Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Թէքէեան մշակութային Միութիւն (ԹՄՄ), մշակութային-կրթական կազմակերպութիւն է։ Հիմնուած է 1947 թուականին, Պէյրութ։ Կոչուած է արեւմտահայ յայտնի բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի անունով։ Հիմնադիրներն են՝ Հրաչեայ Սեդրակեանը, Բարունակ Թովմասեանը, Գերսամ Ահարոնեանը, Համբարձում Պերպերեանը, Յովսէփ Եոզկաթլեանը, Հայկաշէն Ուզունեանը, Յակոբ Դաւիթեանը։
Գործած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հովանու տակ։ Նպատակն է՝ «պահպանել հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը», ստեղծել դպրոցներ եւ «ուսուցանել հայ լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը, կրօնը, արուեստներն ու գիտութիւնը», ինչպէս նաեւ «պատրաստել ազգային գործիչներ եւ օժանդակել ուսանողներուն, որոնք կը նուիրուին հայագիտութեան»։
Կազմակերպութիւնը
ԽմբագրելԿազմակերպութիւնը, որուն անդամագրուած են հայ գրողներ, երգահաններ, մշակութային գործիչներ եւ բազմաթիւ արուեստասէրներ, սկսած է նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել հայկական դպրոցներուն, ուսուցիչներուն, ուսանողներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն, ստեղծել պատանեկան, երիտասարդական, արիական-սկաուտական խումբեր, հրապարակել գրական-գեղարուեստական եւ գիտական գործեր։
ԹՄՄ-ն կը պահէ երկու հայկական դպրոց (Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարան) եւ (Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան... ցաւօք՝ փակուած), իսկ Հայաստանի մէջ կը գործէ Վահան Թէքէեանի անունը կրող չորս դպրոց (Երեւանի թիւ 92 հիմնական դպրոց, Գիւմրիի թիւ 2 աւագ դպրոց, Ստեփանաւանի թիւ 6 միջնակարգ դպրոց, Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղի միջնակարգ դպրոց), իսկ Արցախի՝ Բերձորի Վահան Թէքէեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը։
Միութեան կազմակերպած գրական-գեղարուեստական լայնածիր միջոցառումներու շարքին մէջ յիշատակելի են Վարդանանց պատերազմի 1500-ամեակի տօնակատարութիւնները, Երեւանի հիմնադրման 2750-ամեակի հանդիսութիւնները, Գրիգոր Նարեկացու 1000-ամեակին նուիրուած փառատօնը, Մեսրոպեան եւ Կոմիտասեան փառատօները, Մեծ Եղեռնի 70-ամեայ տարելիցին նուիրուած գեղարուեստական մրցոյթները։
ԹՄՄ-ն մասնաճիւղեր ունի Պէյրութի մէջ (Լիբանան), Հալէպի եւ Դամասկոսի (Սուրիա, որ կը գործէ «Թէքէեան-Մաարրի» մշակութային միութիւն անունով), Ամմանի (Յորդանան), Սիտնէյի (Աւստրալիա), Լոնտոնի (Անգլիա), Պուէնոս Այրեսի (Արժանթին), Մոնթրէալի, Թորոնթոյի (Գանատա) եւ ԱՄՆ-ի շարք մը քաղաքներուն մէջ։ Մասնաճիւղերը ունին իրենց տեղական վարչութիւնները (12 քաղաքներուն՝ սեփական շէնքեր ու կեդրոններ)։
ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ գործող մասնաճիւղերը ունին իրենց ընդհանուր ղեկավար մարմինը, որ կը կոչուի Կեդրոնական վարչութիւն (նստավայրը՝ Պոսթոն)։ Պէյրութի, Լիբանանի վարչութէնէն զատ, կը գործէ ԹՄՄ վերին ղեկավարութիւնը ( Հիմնադիրներու Մարմին)ը։
Կեդրոնական մասնաճիւղերու վարչութիւնները կը գործեն կրթական, գրական, արուեստի, թատերական, հրատարակչական, մարզական, կանանց յանձնախումբեր, նաեւ ակումբներ։ ԹՄՄ-ին միացած են (պահպանելով իրենց անունները) նաեւ Գահիրէի «Հայ գեղարուեստասիրաց», «Կոկանեան սրահ», Աղեքսանդրիոյ «Տիգրան Երկաթ», Աթէնքի «Արարատ» միութիւնները, Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը։ 26 Սեպտեմբեր 1937-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէ «Թէքէեան Մշակութային Միութիւն» Archived 2017-07-29 at the Wayback Machine. օրաթերթը: 1956-էն ԹՄՄ-ը հրատարակած է «Շիրակ» (Լիբանան) գրական-գեղարուեստական ամսագիրը, 1975-էն՝ «Սարդարապատ» (Արժանթին) եւ «Ապագայ» (Գանատա) շաբաթաթերթերը։ Ունի «Թէքէեանի Ձայն» ռադիոժամերը եւ հեռուստաժամեր (Մոնթրէալ, Թորոնաթօ, Մոնտեվիտէօ )։
ԹՄՄ-ը պարբերաբար կը կազմակերպէ հայրենի արուեստագէտներու եւ ստեղծագործական խումբերու բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, ելոյթներ ու մշակութային փառատօներ սփիւռքահայ համայնքներու մէջ։ 1996-ին հիմնուած են միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական, «Վարդգէս եւ Ռիթա Պալեան» մամուլի մրցանակները։
1990 նոյեմբեր 3-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի համագումարը։