Լեռնանիստ

գիւղ Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ

Լեռնանիստ, գիւղ Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ, մարզի կեդրոնէն 5 քմ. հարաւ-արեւելք, Երեւանէն 45 քմ., իսկ Հրազդանէն՝ 7 քմ. հեռաւորութեան վրայ, Մենակսար լերան հիւսիսային կանաչապատ ու ծաղկաշատ լանջին։

Գիւղ
Լեռնանիստ
Երկիր  Հայաստան
Մարզ Կոտայքի մարզ
Այլ անուանումներ Վերին Ախտա
ԲԾՄ 1980 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 3072 մարդ
Կրօնական կազմ Հայ Առաքելական եկեղեցի
Ժամային գօտի UTC+4։00

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լեռնանիստ գիւղը հիմնադրուած է 1828 թուականին։ Նախապէս կոչուած է Վերին Ախտա, 25 Յունուար 1978-ին վերակոչուած է Լեռնանիստ։ Լեռնանիստ համայնքը բարձր լեռնային բնակավայր է, ձմեռնային ամիսներուն ձիւնածածկ է: Ունի թեք լեռնալանջեր, որոնք կը նպաստեն դահուկավազքի եւ ձմեռնային այլ մարզաձեւերու զարգացման: Համայնքի տարածքին կան նաեւ քարանձաւներ, ինչպէս՝ Երթիկով քարանձաւը:

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Բնակչութեան նախնիներուն մէկ մասը 1828-1829 թուականներուն գաղթած է Խոյի, Մակուի ու Սալմաստ գիւղերէն։

Լեռնանիստի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը.[1]

Տարի 1831 1897 1926 1939 1959 1970 1989 2000 2004 2018
Բնակիչ 349 1624 2442 3028 748 2300 2447 2920 3168 2877

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ եւ բանջարաբուծութեամբ։

Զբօսաշրջիկութիւն

Խմբագրել

Վերջին տարիներուն գիւղին մէջ արագօրէն զարգացաւ զբօսաշրջիկութեան ոլորտը։ 2017 թուականին յատուկ ներդրումներով Լեռնանիստի մէջ կառուցուեցաւ դահուկավազքի սահուղի եւ 350 մեթր երկարութեամբ ճոպանուղի[2]։

Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական հրապարակումին համաձայն, Լեռնանիստը նախատեսուած է դառնալ ձմեռնային զբօսաշրջիկութեան կեդրոն։ Միայն 2019 թուականի Յունուար ամսուն գիւղը ընդունած է մօտ 1000 զբօսաշրջիկ[3]։

Մշակոյթ

Խմբագրել

2015 թուականին, գիւղին մէջ կառուցուեցաւ ազգագրութեան թանգարան, որ կը գործէ համայնքի մշակոյթի տան մէջ։

Լեռնանիստի տարածքին կը գտնուին բազմաթիւ պատմամշակութային յուշարձաններ, մատուռներ: Գիւղին մէջ կը գտնուին 1892 թուականին կառուցուած «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցին եւ 1861 թուականին կառուցուած «Սուրբ Յակոբ» մատուռը[2], որ յայտնի է «Սուրբ Աւազան» աղբիւրի բուժիչ ջուրով, «Զօրաւոր» մատուռը (միջնադար), Սուրբ Մատուռը (2013), սրբատեղի «Աւետարան» (19-րդ դար), սրբատեղի «Սուրբ Կարապետ» (19-րդ դար), «Ամենափրկիչ» մատուռը, հին գերեզմանոց դամբարանադաշտը, դամբարաններ (Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակ), տապանաքարեր (14-17 դարերուն) եւ բազմաթիւ յուշարձաններ:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել