Լա Պոեմ (երգ)
«Լա Պոեմ» (ֆր.՝ La Bohème), 1965, երգ, որուն հեղինակներն են՝ Շարլ Ազնաւուր եւ Ժագ Փլանթ (Jacques Plante): Անիկա կը պատմէ պոհեմական (թափառական) կեանքով ապրող նկարիչի մը պատմութիւնը, որ կարօտով կը յիշէ Մոնմարթրի (Montmartre) բարձունքներուն անցուցած իր երիտասարդութեան տարիները:
"Լա Պոեմ" | |
---|---|
Song | |
Թողարկուած | 1965 |
Ժանր | Շանսոն |
External video | |
---|---|
Charles Aznavour - La Boheme |
Պատմութիւն
Խմբագրել«Լա Պոեմ»ը երգը յօրինուած է Ժորժ Կէթարիի Georges Guétary համար, որ «Պարոն Քարնաւալ» (ֆր.՝ Monsieur Carnaval) օփերէթէն էր: Կէթարիի եւ Ազնաւուրի միջեւ երգը մեկնաբանելու մրցակցութիւն մը տեղի ունեցած է։ 1965-ին Ազնաւուր ձայնագրած է երգը, իսկ Կէթարիի կատարումով ձայնագրուածը մնացած է շուքի տակ։
Երգը Ազնաւուրի ամէնէն նշանաւոր կատարումներէն է։ Անիկա կը համարուի նաեւ ֆրանսական շանսոնի բացառիկ ստեղծագործութիւններէն մէկը: 1965-1966 երգը դարձած է միջազգային հիթ եւ տեղ զբաղեցուցած՝ Արժանթինի, Պրազիլի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներիու լաւագոյն երգերու տասնեակներու մէջ[1]։ Ազնաւուր այս երգը երգած է իր գրեթէ բոլոր համերգներուն ընթացքին։ Անիկա Ֆրանսայի մէջ վաճառուած է աւելի քան 200,000 օրինակով։
Երգին տարբերակները ձայնագրուած են իտալերէն, սպաներէն, անգլերէն, փորթուկալերէն եւ գերմաներէն լեզուներով։
La bohème
Je vous parle d'un temps
Que les moins de vingt ans
Ne peuvent pas connaître
Montmartre en ce temps-là
Accrochait ses lilas
Jusque sous nos fenêtres
Et si l'humble garni
Qui nous servait de nid
Ne payait pas de mine
C'est là qu'on s'est connu
Moi qui criais famine
Et toi qui posais nue
La bohème, la bohème
Ça voulait dire on est heureux
La bohème, la bohème
Nous ne mangions qu'un jour sur deux
Dans les cafés voisins
Nous étions quelques-uns
Qui attendions la gloire
Et bien que miséreux
Avec le ventre creux
Nous ne cessions d'y croire
Et quand quelque bistro
Contre un bon repas chaud
Nous prenait une toile
Nous récitions des vers
Groupés autour du poêle
En oubliant l'hiver.
Եթէ քսան դեռ չկաք,
Գուցէ չհասկնաք,
Դուք իմ այս պատմութիւնս.
Մոնմարթրն այն ժամանակ,
իր յասմիկներով ճերմակ,
Կը զարդարէր մեր տունը,
Որ համեստ էր անշուք,
Բայց մեր բոյնն էր տաքուկ
Ու սիրոյ մեր դրախտը:
Ես նկարիչ էի,
Որ կը փնտռէր իր բախտը,
Իսկ դուն բնորդուհի.
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը,
Երջանկութեան օրերը մեր.
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը,
Թէկուզ անօթի աղքատ օրեր,
Նստած սրճարանին մէջ,
Տղոցմով անանուն,
Կ'երազէինք փառքը,
Եթէ մեզի բախտ վիճակուէր,
Ու նկար մը վաճառուէր,
Կ'երթայինք մեր յարկը,
Կ'ուտէինք փոր մը հաց,
Ապա գինովցած,
Կ'երգէինք մեր երգերը,
Մինչեւ լոյս առաւօտ,
Մոռնալով ձմեռը,
Նստած բուխերիկին քով:
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը,
Դուն լաւն էիր, գեղեցկուհի՛,
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը:
Ամէն մէկս մէկ հանճար,
Յաճախ մինչ լուսադէմ,
Կանգնած կտաւի դէմ,
Վրձինած եմ քու պատկերդ՝
Մերկութիւնդ անբիծ,
Մարմինդ գիծ առ գիծ,
Քու մարմարէ կոնքերդ,
Ու միայն առաւօտուն,
Յոգնած բայց հիացկոտ,
Կը շարունակէինք մեր կեանքը,
Բաժակ մը սուրճ կը խմէինք
Եւ կը սիրէինք մեր տքնանքը,
Եւ սէրը մեր սրտերուն.
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը
Զոյգեր էինք քսան տարեկան
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը,
Դիւրին էր ապրիլ օդով միայն,
Կը պատահի մերթ ընթ մերթ
Երբ կ'երթամ ես ետ,
Անցեալի մեր վայրերը,
Ոչ մէկ բան նոյնն է,
Այն տեղերը չկան,
Ուր ծնած է մեր սէրը:
Ձեղնայարկը գողտրիկ,
Մեր սանդուխը նեղլիկ,
Եւ իմ արուեստանոցը,
Օ՜, տխուր է այնքան,
Մոնմարթրի մեր փողոցը,
Ուր ալ վարդեր չկան:
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը,
Ջահել էինք ազատ ու խենթ,
Այդ պոեմն էր, մեր պոեմը,
Այդ օրերը ալ ետ չեն գար:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Tsort։ «Song artist 917 - Charles Aznavour»։ tsort.info
- ↑ La boheme at AllMusic
- ↑ Պերճ Թիւրապեան - Մեր պոհեմը