Թարրար (ֆրանսերէն՝ Tarrare կամ Tarare, 17721798), ֆրանսացի աստղ եւ զինուոր, յայտնի է իր արտասովոր ուտելու մոլուցքով։ Ան կրցած է մեծ քանակութեամբ միս ուտել, սակայն այնուամենայնիւ քաղցի-անօթութեան զգացումը դրաձեալ իր մէջ միշտ մնացած է անյաղթելի․ ծնողները չկարենալով ապահովել Թարրայի ուտեստը, պատանի հասակին տունէն վտարած են զինք։

Թարրարի պատմութեան բնօրինակը, պարոն Պերսիի բժշկական թուղթին վրայ (1805)

Ան շրջագայած է Ֆրանսայի տարբեր շրջաններ՝ խումբ մը աւազակներու եւ պոռնիկներու հետ, նախքան շրջուն խաբեբայ դառնակը։ Ան կրնար կուլ տալ խցաններ, քարեր, կենդանի անասուններ եւ խնձորներով լեցուն կողով մը։ Ետքը անցնելով Փարիզ, այս բոլորը արարքները ցուցադրած է Փարիզի փողոցներուն մէջ։

Մանկութիւն Եւ Կեանքի վաղ Տարիներ

Խմբագրել

Թարրար ծնած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մօտիկ արուարձաններէն մէկուն մէջ, մօտաւորապէս 1772 թուականին[1][2]։ Անոր ծննդեան թուականը գրանցուած չէ եւ նոյնիսկ յայտնի չէ, թէ Թարրարը իր իսկանկան անուանը եւ կամ մականունն է[3]։

Իբրեւ մանուկ, Թարրար մեծ ախորժակ ունէր․ պատանեկութեան շրջանին ան կրնար օրական հորթի մը քառորդը ուտել, զոր կը կշռէր նոյնինքն Թարրարի կշիռքը[4][5]։ Ընթացքին, ծնողները նկատելով, որ ուտեստ ապահովելը մեծ խնդիր պիտի յառաջացնէ, ստիպողաբար զինք տունէն կը վտարեն[1][6]։

1788 թուականին, Թարրար Փարիզ կ՛անցնի՝ իր դրուագները ներկայացնելու Փարիզի փողոցներուն մէջ[6]։ Ընդհանուր առմամբ, ըստ երեւոյթին, ան յաջողութեամբ կը ներկայացնէ իր դրուագները։ Սակայն, ներկայացման մը ընթացքին կատարուած սխալ արարքի մը պատճառով, կը կրէ աղիքային սաստիկ խոց[6]. ամբոխը զինք կը փոխադրէ «Hôtel-Dieu» հիւանդանոց, ուր կը խնամուի ուժեղ լուծողականներու օգտագործմամբ[6]: Երբ կատարելապէս կը կազդուրուի, իբրեւ ապացոյց, զինք բուժող բժիշկին կ՛առաջարկէ ուտել ժամացոյցն ու շղթան. բժիշկը կը նախզգաուշացնէ Թարրան, թէ երբ այդպիսի արարք մը կատարէ, բժիշկը զինք վիրաբուժութեան պիտի ենթարկէ վերադարձնելու ժամացոյցն ու շղթան[6][7]:

1798 թուականին, Վերսայի հիւանդանոցէն կապ հաստատեն Փերսէի հետ, տեղեկացնելու թէ իրենց հիւանդներէն մէկը զինք տեսնել կ՛ուզէ: Այդ հիւանդը Թարրարն էր, զոր անկողնային էր եւ թոյլ[8]: Թարրար կը պատմէ Փերսին, որ ինք երկու տարի առաջ կուլ տուած է Ոսկէ պատառաքաղ մը. կը հաւատար, որ ունեցած թուլութիւնը հետեւանքն է մարմինին մէջ տեղաւորուած ոսկէ պատարռաքաղին եւ կը ցանկար, որ Փերսին այն հանելով պիտի կարենար զինք ազատել: Սակայն բժիշկը կը նակտէ, որ Թարրար արդէն կը տարապի պալարախտէ[8]: Մէկ ամիս ետք փորհարութենէ տառապելով՝ կարճ ժամանակ ետք կը մահանայ[8]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 T. Bradley, Samuel Fothergill & William Hutchinson, ed։ (1819), «Polyphagism», London Medical and Physical Journal (London: J. Souter) 42: 203., https://books.google.am/books?id=4e0EAAAAQAAJ 
  2. Gould, George M.; Pyle, Walter L. (1896), Anomalies and Curiosities of Medicine, http://www.gutenberg.org/files/747/747.txt 
  3. Bondeson, 2004, էջ 275
  4. Lord, 1839, էջ 111
  5. Good, 1864, էջ 80
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 Bondeson, 2004, էջ 276
  7. Millingen, 1839, էջ 197
  8. 8,0 8,1 8,2 Bondeson, 2004, էջ 279