Թահա Հուսէյն
Թահա Հուսէյն Ալի Պին-Սալամահ (արաբերէն՝ طه حسين, 14 Նոյեմբեր 1889[1][2][3][…], Էլ Մինյա, Եգիպտոս[4] - 28 Հոկտեմբեր 1973[5][1][2][…], Գահիրէ, Եգիպտոս[5]) քսաներորդ դարու Եգիպտացի գրողներուն ու մտաւորականութեան ամենաազդու դէմքերէն մին, Եգիպտական Վերածնունդի եւ արաբական աշխարհի արդիականացման շարժումի գլխաւոր անձնաւորութիւններէն մէկը։ Անոր տրուած է «Արաբական գրականութեան նախերէց» տիտղողը, (Արաբերէն՝ عميد الأدب العربي, "Ամիտ" արաբերէնով կը նշանակէ աւագ, ղեկավար, տէր, նաեւ կաճառի ուսուցչապետ եւ ռազմական բառապաշարով՝ աւագ գնդապետ)։
Թահա Հուսէյն արաբերէն՝ طه حسين | |
---|---|
| |
Ծնած է | 14 Նոյեմբեր 1889[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Էլ Մինյա, Եգիպտոս[4] |
Մահացած է | 28 Հոկտեմբեր 1973[5][1][2][…] (83 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Գահիրէ, Եգիպտոս[5] |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Եգիպտական սուլթանութիւն Եգիպտոսի թագավորություն Եգիպտոսի Հանրապետություն Արաբական Միացեալ Հանրապետութիւն Եգիպտոս |
Կրօնք | Իսլամութիւն |
Ուսումնավայր |
Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք Մոնպելիեի համալսարան? Գահիրէի Համալսարան Ալ-Ազհար Համալսարան |
Կոչում | փրոֆեսոր |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | The Future of Culture in Egypt? եւ Նախա-Իսլամական Բանաստեղծութեան Մասին |
Մասնագիտութիւն | լեզուաբան, պատմաբան, թարգմանիչ, գրագէտ, գրաքննադատ, համալսարանի դասախօս, քաղաքական գործիչ, գրականագէտ, վիպասան, գրականության պատմաբան |
Աշխատավայր | Գահիրէի Համալսարան |
Վարած պաշտօններ | Minister of Education of Egypt? եւ president of the Academy of the Arabic Language in Cairo? |
Անդամութիւն | Կահիրեի արաբերեն լեզվի ակադեմիա? |
Ամուսին | Սյուզան Թահա Հուսեյն? |
Երեխաներ | Moe͏̈nis Taha-Hussein? |
Ան եղած է 20-րդ դարու ամենաազդեցիկ Եգիպտացի գրողներէն ու մտաւորականներէն մէկը, Եգիպտական վերածաղկման ու Արաբական աշխարհի արդիականացման շարժումի գործիչ: Ան քսանմէկ անգամ եղած է գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնունդ եւ երիտասարդութիւն
ԽմբագրելԹահա Հուսէյնը ծնած է Վերին-Եգիպտոսի (Արաբերէն՝ صعيد مصر, Սաիտ) «Մինիա» մարզի «Իզպէթ Ալ-Քիլօ» գիւղին մէջ։ Ան միջին դասակարգին պատկանող ծնողքին տասներեք զաւակներուն եօթերորդն էր։ Երկու տարեկանին կը վարակուի ակնաբորբով, եւ անվարժ բժիշկին սխալ դարմանումին պատճառով կը կորսնցնէ տեսողութիւնը։ Քութթապը (կրօնական դպրոց ուր շէյխը, այլ արտայայտութեամբ մոլլան փոքրերուն կը սորվեցնէ գրել, կարդալ, Արաբերէնի քերականութիւնը, Քուրաանը անգիր եւ թուաբանութեան հիմունքները): Իր հմտութիւնը, եւ շատ կարճ ժամանակի մէջ սորվելու ունակութիւնը կը զմայլեցնեն իր դասատուին, ազգականներուն եւ հօրը որ երբեմն իրեն կը տանէր սուֆիական Զիքր-ի (Զիքր, Արաբերէն՝ ذِكْر կը նշանակէ յիշատակել՝ զԱստուած) երեկոներու եւ «Անթարա Իպն Ուլ-Շատտատ»-ի եւ «Ապու Զէյտ Ուլ-Հիլալի»-ին պատմութիւնները ունկնդրելու։
Ուսում
ԽմբագրելԹահա Հուսէյնը հետեւած է Ալ-Ազհար կրօնական հաստատութեան ուսումնական համակարգին, եւ հասած համալսարանական մակարդակի, սակայն դժգոհ էր այդտեղի մթնոլորտէն. ըստ իրեն չորս տարին զոր այդտեղ կ'անցընէ քառասուն տարուան նման կ'անցնին` ուսուման միապաղաղութեան, ծրագրին անպտղութեան ու դասատուներուն եւ դասաւանդման ձեւերուն չզարգանալուն եւ շէյխերուն/մոլլաներուն տեղքայլին պատճառով։
1908-ին Գահիրէի աշխարհիկ համալսարանին բացումէն ետք, Թ․ Հուսէյնը կ'ընդունուի այդտեղ հակառակ իր աղքատ ու աչազուրկ ըլլալուն, այդտեղ կը սորվի ժամանակակից գիտութիւններ, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ կարգ մը արեւելեան լեզուներ` Ամհարերէնը (Եթովպերէն), Եբրայերէնն ու Սրեաներէն (Քրիստոնէական Արամերէն): Միաժամանակ ան կը շարունակէ յաճախել Ալ-Ազհարիի դասախօսութիւններուն, ու կը շարունակէ մասնակցիլ այդտեղի կրօնական, լեզուական ու Իսլամական (Մահմետական) խորհրդաժողովներուն։ Այսպէս կը շարունակէ մինչեւ 1914, երբ ան կը ստանայ իր վարդապետութեան (PHD, տոքթոր) տիտղոսը, իր քննախօսութիւնը ներկայացնելէ ետք «Ապու Ալաա Ալ-Մաարի տարակուսող (Սքէփթիք) բանաստեղծն ու փիլիսոփան» նիւթով։ Իր ատենախօսութիւնը մեծ տաղտուկ կը ստեղծէ կրօնամոլներուն մէջ, մինչեւ Եգիպտոսի խորհրդարանի անդամներէն մին անոր կ'ամբաստանէ անհաւատութեամբ ու կրօնքի սկզբունքներէն դուրս գալու մեղադրանքով, եւ Ալ-Ազհարի գլխաւոր շէյխը քննիչ յանձնաժողովին կը հրահանգէ Թահա Հուսէյնին ոչ մէկ դէպքի չշնորհել վարդապետութեան (PHD) աստիճանը, այս մէկը անոր կը խրախուսէ իր ուսման մէջ ոչ միայն յաջողելու այլ նուաճումներ արձանագրելու։
Նոյն տարին (1914-ին) կը մեկնի Մոնփելիէ, ու կը յաճախէ այդտեղի համալսարանը, կը մասնակցի գրականութեան, պատմութեան, հոգեբանութեան, Ֆրանսերէնի ու Լատիներէնի դասախօսութիւններուն։ Այդտեղ կը սորվի «Ձեւական գրութիւն» բայց չի կարենար լիովին օգտուիլ ատկէ, ինչպէս կ'ըսուի "Ան գիտելիքը կ'ընդունէր իր ականջերով եւ ոչ մատներով"։
