճառ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Il buono, il brutto, il cattivo? եւ Ժամանակին Արեւմուտքին մէջ
Տեսակ ժապաւէնի երգակցութիւն
Մասնագիտութիւն խմբավար, դաշնակահար, ժապաւէններու երաժշտութիւններու հեղինակ, երաժշտական գործիքավորող, երգահան, փողհար, երաժշտական պրոդյուսեր, երաժիշտ
Աշխատավայր Սանթա Չեչիլիայի Ազգային Կաճառ
Անդամութիւն էնիօ Մորիքոնէ նուագախումբ
Ամուսին Մարիա Թրաւիա
Ծնողներ հայր՝ Մարիօ Մորիքոնէ
Երեխաներ Andrea Morricone? եւ Giovanni Morricone?
Կայքէջ enniomorricone.org(անգլերէն)(իտալ.)
Ստորագրութիւն

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Մորիքոնէ ծնած է Հռոմ, երաժիշտներու ընտանիքի մէջ: Ունեցած է չորս քոյրեր: Անոր հայրը արհեստավարժ շեփորահարեղած է, մայրը՝ հիւսուածեղէնի փոքր գործ մը հիմնած է[9]:

Ստեղծագործական կեանք

Խմբագրել

Իբրեւ ստեղծագործող, սկիզբը հանդէս եկած է գիշերային ակումբներու եւ պանդոկներու մէջ, աւելի ուշ սկսած է աշխատիլ թատրոնի մէջ:

1950-ական թուականներուն սկսած է ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ընկերութեան համար յայտնի երգեր վերադաշնաւորել:

1966-ական թուականներէն սկսեալ արդէն սկսած է շարժապատկերներու համար երաժշտութիւն յօրինել:

Մորիքոնէ առաւել մեծ հռչակ ձեռք բերած է Սերճիօ Լէոնի հետ «Ուեսթըրն» շարժանկարներու վրայ աշխատելով, իսկ աւելի ուշ` Հեռնարտօ Պերթոլուչիի, Փիեռ Փաոլօ Փազոլինիի, Տարիօ Արճենթոյի հետ համագործակցութեան շնորհիւ:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Մորիքոնէ երաժշտութիւն գրած է իտալական եւ արտասահմանեան բազմաթիւ շարժանկարներու համար` համագործակցելով Ռոման Փոլանսքիի, Օլիվըր Սթոնի, Պրայըն տէ Փալմայի, Քուինթըն Թարանթինոյի եւ այլ բեմադրիչներու հետ:

Ան երաժշտութիւն գրած է «Տը Միշըն»-ի, «Տի Անթաչըպըլզ»-ի, «Տը կուտ, տը պետ էնտ տի ակլի»-ի եւ «Է ֆիսթֆուլ աֆ Տալըրզ»-ի նման հռչակաւոր շարժանկարներու համար:

Մրցանակներ

Խմբագրել

Մորիքոնէ արժանացած է․

  • երկու անգամ «Օսքար» մրցանակի,
  • 9 անգամ դարձած է իտալական «Տաւիտ տի Տոնաթելօ» շարժանկարի փառատօնի դափնեկիր,
  • երեք անգամ արժանացած է «Ոսկէ Կլոպ»-ի,
  • վեց անգամ` «ՊԱՖԹԱ» մրցանակներու:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել