Ժիրայր Քէչէճեան

«JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)-ի հիմնադիր

Ժիրայր Քէչէճեանը պարուսոյց եւ «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)-ի հիմնադիրն է: Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանէն ներս պարի դասեր կու տայ առաջին կարգէն մինչեւ աւարտական դասարանները, ինչպէս նաեւ «Աֆհիլ» հաստատութեանը մէջ կը դասաւանդէ Ballet-ի դասեր:

Ժիրայր Քէչէճեան
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Կարողութիւն «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)-ի հիմնադիր
Մասնագիտութիւն պարուսոյց
Գործունէութիւն պարի դասատու
Աշխատավայր Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարան եւ «Աֆհիլ» հաստատութեան մէջ պարի դասատու
Վարած պաշտօններ պարի դասատու
Ամուսին Սիլվա Քէչէճեան
Երեխաներ Նարինէ եւ Խաչիկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ժիրայր Քէչէճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Արմատներով՝ Այնթապէն է:Մայրը՝ Ազատուհի Գուրումլեան, Դամասկոսցի, հայրը՝ Խաչիկ Քէչէճեան,Հալէպցի, երկուքն ալ արուեստագէտներ: Մայրը եղած է փրոֆէսիոնալ մանտոլին նուագող, իսկ հայրը երգիչ եւ ուտ նուագող: Ունի երեք քոյր բժշկուհիներ՝ Երանուհի, Մելինէ եւ Անահիտ, ինչպէս նաեւ եղբայր մը՝ Կարպիս: Քոյրը՝ Երանուհին եղած է հօրը ձայնին ժառանգորդը՝ ըլլալով հանրածանօթ երգչուհի մը, ինչպէս նաեւ Մելինէն[1]:

Նախակրթարանի ուսումս ստացած եմ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը մինչեւ 10-րդ դասարան, իսկ անկէ ետք յաճախած եմ արաբական դպրոց մը: Հօր եւ եղբօր հետ միասին աշխատած են ոսկերիչ:

Պարուսոյցի ասպարէզը

Խմբագրել

Իբրեւ ասպարէզ, պարուսոյց կը դառնայ երբ 9-րդ դասարան էր: Միեւնոյն ատեն, որպէս պարուսոյց, 12 երկար տարիներ դասաւանդեր է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Մխիթարեանի ամավերջի հանդէսներուն, երբ հանդէս կու գար նաեւ իր կնոջ՝ երգչուհի Սիլվա Քէչէճեանը, որ եղած է իր աշակերտուհին: Զինուորական ծառայութեան ընթացքին Ժիրայր Քէչէճեան կ՛ուղղուէր դէպի Հալէպ, պատրաստելու համար հանդէսներ:

Ժիրայր Քէչէճեանի պարուսոյցը եղած է Աբրահամ Կոստանեանը: 1983-էն մինչեւ 1995, Ժիրայր Քէչէճեան եւ տիկնը Սիլվա Քէչէճեանը պարած են «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» Ազատ Ղարիպեան պարախումբին մէջ որպէս մենապարողներ: Ճամբորդած են տարբեր եւրոպական երկիրներ՝ հասնելով մինչեւ Հայաստանի բոլոր քաղաքները, ունենալով յաղթական ու պանծալի ելոյթներ, մաս կազմելով Ազատ Ղարիպեանի «ԿՌՈՒՆԿ» պարախումբին մէջ: Ինչպէս նաեւ Հայաստանի պարարուեստի ուսումնարանին մէջ պատրասրտած են իրենց ծրագիրը:

«JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)

Խմբագրել

Նոր Սերունդի պարախումբը երբ կը դադրի գործունէութիւնը, Ժիրայր Քէչէճեան անձնական պարի կեդրոններու մէջ կը սկսի դասաւանդել: Երկու տարիներու ընթացքին, իր ղեկավարութեամբ կը պատրաստէ երգի ու պարի փառատօներ՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ: Իրականացնելու համար իր փափաքը, կը հիմնէ անձնական պարախումբը՝ «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ) անունով, որ Սուրիոյ մէջ առաջին անձնական պարախումբն էր[2]:

1996-ին, պարախումբը կոչուեցաւ իր անունով՝ ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ (JIRO DANCE GROUP)[2]: Առաջին ելոյթը տեղի կ'ունենայ Կրթասիրաց վարժարանի սրահին մէջ, Հալէպ, որմէ ետք, Արաբական կառավարական թատրոններու մէջ կը ստանձնէ պարուսոյցի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ՝ որպէս դերասան, երկար տարիներ:

Արուեստի ճանապարհը Այնճարի մէջ

Խմբագրել

Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, կը հաստատուի Այնճար, Լիբանան: Պարի դասեր կու տայ Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանի առաջին կարգէն մինչեւ աւարտական դասարանները: Իսկ «Աֆհիլ» հաստատութեանը մէջ նաեւ կը դասաւանդէ Ballet-ի դասեր, 4 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան պատանիներու[2]:

2016 տարին չբոլորած, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` Կաղանդի ու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առթիւ: Ա.-Բ. դասարաններու պարախումբը (պարուսոյց Ժիրայր Քէչէճեան) հանդէս եկաւ «Թամուր աղա» պարով, Գ.-Դ. պարախումբը` հայկական ժողովրդական պարով, իսկ Ե.-Զ.` արաբական «Տալունա» պարով[3]:

Պարգեւներ

Խմբագրել

Ժիրայր Քէչէճեան ելոյթ ունեցած է Նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի զանազան հրաւէրներով եւհասարակական զանազան փառատօներուն: Պատերազմի տարիներուն, պարախումբերով ելոյթ ունեցած են այնպիսի պարեր, որոնք արդէն իսկ կը ցուցադրուէին եւ կը շարունակուին ցուցադրուիլ Սուրիական պատկերասփիւռէն: 2017-ին, ան կը պարգեւատրուի Առաջին կարգի մեծ վկայագիրով մը Դամասկոսի OPERA-ի դահլիճին մէջ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել