Ընդծովեայ թանգարան (Այա Նափա)

Ընդծովեայ թանգարան` (Այա Նափա) Կիպրոսի ջուրերուն մէջ, ուր կարելի է տեսնել տեսակաւոր ծառեր եւ բոյսեր, ինչպէս նաեւ աչխփուկ խաղացող պզտիկներու արձաններ: Այս ցուցահանդէսին նպատակն է ուսումնասիրել բնութեան եւ մարդու միջեւ յարաբերութիւնը:

Աւելի քան 200 մեթր խորութեան, Կիպրոսի Այա Նափա ծովափի ջուրերուն մէջ, զետեղուած են 93 արուեստի գործեր՝ Անգլիացի Ճէյսըն Տըքէրզ Թէյլըրի կազմակերպութեամբ:

Արձանները շինուած են բնութիւնը չապականող պեթոնէ: Ժամանակի ընթացքին անոնք կը դառնան ապաստանարաններ ջրախոտերուն, խեցիներուն, բուստերուն եւ ձուկերուն: Արուեստագէտին համար այս մօտեցումը գլխաւոր միտքբանին է` իր գործը օգտակար ըլլայ կենդանի էակներուն:

Մինչեւ 13 թոն կշռող այս 93 արձաններով ցուցահանդէսին իրագործումին համար պէտք եղած է 1.1 միլիոն տոլար: Թէյլըր այս ցուցահանդէսին վրայ աշխատած է 2-3 տարի:

Իր գործերուն ընդմէջէն ան միշտ ուզած է ուշադրութիւն հրաւիրել ովկիանոսներու պահպանման հարցին շուրջ` շեշտելով կլիմայի փոփոխութեան ազդեցութիւնը անոնց վրայ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել