Սիլվա Քէչէճեան
Մեցցո Սօփրանօ երգչուհի՝ Սիլվա Քէչէճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ներկայիս հաստատուած է Այնճար, Լիբանան:
Սիլվա Քէչէճեան | |
---|---|
Անուն | Սիլվա Քէչէճեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄեցցօ Սոփրանօ երգչուհի՝ Սիլվա Քէչէճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Մայրը եղած է ատանացի, իսկ հայրը՝ ուրֆացի: Նախնական ուսումը ստացած է Կիւլպէնկեան դպրոցին մէջ, ապա՝ յաճախած է Հայկազեան եւ Մխիթարեան վարժարանները։ Ամուսնացած է պարուսոյց Ժիրայր Քէչէճեանի հետ։ Ունի երկու զաւակ՝ Նարինէ եւ Խաչիկ։ Արուեստը սկսած է ամուսնոյն հետ՝ մաս կազմելով «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Ազատ Ղարիպեան» պարախումբին, 1984-1996 թուականներուն։ Նաեւ եղած է պարախումբին երգչուհին։ Ինչպէս նաեւ Նախակրթարանի տարիներուն, դպրոցի երգչախումբերուն մէջ մաս կազմելով, ուր կ'ունենային եկեղեցական պահեր: Ամուսնութիւնէն ետք, խտասալիկ մը պատրաստեր է՝ Ֆէյրուզի հին երգերը երգելով։ Այդ երգացանկին գործիքաւորումը կատարած են Սամիր Քուէյֆէթի եւ Հլմի Ժարրահ: Այսպիսով ունեցած է իր առաջին ալպոմը[1]։
Այդ ալպոմին միջոցաւ, երբ ձայնս լսուեցաւ, ժողովուրդին քաջալերանքը եւ ամուսինիս գօտեպնդումը զիս մղեցին, որ հետեւիմ ձայնամարզութեան հանրածանօթ երգչուհի փրոֆեսոր Արաքս Չէքիճեանի մօտ՝ չորս տարի շարունակ սորվելով դասական արուեստի նիւթեր, միաժամանակ հետեւելով դաշնամուրի դասերու։ Այդ օրէն ի վեր, ուզեցի ճիշդ զինուիլ երգարուեստի ասպարէզին մէջ եւ այդ հիմքով ալ մտայ արուեստի աշխարհ: Ձայնավարժութեան շնորհիւ եւ իմ ձայնիս փոփոխութեամբ, ժողովուրդը զգաց, թէ չբացայայտուած շնորհք մը կար, նոյնիսկ զարմացան, թէ ինչպէս նախկին ձայնս փոխուեցաւ՝ դառնալով Մեցցօ Սոփրանօ Mezzo soprano[1]։ - երգչուհի՝ Սիլվա Քէչէճեան
|
Մեցցօ Սոփրանօ երգչուհի՝ Սիլվա Քէչէճեանի ձայնածաւալը
Խմբագրելմասնագիտացած՝ փրոֆէսոր-ուսուցիչներու խնամքով ու շունչով։ Առաւել, ունեցած է ձայնի արեւելում աշխարհահռչակ Տաթեւիկ Սազանդարեանի մօտ, որ Արաքսի Չէքիճեանի աշակերտական ելոյթին ժամանակ՝ դաշնամուրով, ան հաստատած է ժողովուրդին դիմաց, ձայնին tempo արագութեան աստիճանը եւ ձայնածաւալը (diapason տայէփէյ՛զան) Mezzo soprano ըլլալը՝ ըսելով որ «ներկայիս ծնողները չեն բերեր այսպիսի ձայն»[1]։
ելոյթներ պետական մակարդակով
ԽմբագրելԱն մասնակից դարձած է տարբեր տեսակի փառատօներու, ինչպէս Սուրիական երգի փառատօնին 1996ին, որուն մասնակցած է իր անձնական երգովս العيون الناعسة (Մախմուր աչքեր) թանկօ, եւ համբաւ ձեռք բերելով։ 2015-ին հրաւիրուած է Դամասկոսի «Օփերա»յի մէջ ելոյթ ունենալու եւ հարցազրոյց տալով ելոյթէն առաջ, որ սփռուած է պատկերասփիւռէն[2]։ Ան իր խառն երգերով կը մասնակցի Սուրիական երգի փառատօնին։ Այս մասնակցութիւնը կը շարունակուի 2000 թուական։Ան եղած է առաջին հայ երգչուհին, որուն հայերէն երգերը պատկերասփիւռէն կը ներկայացնէին ինչպէս կարծես արաբական երգ մը։ Եւ այդ Սուրիական երգի փառատօնէն ստացեր է վկայագիրներ՝ ամենալաւ ձայնի, եւ տարիներու մասնակցութեան համար։ Երգած է արաբական ֆոլքլորի մեծ երգիչներու հետ, մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպութեամբ։ Ելոյթ ունեցած է Ֆրանսա, ինչպէս նաեւ զանազան այլ քաղաքներու մէջ։ Պարախումբի մէջ ըլլալով, ելոյթ տուած է նաեւ Հայաստան, Կիպրոս, Յունաստան, Յորդանան եւ Եգիպտոս։
Երգարուեստի ճանապարհը Այնճարի մէջ
ԽմբագրելՍուրիական պատերազմի հետեւանքով հեռացած է Հալէպէն, ներկայիս կ’ապրի Լիբանան, հաստատուելով Այնճար։ Ան հրաւիրուած է տարբեր առիթներու ելոյթ ունենալով, ինչպէս Այնճարի «Տոհմիկ Երեկոյ»ներուն, ՀՄԸՄ-Այնճարի մարզադաշտի բացման հանդիսութեան, Այնճարի 80-ամեակի ճաշկերոյթին, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի օրուան առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, նաեւ՝ պարահանդէսներու ու ճաշկերոյթներու։
Ան երկու տարի դասաւանդեր է Այնճարի հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ, իբրեւ երգի ուսուցչուհի։
Ձայնագրութիւններ, Ալպոմներ
Խմբագրել- Ֆէյրուզի հին երգերը վերամշակուած տարբերակով Ալպոմ
- Խառն երգացանկով՝ Ատիս Հարմանտեանի, հայերէն ու արաբերէն երգերու Ալպոմ
- եօթը երգեր անձնական (արաբերէն լեզուով) Ալպոմ
- Աշուղական հին ոսկեայ երգեր երկու Ալպոմ
- Ֆէյրուզի վերջին երգացանկէն երգեր Ալպոմ
- եւրոպական Նոսթալժի երգեր, յունարէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, հնդկերէն եւ իտալերէն Ալպոմ
- Հայկական-աշուղական երգերու Ալպոմ
- Հայաստանի նոր աշուղներու գործերը, ինչպէս՝ աշուղ Նազելի, Զարուհի, Ոսկեհուր, Լէյլի եւ այլն Ալպոմ
- Աշուղ Նազելի Գրիգորեանի ստեղծագործութիւններու Ալպոմ
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 «Հարցազրոյց՝ երգչուհի Սիլվա Քէչէճեանի հետ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-13-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-27
- ↑ «قوس قزح سورية» في دار الأوبرا اليوم