«Ընկեր Փանջունի», Ե. Օտեանի գլուխ գործոց վէպը, հայ երգիծական գրականութեան անմահ գործերէն մին, որ կրնար դասուիլ համաշխարհային գրականութեան իր նման կարգ մը գործերուն կարգին։[աղբիւրի կարիք ունի]

Գիրքին Մասին

Խմբագրել

«Ընկեր Փանջունի» եռահատոր շարքը հաճելի եւ դիւրըմբռնելի կերպով ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէ «հայ ընկերվարական յեղափոխական»-ի մը կերպարը: Ան կը խօսի այնպիսի մարդոց մասին, որոնք բաւական հեռու են գաղափարական եւ բարոյական սրբութիւններէն: Օտեան իր երգիծական բացառիկ ոճով կը ծաղրէ եւ լուսարձակի տակ կ'առնէ այնպիսի մարդիկ, որոնք երեւութապէս տիպար «յեղափոխական»ներ, «հայրենասէր»ներ եւ «ազգային հերոս»ներ են, սակայն գործնականօրէն անոնք կը մտրակահարեն բոլոր իտէալական եւ սկզբունքային գաղափարները: Ան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ դրամատէր պարագլուխներուն եւ իրենց «ես»-ով առաջնորդուող բարերարներու, ինչպէս նաեւ` հասարակ ժողովուրդի մակարդակին, կուրօրէն հետեւող եւ նորաձեւութեան գերին դարձած նմուշներու: Այլ խօսքով, «Ընկեր Փանջունի»ն հայ գրականութեան մէջ քաղաքական երգիծանքի գլուխ գործոցներէն մէկը կը դառնայ[1]:

«Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար»ը տպուած է 1909-ին, «Ընկեր Փանջունի Վասպուրականի մէջ»՝ 1914-ին, «Ընկեր Փանջունի տարագրութեան մէջ»՝ 1923-ին։

Սկիզբէն ի վեր այս վէպին շուրջ եղած են սխալ մեկնաբանութիւններ, յատկապէս հերոսին ինքնութեան հարցով։ Իւրաքանչիւր ազգային կուսակցութիւն Փանջունիին տիպարին մէջ ուզած է տեսնել ո՛չ ինքզինք, այլ հակառակ կողմը։ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ զայն նկատած են համայնավար, մինչ համայնավարները կա՛մ ընդհանրապէս մերժած են գիրքը կա՛մ Փանջունին նկատած են դաշնակցական։ Օտեան վէպը համարած է իր յաջող գործերէն մէկը եւ չէ ժխտած, որ տիպարը առնուած է հայ կեանքէն, սակայն ինչպէս սխալ կարծած են, որոշակի անձ նկատի չէ առնուած,

  ...որովհետեւ իրական դէմք մը չէ Փանջունին, այլ տեսակ մը ընդհանուր տիպար է, խտացումը յեղափոխական տիպերուն
- Ե. Օտեան
 

Օտեան անկուսակցական էր ու երբ քննադատած է որեւէ կուսակցութիւն, ապա ո՛չ կողմնակալութեամբ, այլ միայն ժողովուրդի շահերէն ելլելով։ Իսկ փանջունիներ կային օրուան մեր բոլոր կուսակցութիւններուն մէջ ալ։ Եթէ «Ծապլվարի» մէջ Փանջունի կը գործէ որպէս դաշնակցական, ապա «Տարագրութեան» մէջ արդէն համայնավար է։ Իրականութեան մէջ ան ո՛չ հաւատաւոր դաշնակցական է, ո՛չ հնչակեան եւ ո՛չ ալ համայնավար։ Եւ քանի որ անոնք բոլորն ալ կը դաւանէին ընկերվարութիւնը, հերոսը աստիճանական «զարգացումով» կ'անցնի բոլորի մէջէն, ըստ իր շահին։ Հետեւաբար, ան ո՛չ թէ ազնիւ ու նուիրեալ կուսակցական մըն է, որոնց հանդէպ հեղինակը մեծ յարգանք ունէր, այլ անսկզբունք, պատեհապաշտ ու միայն սեփական շահի հետամուտ անհատ, ինչպէս «Յեղափոխութեան մակաբոյծներ»ու տիպարները։