1915-ին ան ետ կը կանչուի Եգիպտոս, ուր կը բախի աւանդական ուսման ջատագովներուն հետ, ան կ'ուզէր արեւմուտքի համալսարաններու գիտութիւնը դասաւանդուէր, իսկ միւս կողմը կ'ուզէր պահել Ալ-Ազհարին իր հին ծրագրերով, մինչեւ որ կը զրկուի իր կրթաթոշակէն, բայց այդ ժամանակուան Եգիպտոսի ղեկավար Սուլթան Հուսէյն Քամէլը (Խըտէուիներու ընտանիքէն) կը չեղարկէ այդ որոշումը եւ ետ կ'ուղուի Ֆրանսա։
Մոնփէլիէի համալսարանէն Մագիսթրաթուրայի (Մասթըր) աստիճանը ձեռքբերելէ ետք, Հուսէյնը կը շարունակէ իր ուսումը Սորպոնի համալսարանին մէջ, կը մասնակցի ընկերաբանութեան, Յունաստանի եւ Հռոմի պատմութեան, արդի պատմութեան դասախօսութիւններուն։ 1917-ին համալսարանը անոր կը շնորհէ վարդապետութեան (տոքթոր) աստիճան, այս անգամ անոր ատենախօսութիւնը Արաբ պատմաբան Իպն-Խալտունի մասին էր՝ «Ընկերային Փիլիսոփայութիւնը Իպն-Խալտունի քով», որ կը դիտարկուի որպէս արդի ընկերաբանութեան հիմնադիրը։ Բացի իր միւս համալսարանական վկայականէն (Տիփլօմա) որ միաժամանակ ձեռք կը բերէ «Հռոմէական Օրէնսդրութիւն» մէջ մասնագիտանալով։
(1985-1989) Զուիցերիացի Սիւզան Պղէսոյին կ'ընդունի գործի որպէսզի կարդայ իրեն համար, ետքը կ'ամուսնանայ անոր հետ։ Այս կինը մեծ դեր կ'ունենայ իր կեանքին մէջ, անոր շնոհրիւ կը կարենայ օգտուիլ բազում Ֆրանսերէն ու Լատիներէն գրական աղբիւրներէ, իրեն կը հայթայթէ Պրէյլի եղանակով գրուած գիրքեր որպէսզի կարենայ ինքն իրեն կարդալ: Սիւզանը Հաֆէզին յառաջ մղող ոյժն էր անոր շատ կը սիրէր, անոր մասին ըսած է՝ «Այն օրուընէ որ անոր հետ ծանօթացայ, սիրտս ցաւ չտեսաւ», իրմէ երկու զաւակ կ'ունենայ, որդին՝ «Մունէս»-ը եւ դուստրը՝ «Ամինա»-ն։
Իր Ուսուցիչները
ԽմբագրելԹահա Հուսէյնի առաջին ուսուցիչը եղած է «Շէյխ Մուհամմատ Ճատտ Ուլ-Րապ»-ը որ անոր սորվեցուցած է գրել, կարդալ, թուաբանութիւն, Քուրաան կարդալ (Մահմետականութեան Սբ․ Գիրքը)։
Ալ-Ազհարի իր ոսուցիչներն ու դասատու շէյխ/մոլլա-ները՝ Սայյէտ Ալ-Մարսաֆի, Շէյխ Մուհամմատ Մարաղի, Շէյխ Մուհամմատ Պխիթ, Շէյխ Աթա, եւ բարեկարգիչ Շէյխ Մուհամմատ Ապտօն։ Ուսման այս օրերուն ան մեծապէս ազդուած է վերջինիս ազատամիտ, ու նորարական մտքերով։
Գահիրէի համալսարանին մէջ Թ․Հուսէյնը կ'աշակերտէ Ահմատ Զաքիին՝ Իսլամական Քաղաքակրթութիւն նիւթով, Ահմատ Քամալ Փաշա՝ Վաղ Եգիպտական Քաղաքակրթութիւն, Ճուէյտի՝ պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, Իտալացի արեւելագէտ Քառլօ Ալֆօնսօ Նալլինօ՝ Աստղաբանութիւն, արեւելագէտ Լիթմանն՝ հին-Քանանական (Սեմական) լեզուներ, Իտալացի արեւելագէտ Դաւիթ Սանթիլլանա՝ Իսլամական իմաստասիրութիւն (փիլիսոփայութիւն), Մէլօնի՝ Հին արեւելեան քաղաքակրթութեան պատմութիւն, Լուի Մասինիոն՝ Փիլիսոփայութիւն, Քլիմանթ՝ Ֆրանսական գրականութիւն։
Իսկ Փարիզի համալսարանին մէջ․ Կլօթսս՝ Յունաց պատմութիւն, Պլօք՝ Հռոմի պատմութիւն, Սիկնոփոս՝ Արդի պատմութիւն, Էմիլ Տուրքայմ՝ Ընկերաբանութիւն։
Վերադարձը Եգիպտոս
ԽմբագրելԵրբ 1919-ին Թահա Հուսէյնը կը վերադառնայ Եգիպտոս, կը նշանակուի Յունաստանի եւ Հռոմի պատմութեան դասախօս Եգիպտոսի համալսարանին մէջ։ Այդ ժամանակ ժողովրդային համալսարան մըն էր, երբ կը կցորդուի կառավարութեան, Գիտութիւններու նախարարութիւնը անոր կը նշանակէ Արաբական գրականութեան դասախօս, ապա 1928ին նոյն համալսարանին գեղարուեղստական գիտութիւններու բաժանմունքի տեկան։ Այս պաշտօնէն մէկ օր ետք կը հրաժարի քաղաքական պատճառներով, երբ Ալ-Ուաֆտ կուսակցութեան հետեւորդները գրական ու բարոյական ճնշում կը բանեցնեն Ազատ-Սահմանադրականներուն վրայ, որոնցմէ մէկն էր Թ․ Հուսէյնը։
1930-ին Թահա Հուսէյնը կը վերադարձուի տեկանի պաշտօնին, բայց Հուսէյնը կը մերժէ այս պաշտօնը քանի որ պատուոյ վարդապետութեան տիտղոսներ (PHD) շնորհուած էին մեծամեծ քաղաքական գործիչներու, որոնցմէ են Ապտ Ուլ-Ազիզ Ֆահմի, Թաուֆիք Րաֆաաթ, Ալի Մահէր Փաշա։ Գիտութեան նախարարը անոր կը նշանակէ նախարարութեան մէջ պաշտօնի մը, ինչը եւս կը մերժէ Հուսէյնը, ստիպուած անոր հանգստեան կը կոչէ 1932 թուականին։
1932-էն մինչեւ 1934 լրագրողութեան ոլորտին մէջ աշխատելէն ետք Հուսէյնը կը վերադառնայ Եգիպտոսի Համալսարան որպէս գրականութեան դասախօս, ապա 1936-ին Գեղարուեստական գիտութիւններու բաժանմունքի տեկան։ Իսկ 1942-ին կը նշանակուի Աղեքսանդրիոյ համալսարանի պետ, եւ գիտութեանց նախարարութեան խորհրդատու եւ մշակոյթի հսկիչ։
1950-ին երբ իշխանութիւնը Ալ-Ուաֆտ Կուսակցութեան ձեռքն էր ան կը նշանակուի գիտութեանց նախարար, 1951-ին երբ ամէն ջանք ըրաւ Աղեքսանդրիոյ համալսարանին մէջ հոգալու, եւ ղեկավարեց Գահիրէի Արաբերէն լեզուի ատեանը, եւ անդամակցեցաւ Արուեստներու եւ գրականութեան բարձրագոյն խորհուրդին, անոր կը շնորհուի Փաշաութեան տիտղոսը։
Մտքերը
ԽմբագրելԹահա Հուսէյնը կոչ ըրաւ գրական վերածաղկումի, ան կը գրէր ընթերնելի, յստակ ու պարզ ոճով, միշտ պահպանելով գրական արաբերէնի բառապաշարն ու քերականական օրէնքները։ Ան բնաւ ականջ չկախեց քննադատութիւններուն, որոնք բազում էին, տեղի ու անտեղի, գիտնականներուն եւ շատ անգամ տգէտներու կողմէ։
Իր ամենահակասական գիրքին՝ «Նախաիսլամական Բանաստեղծութեան մասին» նախաբանին մէջ կ'ըսէ՝
«Իմ միտքս հանգիստ է, գիտեմ թէ նոյնիսկ եթէ այս աշխատութիւնս շատերուն պիտի բարկացնէ, անոր պիտի համաձայնին շատ քիչ մարդիկ, այս լուսամիտ փոքրամասնութիւնը իրականութեան մէջ ապագային յոյսն է, եւ արդի վերածաղկումին սիւնը, եւ նոր գրականութեան պաշարը»։
