Պանք Օթոմանի Գրաւում

Պանք Օթոմանի Գրաւում (14 Օգոստոս 1896), 1894-1896-ի ջարդերը շարունակուեցան, թէեւ աւելի մեղմ չափերով։ Մուշի, Վանի եւ Ակնի շրջանները նոր վայրագութեանց թատերաբեմ դարձան։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը, եւրոպացիները ստիպելու համար որ միջամտեն, որոշեց յանդուգն հարուածով մը գրաւել Պոլսոյ Օթոմանի շէնքը, որ միջազգային ելեւմուտքի գլխաւոր հաստատութիւնն էր Արեւելքի մէջ։ Վիկտոր Պեռարի համաձայն, «վեց ամիս տեւող շարունական ջարդերէ ետք, երբ Եւրոպան հաւատալ կը ձեւացնէր, թէ հարցը փակուած է, հայերը ուզեցին ցոյց տալ Եւրոպայի, որ Հայաստան մը գոյութիւն ունէր եւ այլեւս թուրք կառավարութիւն գոյութիւն չունէր»:

Պանք Օդոմանի շէնքը

Գործողութիւն

Խմբագրել

1896, 14 Օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, դաշնակցական 26 հայեր, Բաբգէն Սիւնիի հրամանատարութեան տակ, գրաւեցին շէնքը, սպաննելէ ետք թուրք պահակները։ Բաբգէն Սիւնի հերոսաբար ինկաւ դրամանատան սեմին իսկ եւ Արմէն Գարօ Փաստրմաճեանն է, որ այնուհետեւ ղեկավարեց հաստատութեան պաշտպանութիւնը, անոր տիրանալու թուրք ուժերու ըրած փորձերուն դէմ։

Հայ յեղափոխականները նոյն օրն իսկ դեսպանատուն յղած էին շրջաբերական մը, ուր կ'ըսէին.- «Մենք գրաւած ենք Պանք Օթոմանը եւ հոնկէ դուրս պիտի գանք, եթէ սուլթանը խոստում տայ մեր պահանջներուն գոհացում տալու եւ Հայկական Հարցը յանձնելու միջազգային իրաւարարութեան մը. այլապէս երեք օր սպասելէ ետք դրամատունը օդը պիտի հանենք մեզի հետ»:

Յեղափոխականները շատ մեծ զգուշութեամբ վարուեցան դրամատան անձնակազմին հետ, զոր գերի պահեցին։ Անոնք ըսին. «Ձեզի դէմ բան մը չունինք, ո՛չ ձեր դրամին կ'ուզենք դպչիլ եւ ոչ ալ ձեր պահեստներուն: Մենք հոս ենք պարզապէս մեր պայմանները թելադրելու համար»:

Հայ յեղափոխականները շէնքին տէրը մնացին 14 ժամ եւ անմոռանալի կռիւի մը ընթացքին ետ մղեցին իրենց դէմ ղրկուած թուրք ուժերու գրոհները։ Պետութեանց դեսպանները եւ դրամատան տնօրէնը՝ Սըր Էտկար Վենսան (ապագայ հռչակաւոր Ապըերնոնի լորտը) ի վերջոյ յաջողեցան շէնքին պարպումը ձեռք բերել, միջամտութիւն մը խոստանալով Հայկական Հարցին եւ երաշխաւորելով հայ յեղափոխականներու ազատ մեկնումը։

 
Պանք Օթոմանը գրաւած հայերը Մարսէյի մէջ

Հետեւանքներ

Խմբագրել

Այս աննախընթաց քաջագործութեան առաջին հակազդեցութիւնը եղաւ այն, որ թուքերը ջարդել սկսան Պոլսոյ հայ բնակչութիւնը, 7000 զոհեր խլելով։

Այս արիւնահեղութիւնը, որ տեղի ունեցաւ կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ, պետութիւններու ներկայացուցիչներուն աչքին առջեւ, վերստին մէջտեղ բերաւ այն սարսափները, որոնք երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն ունէին Փոքր Ասիոյ ներսը։ Մեծ տէրութեանց ներկայացուցիչները ուրիշ բան չըրին, եթէ ոչ յուշագիր մը ներկայացնել, սուլթանին համար նախատալից բառերով խմբագրուած։

Պանք Օթոմանի հարուածին հետեւանքներէն մէկն ալ իշխան Լոպանոֆի մահը եղաւ։ Հայաստանի եւ հայերու այս թշնամին Վիեննա գացած էր, Աւստրօ-Հունգարիոյ իր պաշտօնակիցին հետ տեսակցելու՝ օրուան քաղաքական հարցերուն մասին։ Ան մեռաւ ճամբորդութեան մէջ, վերադարձին՝ Պանք Օթոմանի գրաւման հեռագիրը բանալ ու կարդալէն անմիջապէս ետք։ Այն յուզումը, զոր զգացած էր իր ամբողջ քաղաքականութիւնը խափանել սպառնացող այս կարեւոր դէպքին ընթերցումով, մահացուց երկար ատենէ հիւանդ այս մարդը։

Սակայն Պանք Օթոմանի գրաւման ամէնէն կարեւոր հետեւանքը՝ Ռուսիոյ զինուորական պատրաստութիւնները եղան։ Այս դէպքէն ետք Ռուսիա անհրաժեշտ նկատեց զինուորական պատրաստութիւններ տեսնել։

Այս պայմաններուն տակ, իրենց ազգակիցները եւ անոնց շահերը պաշտպանելու համար արեւմտեան պետութեանց միջամտութիւն մը անխուսափելի էր Ռուսիոյ դեսպանին աչքին. միջամտութիւն մը, որ պիտի ստանար միջերկրականեան նաւատորմի թափանցումի ձեւը Նեղուցներէն ներս եւ որ Օսմ. Կայսրութեան հաշուեյարդարին ազդանշանը կը սպառնար ըլլալ։

Ըստ իրեն, Ռուսիա պէտք չէ ուշանար իր բաժինը վերցնելու եւ պէտք չէ օտար ձեռքերու մէջ ձգեր իր տան բանալին, այսինքն՝ Վոսփորը։

Նելիտոֆ յաջողեցաւ իր տեսակէտին բերել իր կառավարութիւնը, որ Սեւ ծովու նաւատորմը զինել տուաւ եւ Խրիմի մէջ սկսաւ համախմբել ցամաքահանման զօրամաս մը, իր շահերը պաշտպանելու համար այն պարագային, երբ պետութիւնները միջամտէին, ինչ որ անխուսափելի կը թուէր ըլլալ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին։

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ վախցաւ այս պատրաստութիւններէն եւ վերջ տուաւ հայերը բնաջնջելու գործին, շարունակելով հանդերձ անտեսել Պերլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածին գործադրութիւնը։

Այսպէս է որ վերջ գտաւ 1894-1896-ի ջարդերով սկսած եւ կազմակերպուած ձեւով հայութիւնը անճիտելու նպատակ ունեցող այս առաջին փորձը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել