Իսկուհի Պալճեան
Իսկուհի Պալճեան-Թիրեաքեան (Մայիս 1 1874 -- Նոյեմբեր 14, 1930) եղած է Դաշնակցական գործիչ եւ յեղափոխական հայուհի։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԻսկուհի Պալճեան ծնած է Մայիս 1, 1874-ին Պոլիսի մէջ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ տան մէջ իր քրոջ՝ Զապէլի ու եղբօրը՝ Կարպիսին հետ (այս օրերուն մանկապարտէզներ չկային)։ Տասներկու տարեկանին կը սկսի յաճախիլ Նարեկեան Վարժարան մինչեւ չորրորդ դասարան (Դպրոցի անունը հետագային կը դառնայ Եսայեան)։ Կը շարունակէ ուսումը Բերայի Աղջկանց Արհեստանոց, ուր օրուան կէսը Ֆրանսացի ուսուցչուհիներ կը դասաւանդէին, իսկ միւս կէսին աշակերտները նուրբ արուեստով կը զբաղէին։ Ֆրանսացի ուսուցչուհիները յաճախակի կը խօսէին Եւրոպայի յեղափոխական ոգիին մասին։ Իսկ Իսկուհիի Հայերէնի ուսուցչուհին Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ) իր աշակերտուհիներուն յեղափոխական եւ հայրենասիրական նիւթերով իրենց կը ներշնչէր։ Իր յուշերուն մէջ, Իսկուհի կ՚ըսէ թէ իր դասարանին մէջ կար Հինգ պահպանողական աշակերտներ՛ սակայն ինք եւ իր մտերիմ ընկերուհին Մարի Պէյլերեան Կարմիր յեղափոխականներ էին եւ կ՚ուխտէն նուիրուի Հայ Դատին։
Յեղափոխական Գործեր
Խմբագրել1890-ին Իսկուհի կ՚անդամակցի Հնչակեաններու կազմած Վարդ Պատրիկեան (Արվախի) եւ «Օրիորդաց Խումբ» խումբերուն։ Ան փոքր տարիքէն կը սկսի գործօն մասնակցութիւնը բերել յեղափոխական աշխատանքներուն եւ կը սկսի զէնքեր տեղափոխել եւ թերթեր ու թռուցիկներ ցրուել։ Թէեւ գիտէին թէ եթէ բռնուէին արգիլուած թերթերը ցրուելով, կրնային ձերբակալուիլ եւ չարչարանքի ենթարկուիլ բանտին մէջ։ Սակայն, անվախօրէն անոնք կը շարունակէն իրենց գործը։
Բերայի Աղջկանց Արհեստանոցը աւարտելէ ետք, Իսկուհի մէկ ու կէս տարի կը մնայ հոն ստանցնելով ուսուցչութեան պաշտօն եւ ապա մանկապարտէզի ուսուցչուհի Մաքր Գիւղի Ազգային Վարժարանին մէջ։
Ընկեր մը իրեն կ՚առաջարկէ անդամագրուիլ նորակազմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ օրիորդաց խումբ մը կազմել։ Միայն հինգ օր ետք, Իսկուհի հինգ անդամուհիներու հետ արդէն կազմած էին իրենց խումբը եւ իրենց առաջին գործը կ՚ըլլայ պատրաստել ձեռագործներ վիճակահանութեան համար։ Խումբին եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ժողովատեղին կը դառնայ Իստուհի Տիւլպէտճեան (Օրիորդ Իւստիկի) տունը։ Բազմաթիւ յեղափոխական երիտասարդներ այս տան մէջ կը գումարէն կարեւոր ժողովներ որուն նաեւ կը մասնակցէր Իսկուհի։ Յուլիս 1896-ին այդ տան մէջ կը հաւաքուի Հրաչ Թիրեաքեան եւ իր Ֆրանսայի դասընկեր Արմէն Գարօ եւ սկսին նախագիծ կազմել Սամաթիոյ կռիւին եւ Օսմանեան Դրամատ գրաւման։ Առաջին անգամ ըլլալով յեղափոխականները ձեռնառումբ պիտի գործածէին եւ Գարօ, Հրաչ, Իւստիկ եւ Իսկուհի ուժականները իրենց ձեռքով կը սկսին լեցնել։ Գարօ, Հրաչ եւ Իսկուհի մօտաւորապէս 600 ռումբեր եւ ուժանակներ կը փոխադրէն զանազան կեդրոններ, երբեմն նոյնիսկ հետապնդումի ենթարկուելով։
Պանթ Օթթոմանի գործողութիւնէն ետք, Օր. իւստիկի տունը վտանգուած էր։ Իսկուհի, քոյրը եւ Օր. Իւստիկ միայն կը վերադառնան այդ տունը մնացած ռումբերը ջրհոր նետելու համար։
Իսկուհիի Իտալացի ընկերուհիի միջամտութեամբ, իր քրոջ եւ ծնողքը հետ կ՚ապաստանուի Պուլկարիա։ Հոն, իրեն լուր կը հասնի թէ 101 տարուան թիապարտութեան դատապարտուած է։ Իսկուհի եւ քոյրը Վառնայի տեղական ազգային վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն կ՚ընէն։ Միաժամանակ անոնք աղջիկներու եւ կիներու խումբ կը կազմէն։ Իսկուհի միշտ կապի մէջ կը մնայ Պոլսոյ իր ընկերներուն հետ մանաւանդ Հրաչին հետ որուն հետ սիրով կապուած էր։
1897-ին Հրաչ Ժընեւէն Վառնայ կու գայ։ Իր հետ կը բերէ մեծ քանակով գիրգեր, եւ Իսկուհի իր գործակիցներուն հետ կը հաստատէ ազգային-յեղափոխական գրադարան մը։ Հրաչ կուսակցական պարտականութիւններով կ՚այցելէ տարբեր շրջաններ եւ կը վերադառնայ Պուլկարիա Մայիս 1901-ին։ Ամիս մը ետք, 18 Յունիս-ին Իսկուհի եւ Վրաչ կ՚ամուսնանան։ Անոնք կ՚որոշէն անցնիլ Երկիր եւ իրենց յեղափոխական գործերը շարունակել։ Կ՚երթան Հրաչի քոյրերուն մօտ Սուխում, կը մնան Թիֆլիս երեք ամիս, եւ ետքը կ՚անցնին Իզմիր։ Մայիս 1902-ին Իզմիրի մէջ կը ծնի Հրաչի եւ Իսկուհիի անդրանիկ զաւակը՝ Բաբգէնը։
Ձերբակալութիւն եւ Մահ
ԽմբագրելԲաբգէն հազիւ չորս տարեկան, մատնութեան հետեւանքով, գիշեր մը հարիւրէ աւելի զինուորներ կը շրջապատէն իրենց տունը եւ Հրաչ ոտաբոպիկ եւ ծեծի տակ կը տանին բանտ, ընտանիքի ամբողջ ունեցածն ալ կողոպուտի կ՚ենթարկուի։ Յաջորդ առաւօտ, քանի մը ոստիկաններ կու գան Իսկուհիի եւ իր գաւկին բանտ տանելու։ Նոյն պահուն իրենց ընկեր Մինաս Խաչատուրեան որ գիշերուայ պատահածէն ոչ մէկ լուր ունենալով իրենց այցելութեան կու գար կը ձերբակալուի ու Իսկուհիին հետ կ՚առաջնորդուի բանտ։
Իսկուհի իր յուշերուն մէջ կը պատմէ թէ ամէն գիշեր վայրագ ոստիկաններով կու գային հարցաքննելու իրեն։ Երբ հանցաքննութիւնները կը մնան ապարդիւն, կը սպառնան խլել Բաբգէնը։ Քառասուն օր կը տեւէ այս փորձերը։ Անոնք յետոյ թոյլ կու տան որ Իսկուհի ուրիշ կին բանտարկեալներուն հետ տեսնուի։ Հարցաքննութիւններ կը վերսկսին երբ Հրաչին ծածկագիր նամակը կը բռնուի եւ կը պահանջուէր Իսկուհիէն որ կարդար, նոյնիսկ իրեն խոստանալով ազատութիւն եւ դրամ իբր պարգեւ։
Բանտարկութենէն 6 ամիս ետք, դատավարութիւնը տեղի կ՚ունենայ եւ Հրաչ կը դատապարտուի 101 տարուան բանտարկութեան, իսկ Իսկուհի՝ աքսորի։ Իսկուհի Սամսոնի բանտին մէջ Մայիս 1903-ին ծնունդ կու տայ իր երկրորդ զաւկին Հերմինէին։ Ծնունդէն քանի մը օր ետք, տեղական Կառավարութեան կարգադրութեամբ կը յանձնէն երէքը Հայ փռապանի մը ընտանիքին։
Այս ժամանակին, Իսկուհի շարունակ կը գաղտնօրէն նամակներ կը գրէր իր Պոլսոյ ընկերներուն։ Դաշնակցական ընկերները կը գտնէն իրենց եւ նաւով Իսկուհիին եւ իր երկու զաւակներուն կրնան փախցնել։ Երբ բանտարկեալները ազատ կ՚արձակուին, Հրաչ, որ իրեն զաւակներուն համար անծանօթ մարդ մըն էր կը վերամիանայ իր ընտանիքին հետ։ Իսկուհի եւ Հրաչ կ՚ունենան երրորդ զաւակ մը, Նուարդ։
Մեծ Եղեռնին, երբ հայ մտաւորականներն ու յեղափոխականները կը ձերբակալուին, պարզուկ նպարավաճառի տէր մը, Հրաչի անունի եւ մականունի նոյնութեան պատճառով կը ձերբակալուի։ Հրաչ թոյլ չի տար որ իր փոխարէն անմեղ զոհ մը ըլլար։
Ատեն մը Իսկուհի կը մնայ Թիֆլիս, Պոլսէն գաղթած ուրիշ նահատակ ընկերներու ընտանինքներու հետ, յետոյ Պաթում, եւ 1921-ին կ՚անցնի Պոլիս ուր հայ կեանքը նոր թափ կը ստանար։ Հոն կը ստանձնէ Հայ Կարմիր Խաչի Հիւանդանոցի Վարչական Տնօրէնուհիին պաշտօնը։ Սակայն հիւանդութեան պատճառով կը մնայ Ռուսճուք իր եղբօր մօտ, եւ յետոյ կ՚անցնի Եգիպտոս տաք կլիմայի պատճառով։ Ան Թիֆոյէն վարակուելով, կը մահանայ 14 Նոյեմբեր, 1930-ին։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ, Սոնա Զէյթեան