Քննադատութիւն
ԽմբագրելԹահա Հուսէյնին կը քննադատէին իր Եւրոպականացումի կոչէն ետք։ Ինչպէս նաեւ անոր կը քննադատեն Քուրաանը եւ Թորահը (Մովսէսի հինգ գիրքերը) պատմական աղբիւր չընդունելուն համար։ Ան այս արումով կ'ըսէ՝
Թորահին կ'իյնայ մեզի պատմել Աբրահամին եւ Իսմաiլին մասին, Քուրանին ալ կ'իյնայ մեզի պատմել անոնց մասին։ Բայց ասի չի նշանակեր որ անոնք իսկապէս գոյութիւն ուէին։
Պաշտօններ ու Պարգեւատրումներ
Խմբագրել2010-ի Նոյեմբերի 14-ին Կուկըլը տօնեց Թ․ Հուսէյնի 121-րդ տարեդարձը այսպէս կոչուած «Կուկըլ Տուտըլ»-ով (Google Doodle-ը Կուկըլ-ի գլխաւոր էջերուն տարբերանշանի յատուկ եւ ժամանակաւոր փոփոխութիւնն է, զոր կը գործածուի ոգեկոչելու կարգ մը տօներ, իրադարձութիւններ, ձեռքբերումներ եւ նշանաւոր պատմական դէմքերը)։
Իր խօսքերէն
Խմբագրել«Քալենք եւրոպացիներու ճանապարհով, որպէսզի անոնց հաւասար ըլլանք, եւ քաղաքակրթութեան մէջ բաժնեկից ըլլանք, իր բարիքով ու չարիքով, քաղցրութեամբ ու դառնութեամբ, իր սիրելի ու ատելի կողմերով, իր գովելի ու ամօթալի կողմերով»։
«Վայ այն աշակերտին որ ինքն իրմէ գոհ կ'ըլլայ»։
Մահ
ԽմբագրելԹահա Հուսէյնը մահացած է 84 տարեկանին, Կիրակի 28 Հոկտեմբեր 1973-ին
«Ապպաս Մահմուտ Ալ-Աքքատը անոր մասին կ'ըսէ՝ յանդուգն մտքով մարդ մըն է Հուսէյնը, կարծես ծնած է ճակատելու եւ դիմադրելու»։
«Այսպիսով ան կարողացաւ մշակոյթային շարժումը իր նեղ օղակէն փոխադրել դէպի շատ աւելի լայն շրջանակ մը»։
Գործեր
ԽմբագրելՄտաւոր Գրականութիւն՝
- «Կենսագրութեան Լուսանցքին» (մարքարէ Մուհամմատի), 1933
- «Երկու երէցները» (Ալ-Շէյխան՝ Ումար Իպն Ալ-Խաթթապի ու Ապու Պաքր Ալ-Սիտտիքի մասին),1960
- «Մեծագոյն Տագնապը՝ Ուսման», 1947
- «Մեծագոյն Տագնապը՝ Ալին եւ իր որդիները», 1953
- «Մշակոյթի ապագան Եգիպտոսի մէջ»
- «Իսլամի (Մահմետականութեան) հայելին», 1959
- «Իպն-Խալտունի ընկերային Փիլիսոփայութիւնը», 1925
- «Մուսթաֆա Ապտ Ալ-Րազէքի ժառանգութենէն»
- «Երեկոյեան զրոյցը»։
- «Մաղեր»։
Քննադատական գրականութիւն՝
- «Նախաիսլամական (Արաբերէն՝ Ճահիլի) Բանաստեղծութեան մասին» (Ապա փոխուեցաւ՝ «Նախաիսլամական գրականութեան մասին»), 1926
- «Գրական կեանքը Արաբական թերակղզիին մէջ», 1943
- «Գրական ու քննադատական դրուագներ», 1945
- «Չորեքշաբթուան զրոյցը», 1925
- «Հաֆէզ եւ Շօուքի» (Իպրահիմ Հաֆէզ, Ահմատ Շօուքի), 1933
- «Ապուլ Ալաաի ձայնը», 1945
- «Ապուլ Ալաաի հետ բանտէն ներս»
- «Ապուլ-Ալաա Մաարեցիի յուշի նորոգումը» (Ապու Լալա Մաարի), 1915
- «Ալ-Մութանապպիի հետ»
- «Չափածոյի եւ արձակի խօսքերէն»
- «Մեր ժամանակակից գրականութենէն», 1958
- «Գոյներ»
- «Գժտութիւն եւ քննադատութիւն»
- «Ամառուան Սայթաքումէն», 1959
- «Ամառուան Սայթաքումէն դէպի ձմեռուան լրջութիւնը», 1961
- «Միւս ծովեզրէն» (Ֆրանսերէն), 1980
- «Մեր ժամանակակից գրականութիւնը, լաւ ու վատ կողմերով»
- «Ընտրուած էջեր Յունական ներկայացուցչական (թատերական) բանաստեղծութիւններէն», 1924
- «Մտաւոր կեանքն ու շարժումը Անգլիոյ մէջ»
- «Մտքի առաջնորդները», 1925
Գեղարուեստական գրականութիւն՝
- «Աշխարհիս մէջ տառապողները» (Կարճ պատմուածքներ ու հակաճառութիւններ, 1955-ին արաբերէնով, 1993-ին անգլերէնի թարգմանուած Մունա Ալ-Զայյաթին կողմէն ու հրատարակուած Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի կողմէն)։
- «Օրերը» (վէպեր, երեք հատոր), 1926-1967
- «Շահրազատի Երազները», 1943
- «Գրագէտը»,1935
- «Գարնան արշաւը», 1950
- «Կեանքի օրերը» (Անձնական նամակագրութիւն Թ․ Հուսէյնի եւ Թաուֆիք Հաքիմի միջեւ), 1948
- «Արօրիկին Աղօթքը», 1934 (Արօրիկ թռչունը, Արաբերէն՝ الكروان)
- «Թշուառութեան Ծառը», 1943
- «Կորած Սէրը», 1951
- «Ճշմարիտ Խոստումը», 1950
- «Ամրանը», 1933
- «Ոչ լաւ ոչ վատ» կամ «Միջին դիրքի վրայ»
- «Զրոյցներ», 1959
- «Անասունին դրախտը», 1950
- «Գետէն անդին»
- «Ամուսնացած զոյգերուն դպրոցը»
- «ժամանակակից խիղճին հայելին»
- «Փուշի դրախտը», 1944
- «Վայրկեաններ»
- «Քննադատութիւն եւ բարեփոխում», 1956
- «Դիմադրութիւն եւ բարեփոպում», 1955
- «Հեռուէն», 1935
- «Թատերախաղեր ամենանշանաւոր Ֆրանսացի գրողներու մը խումբէն», 1924
- «Փարիզի ձայնը» (թարգմանուած պատմութիւններ), 1943
- «Այդտեղէն» (թարգմանուած պատմութիւններ), 1952
- «Էտիփուս եւ Թիսէաս» (Յունաց առասպելներու հերոսներէն)
- «Լրագրողի հայելիին մէջ»
- «Թահա Հուսէյնի յուշագրութիւնները»
Թարգմանութիւններ՝
- «Ժիւլ Սայմոնի Պարտականութիւնը», 1920 – 1921
- «Աթենացիներու Համակարգը»
- «Մանկավարժութեան ոգին» 1921
- «Թատերական Հեքիաթներ» 1924
- «Անտրոմաք» (Ժան Րասին), 1935
- «Յունական թատերական գրականութենէն» (Սոֆոքլէս), 1939
- «Զատիկ» կամ «Ճակատագիր», Վոլթէր 1947
- «Անտրէ Կիտ» (Յունարէնէն)
- «Առասպելներու արքաներ»
- «Սոֆոքլէսի Էտիփուսը»
Ալ-Այյամ (Օրերը) Վէպը
Արաբերէն գրական կեանքին մէջ մեծ արձագանք գտաւ Թ․ Հուսէյնի «Օրեր» (արաբերէն՝ الأيام) վէպի հրատարակումը (առաջին հատորը 1929, երկրորդը՝ 1939)։ Գիրքը բաղկացած է երեք հատորներէ՝
- Առաջին հատորին մէջ Թահա Հուսէյնը կը պատմէ իր մանկութեան եւ կրած տառապանքներուն մասին։ Այստեղ ան կը պատմէ Եգիպտոսի գիւղերուն մէջ տարածուած տգիտութեան եւ այն ժամանակուան լաւ ու վատ սովորութիւններուն մասին։
- Երկրորդ հատորին մէջ ան կը խօսի իր կեանքի այն հանգրուանին մասին, զոր կը սկսի Ալ-Ազհար հաստատութեան համալսարանը ընդունուելով, ապա կը պատմէ Ալ-Ազհարի ուսումնական ծրագրերուն եւ անոր կրօնականներուն (շէխեր, մոլլաներ) դէմ իր շարունակական ապստամբութեան ու անոնց հանդէպ իր մշտական քննադատութեան մասին, մինչեւ Ազգային (Գահիրէի) համալսարան ընդունուիլը:
- Երրորդ հատորին մէջ ան կը պատմէ Ազգային (Արաբերէն՝ الأهليّة, Ալ-Ահլիիա, այժմու Գահիրէի համալսարանը) համալսարանին մէջ ուսանելուն, այնուհետեւ Ֆրանսա մեկնելուն, համալսարանական վկայականի, վարդապետութեան (PHD, տոքթորութեան աստիճան) յետ-ընթացաւարտ (փոսթ-կրաճիուէյթ) վկայագիր ստանալուն, վերջը Եգիպտոս վերադարձի եւ համալսարանի դասախօս դառնալուն մասին:
Այս ինքնակենսագրականը բնութագրող ստեղծագործութեան մէջ ան կը պատմէ հասարակ ու աղքատ ընտանիքի մը կոյր զաւակին ճակատագիրին մասին, որ հակառակ տեսողութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն ան յամառօրէն կ'ուսանի նախ իր հարազատ քաղաքին մէջ, ապա Գահիրէի մէջ։ Հերոսին կեանքը, անոր լաւատեսութիւնը, կարծես կը մարմնաւորyն իրենց մէջ իր հայրենիք՝ Եգիպտոսի ճակատագիրը, ատոր համար ալ լույս տեսնելու առաջին օրերէն վէպը մեծ հեղինակութիւն վայելեց։
Կոյր տղուն ուսանելու կը ղրկեն գիւղին շէյխին քով։ Ան կը կարծէ որ ասիկա իր երազածէն ալ լաւ է, սակայն, աստիճանաբար տղան կը տեսնէ Մահմետական հասարակութեան կրօնական «սիւներ» դասուողներու տգիտութիւնն ու մակաբուծութիւնը։ Այս ամէնը հերոսին քով նախ հեգնանաք, յետոյ զայրոյթ կը յառաջացնէ։ Ան կը բնութագրէ անոր հոգեւոր հովիւի կերպարը. «Կարճահասակ եւ գէր, կոպիտ եւ բարձր ձայնով։ Երբ կը խօսէր, ան ողջ բերանը կը լեցնէր բառերով, եւ քեզի ուղղուած այդ բառերը խիստ ինչպէս զանոնք արտասանողը, եւ կոպպիտ ինչպէս իրենց տէրը»։
Գահիրէի Ալ-Ազհարին մէջ, հերոսը կրկին կը հանդիպի շէյխ-դասախօսներու տգիտութեան ու կոպտութեան, որոնց համար լաւագոյն դասախօսը ան է ով Աստուծոյ բարեգթութեան մասին կրնայ խօսիլ 2 ժամ եւ ոչ ան, ոչ ալ լսողները ոչ մէկ բան հասկնան։ Վէպը կ'աւարտի հերոսի “Նոր-Եգիպտոս”ի խորհրդանիշ՝ Գահիրէի նորաբաց համալսարան ընդունուելով։
Վէպի հերոսին հոգեւոր աճն ու անոր ուսումնատենչութիւնը կը մարմնաւորեն հեղինակին հաւատքը իր հայրենիքին լուսաւոր ապագային եւ արաբական մշակոյթի յառաջընթացին հանդէպ։
Ալ-Այյամ վէպը հարուստ է կենցաղային (ամէնօրուայ կեանքի) նկարազարդումներվ, անոր մէջ կը ցուցադրուին ընկերային հակասութիւնները քաղաքի կեանքին մէջ, ուր արդէն սկսած էին ներթափանցել նոր գաղափարները, պայքարելով հին աւանդութեանց դէմ։