Բովանդակութիւն

Խմբագրել

«Ընկեր Փանջունի» վէպի յաջորդական երեք մասերուն մէջ, Օտեան կը պատկերէ ԺԹ. դարավերջի ու Ի. դարասկիզբի հայոց պատմութեան բախտորոշ ժամանակաշրջանը։ Իրադարձութիւններ, որոնք հայութիւնը մերթ խանդավառելէ, մերթ յուսախաբ ընելէ ետք, ի վերջոյ կը յանգին ահաւոր ողբերգութեան՝ ազգին մեծ մասինբնաջնջումին ու պատմական հայրենիքի կորուստին։ Օտեան մռայլ անցեալին ու ողբերգական ներկային կը նայի ծիծաղով ու հեգնանքով, հազիւ զսպելով արցունքը, դարձնելով գործը երգիծականի ու ողբերգականի համաձուլուածք։

Համաշխարհային գրականութեան մէջ, Փանջունին ունի իր կրկնօրինակը կամ նմանակները, ինչպէս՝ սպանացի Տոն Քիշոթը, անգլիացի Փիքուիքը, ֆրանսացի Տարտարէնը, սակայն մէկ կարեւոր տարբերութեամբ. միւսները, ընդհանրապէս սիրելի խենթեր, իրենց սխալ կամ ծիծաղելի արարքներով ուրիշներու վնաս չեն պատճառեր ու անոնց գործունէութիւնը կը վերջանայ ընդհանրապէս զուարճալի կամ երջանիկ աւարտով, մինչ ընկ. Փանջունիի գործունէութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Ան միայն աղէտքներ կը պատճառէ իր տգիտութեան, մեծխօսիկութեան, միջավայրին իւրայատկութիւնները չճանչնալու, երբեք սխալներէն չխրատուելու եւ քանդիչ նկարագրով։ Հոս Օտեան ծաղրած է հայ ընկերվարականներու, աւելի ստոյգ, ընկերվարութեան անունով հանդէս եկող, բայց իրենց դաւանած գաղափարէն անտեղակ ու շահամոլ հացկատակները։

Նոյն ձեւով ան կը գործէ Վասպուրականի եւ տարագրութեան մէջ, իբրեւ արտասահմանի գործիչ, որ կրակոտ ճառերով հայրենիքի ազատութեան համար կռուելու ոգին կ'արթնցնէ երիտասարդութեան մէջ, սակայն ինք երբեք իր անձը վտանգի չ'ենթարկեր։

Երրորդ մասը՝ «Ընկ. Փանջունին տարագրութեան մէջ», նախորդներուն պէս նամակագրութեան ձեւով չէ, այլ պատմողական։ Հեղինակը կը ներկայացնէ Փանջունին ջարդէն հրաշքով փրկուած ու Յունաստանի գաղթաւանին մէջ։ Փանջունին ա՛լ «ազգը փրկելու» գործին վրայ չէ, այլ միայն ինքզինք փրկելու, առանց ուրիշներուն մասին խորհելու։ Գաղթաւանին մէջ ան նպաստ տուողներուն դէմ բողոքի ցոյցի կը հանէ իրեն պէս քանի մը յիմարներ։ Կը ծրագրէ դրամը առնել ու Կիպրոս փախչիլ, սակայն, քանի որ իր ընկերներն ալ իր խմորէն են, իւրաքանչիւրը իրեն վստահուած դրամը կ'առնէ ու կ'անհետանայ, Փանջունին լքելով։ Տարագրութեան թոհ ու բոհին մէջ զինք շրջան մը կորսնցնելէ ետք, իրեն կը հանդիպինք Հալէպի մէջ, ուր առաւել անվտանգ պայմաններու մէջ կը սկսի իր «փրոփականտի գործը», ինչ-որ կեդրոնէ նպաստաւորուելով։ Ի վերջոյ կ՚անցնի Կովկաս, ուր համայնավար բուռն քարոզչութեան կը լծուի[2]։

Փանջունիին տիպարը

Խմբագրել

Տիպարը սկիզբէն ի վեր հանդէս կու գայ պատրաստի։ Տղաբերին մայրը մեռած է, այսինքն՝ աղէտը սկսած է իր ծնունդով։ Կը սնանի այծի կաթով, որմէ ալ, ըստ հեղինակին, անոր ունայնամտութիւնն ու թեթեւամտութիւնը։ Մանկութենէն սկսեալ ան կը քանդէ, կ'աւրէ, միշտ շինել կարծելով, համոզելու իբրեւ զէնք իր բռունցքները կը գործածէ, կը խօսի անզուսպ ու առանց կենալու, այնպէս, որ կը պատրաստուի ապագայ «գործիչը»։

Երբ եղբօրմէն առած իր բաժինը կը մսխէ Եւրոպայի մէջ, արդէն իբրեւ ուսումնական կու գայ ու կը սկսի իր դասակարգային պայքարը, առաջին անգամ «աղտոտ պուրժուա» եղբօր դէմ։ Փանջունի զուրկ է տեղի, ժամանակի ու անյարմարութեան զգացողութենէն։ Եւրոպայի ընկերվարներու մղած դասակարգային պայքարը կ'ուզէ տեղայնացնել խեղճուկ հայ գիւղի մը՝ Ծապլվարի մէջ, ուր գրեթէ բոլորը իրարու պէս աղքատ կ'ապրէին։ Քանի որ չկան դասակարգեր ու իր ներկայութիւնը հոն աւելորդ է, ուրեմն պէտք է ստեղծել դասակարգեր ու անոնք իրարու դէմ հանել։ Իր շուրջը կը հաւաքէ քանի մը խեւ, խուլ, տգէտ ու ծոյլ մարդեր ու անոնց միջոցով պայքար կը սկսի տեղական «պուրժուաներուն» դէմ, յանուն համաշխարհային յեղափոխութեան։ Բայց քանի որ հայերը ամէն կերպով կ'ուզեն հարցը խաղաղութեամբ լուծել, ան դրացի գիւղի քիւրտերը, որոնք ըստ իրեն «յեղափոխական խմոր» ունին, կը գրգռէ հայ գիւղին դէմ ու պատճառ կը դառնայ գիւղին կործանումին, բնակչութեան ջարդին։ Ընկերվարականին համար ազգութիւն գոյութիւն չունի, այնպէս որ Փանջունին ազգային մտահոգութիւն ալ չունի։ {{քաղուածք|96-ի ջարդերու կազմակերպիչ թուրք խուժանավար Աղենց Հասանին առաջարկեցի, որ ... աննշան ջարդ մը կազմակերպէր, սարսափ ազդելու համար հայ ջոջերուն...|} իր նամակին մէջ կը գրէ կեդրոն։ Կարեւորը՝ հոնկէ ստանալիք իր դրամն է, զոր կ'առաջարկէ ու կը յիշեցնէ իւրաքանչիւր նամակի աւարտին.«Մի քիչ փող ղրկեցէ՛ք փութով»։

Փանջունին անսկզբունք անձերէն է, որ ունակ է կերպարանափոխուելու պայմաններու համեմատ, միշտ իր շահին հետամուտ։ Աքսորի մէջ իսլամութիւնը կ'ընդունի, այլեւս ոչ մէկ կուսակցութեան կը յարի ու միայն իր անձը փրկելը կը նկատէ հայրենասիրական գործ։

Հալէպի մէջ իր լաւագոյն տեղը կը գտնէ, կրկին պայքար կը քարոզէ անյայտ է որոնց դէմ, «մութ» ծառայութիւններու դիմաց կը վճարուի ու երջանիկ է, մանաւանդ որ հոն «սքանչելի» կերակուրներ կան ու մանաւանդ՝ համեղ «պաքլաւան»։

Փանջունին համոզիչ յեղափոխական դարձնելու համար հեղինակը անոր ձախաւեր գործերուն հետ նաեւ յեղափոխական մթնոլորտին յատուկ ոճ, դարձուածքներ ու բառեր «կը դնէ անոր բերանը», որոնց բուն իմաստին ալ անհասու է։

Փանջունին անմահ տիպար է, քանի որ փանջունիներ միշտ եղած են, կան ու պիտի ըլլան, իբրեւ անհատներ ու իբրեւ գործունէութիւն, այսինքն՝ փանջունիութիւն[3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել