Էտուարտ Մանուկեան

Էտուարտ Մանուկեան (ծնած՝ 7 Յունուար 1957, Աղեքսանտրիա (Եգիպտոս)), եգիպտահայ գործարար եւ ազգային գործիչ: Եղած է Աղեքսանտրիոյ Ազգային ժողովի փոխյարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ գանձապահ: Նաեւ եղած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) պատասխանատու: Էտուարտ Մանուկեան մասնագիտութեամբ բժիշկ է եւ Երեւանի մէջ առաջին եգիպտական գործարար ընկերութեան հիմնադիրը: Եգիպտոսի «Արտաքին Գործերու բաժնի» ներկայացուցիչ եւ «Եգիպտոսի հայ գործարար խորհուրդի» նախագահ:

Էտուարտ Մանուկեան
Ծնած է 7 Յունուար 1957
Ծննդավայր Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն  Եգիպտոս Եգիպտոս
Ազգութիւն եգիպտահայ
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն Եղած է Աղեքսանտրիոյ Ազգային ժողովի փոխյարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ գանձապահ
Մասնագիտութիւն Բժիշկ՝ Յօդացաւերու մասնագէտ «rheumatologist»
Աշխատավայր Եգիպտոսի «Արտաքին Գործերու բաժնի» ներկայացուցիչ եւ «Եգիպտոսի հայ գործարար խորհուրդի» նախագահ:
Ամուսին Նայիրի Վրէժ Սերթլեան
Երեխաներ Դուստր՝ Քրիսթին Մանուկեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

էտուարտ Մանուկեան մասնագիտութեամբ բժիշկ` rheumatologist է, միաժամանակ արդէն շուրջ 33 տարի է` կ’աշխատի նաեւ դեղագործական ոլորտին մէջ, կը զբաղի դեղագործական արտադրութեամբ, արտահանմամբ[1]: Տարիներ շարունակ աշխատած է եգիպտական դեղագործական շարք մը ընկերութիւններու մէջ, որոնցմէ քանի մը հատը կը ներկայացնէ մինչեւ հիմա թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ այս տարածաշրջանին մէջ գրեթէ 14 տարի:

Յունուար 2004Նոյեմբեր 2016 վարած է Աղեքսանտրիոյ, Եգիպտոս՝ «PHARCO» Դեղագործական եւ Դեղագիտական ընկերութեան՝ արեւտուրի աճման տնօրէնի պաշտօնը:

Յունուար 2010-էն ի վեր, Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան Անկախ պետութիւններու համագործակցութիւն (ԱՊՀ) երկիրներու՝ արտածեալ եւ ներմուծուած ապրանքներու Գահիրէի «PRIMEXPORT» խորհրդատու գործակալութեան սեփանակատէրն է:

Ազգային գործունէութիւն

Խմբագրել

1988 - 2016 տարիներուն Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան՝ Աղեքսանտրիոյ Ազգային ժողովի գանձապահն է, միեւնոյն ժամանակ` փոխյարաբերութեան ատենապետը` համայնքի եւ կառավարութեան միջեւ, գրեթէ 33 տարի:

Հայ-եգիպտական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման գործունէութիւն

Խմբագրել

Եգիպտոսի կառավարութիւնը յանձնարարած է Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեանին առեւտրական հարցերով ներկայացնել Եգիպտոսը, եւ ան իբրեւ առեւտրական կցորդ կը գործէ Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ, նկատի ունենալով, որ այդ երկու երկիրներուն մէջ Եգիպտոսի դեսպանութեան նստավայրը Երեւանն է:

Տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, արդէն առաջին գործարար կազմակերպութիւնը արձանագրեցինք, որ դեղագործական ընկերութիւն է՝ Marckyrl Armeni[2]: Կարելի է ըսել, որ ան առաջին եգիպտական ընկերութիւնն է, որ Հայաստանի մէջ ներկայութիւն ունի:

  Առաջինը՝ Եգիպտոսէն Հայաստան դեղեր պիտի ներկրէ, երկրորդը՝ արտադրութիւն պիտի հիմնէ հայաստանեան ընկերութիւններուն հետ: Ընկերութեան գործունէութեան երրորդ ուղղութիւնն այն պիտի ըլլայ, որ Hepatit C-ի՝ լեարդաբոբի բուժման դեղերը բերենք եւ կրնամ ըսել, որ այդ հիւանդութեան դէմ բուժման եւ հիւանդներուն դեղերու տրամադրման ծրագիրը Հայաստանի մէջ կրցանք հաստատել իբրեւ ազգային նախագիծ: Մեր գործունէութեան չորրորդ ուղղութիւնը Հայաստանի հետ համատեղ արտադրանք ստեղծելն է, եւ համատեղ այդ արտադրանքով Եւորասիական տնտեսական շուկայ մտնել: Ինչպէս գիտէք՝ Եւրոասիական շուկան բաւական լայն շուկայ մըն է, եւ Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի օգտագործենք այդ շուկային մէջ գործելու համար: Մեր ընկերութեան հինգերորդ նպատակն է, որ եգիպտական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործընկեր մը գնէ եւ ոտքի հանէ՝ զարգացնելով զայն, գործածելով տեղական ներուժը, հայ մասնագէտները:[3]
- Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան
 


  Ինչպէս գիտէք՝ Եւրոասիական շուկան բաւական լայն շուկայ մըն է, եւ Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի օգտագործենք այդ շուկային մէջ գործելու համար: Մեր ընկերութեան հինգերորդ նպատակն է, որ եգիպտական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործընկեր մը գնէ եւ ոտքի հանէ՝ զարգացնելով զայն, գործածելով տեղական ներուժը, հայ մասնագէտները:[3]
- Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան
 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Շատ Դիւրին Է Հայաստանը Փոքրիկ Զուիցերիա Դարձնել. Էտուարտ Մանուկեան
  2. «Եգիպտահայութեան միակ խնդիրը թիւի խնդիրն է. Եդուարդ Մանուկեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-12-14 
  3. 3,0 3,1 ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ

Աղբիւրներ

Խմբագրել