Հեղինակը չ'երկարեր հերոսներու նկարագրութեամբ, եւ յաճախ ընթերցողին իր զրուցակիցը կը դարձնէ, ինչը բանաւոր պատմուածքի մը տպաւորութիւնը կը ստեղծէ։ Վէպին գեղարուեստական ազդեցութիւնը կը մեծնայ հեղինակին կերպարներուն հոգեբանութեան մէջ խորանալու արդիւնքով։
Հեղինակի կուրութիւնը, որ չխանգարեց իրեն ստեղծել ստոյգ ընկերակենցաղային պատկերներ, կարծես յատուկ դրոշմ մը կը դնէ հերոսներուն հոգեւոր ներաշխարհի նկարագրութեան վրայ։ Հեղինակը յատուկ վարպետութեամբ կը հասնի կերպարներուն ձայներուն նկարագրութեան մէջ։
Ուրիշ ստեղծագործութիւններ
Խմբագրել1946 թուականին Թահա Հուսէյնը հրապարակեց ամսագիր մը «Եգիպտական գրողը» (արաբերէն՝ الكاتب المصري), որուն մէջ 1946-47 թուականներուն հրապարակեց շարք մը յօդուածներ գիւղական աղքատութեան եւ դժուարութեան մասին։
Քսաներորդ դարու քառասունականներու երկրորդ կիսուն լոյս տեսան հետեւեալ գիրքերը․ Շահրազատի Երազները» ընկերական ակնարկներ ժողովածուն։
Իսկ քսաներորդ դարու յիսունականներուն Հուսէյնի եւ երիտասարդ գրողներու միջեւ յայտնուեցան հակասութիււններ։ Այս գրողները գրականութեան աշխարհ մուտք գործած էին յեղափոխութենէն ետք, եւ յառաջ կը քաշէին «ժողովրդականութեան եւ իրականութեան» լոզունգները արուեստի գործերը միայն գեղագիտական տեսանկիւնէն գնահատելով։ Հուսէյնը իր տեսակէտը կ'արտայայտէ իր 1954-ին լոյս տեսած «Գժտութիւն եւ քննադատութիւն» գիրքին մէջ:
1960 թուականին Հուսէյնը կը հրատարակէ գրական եւ ընկերա-քաղաքական յօդուածներու շարք մը, յետոյ միաւորելով զանոնք «Ոչ լաւ-ոչ վատ» կամ «Միջին դիրքի վրայ» (Արաբերէն՝ بين بين) ժողովածուի եւ «Մեր ժամանակակից գրականութենէն» ժողովածուներու մէջ։ Այդ ժամանակ եւս լոյս տեսաւ «Ճշմարիտ խոստումը» պատմուածքը Մահմետականութեան ծագումի ժամանակաշրջանին մասին։ 1967 Թուականին Պէյրութի մէջ հրապարակուեցաւ «Յուշագրութիւններ» (مذكّرات) երկը, զորս կ'ընդգրկէ անոր կեանքի պատմութիւնը 1920-1922:
Բացի իր վաթսունէ աւելի գիրքերէն (որոնցմէ վեցը վէպեր են) ան գրած է 1300 յօդուածներ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Encyclopædia Britannica
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Babelio — 2007.
- ↑ 3,0 3,1 Dictionary of African Biography / E. K. Akyeampong, Henry Louis Gates, Jr. — NYC: OUP, 2012.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Արաբերեն Վիքիպեդիա — 2003.
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 Хусейн Таха // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.