Լեւոն Չիլինկիրեան

Հայ ջութակահար։

Լեւոն Չիլինկիրեան (28 Մայիս 1948(1948-05-28)[1], Նիկոսիա, Նիկոսիա, Կիպրոս), հայ ջութակահար։ Չիլինկիրեան, իբրեւ մենակատար ունեցած է բազմաթիւ ելոյթներ, սակայն 1971-էն ի սկսեալ գլխաւորաբար նուագած է՝ իր իսկ հիմնած «Չիլինկիրեան Քառեակ»ին հետ։

Լեւոն Չիլինկիրեան
Ծնած է 28 Մայիս 1948(1948-05-28)[1] (76 տարեկան)
Ծննդավայր Նիկոսիա, Նիկոսիա, Կիպրոս
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Մասնագիտութիւն երաժշտութեան ուսուցիչ, ջութակահար, խմբավար
Աշխատավայր Երաժշտության թագավորական քոլեջ?

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Կիպրոս։ 5 տարեկանէն նուագած է ջութակ: 1960-էն կը բնակի Լոնտոն:

1969-ին աւարտած է Լոնտոնի Թագաւորական Երաժշտական Գոլէճը:

1969 արժանացած է «BBC»-ի Պեթհովընի անուան, 1971՝ Միւնխի երաժշտական մրցոյթներու առաջին մրցանակներուն:

Ուսումը աւարտելէ ետք, դասաւանդած է Լոնտոնի Թագաւորական երաժշտական գոլէճի մէջ, ստացած է փրոֆէսօրի կոչում:

1971-ին ստեղծած է «Չիլինկիրեան» լարային քառեակը, որու կազմին մէջ համագործակցած է շարք մը հանրայայտ երգահաններու եւ երաժիշտներու հետ, կազմակերպած է ջութակահարներու բարձրագոյն դասընթացքներ:

Համերգային շրջագայութիւններով եղած է աշխարհի բազմաթիւ երկրներ, մասնակցած է շարք մը երաժշտական փառատօներու: Իբրեւ մենակատար, ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկրներու մէջ` լաւագոյն նուագախմբերու հետ եւ քառեակի կազմով:

Երկացանկին մէջ ունեցած է արեւմտա-եւրոպական երգահաններու, նաեւ Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Ա.Յովհաննէսի, Ս. Ասլամազեանի եւ ուրշներու հետ:

1996-էն կը ղեկավարէ նաեւ շուէտական «Քամարաթա Ռոման» լարային նուագախումբը:

1989-էն համերգներով պարբերաբար հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ: 2000-ին, Երեւանի մէջ կազմակերպած է երիտասարդ ջութակահարներու հանրապետական 1-ին մրցոյթը:

Շքանշաններ

Խմբագրել

2000 արժանացած է Բրիտանական կայսրութեան շքանշանին՝ երաժշտութեան բնագաւառին մէջ ունեցած վաստակին համար[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Discogs — 2000.
  2. «Լեւոն Չիլինկիրեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-08-03-ին։ արտագրուած է՝ 2023-07-03