Լէյտի Կակա

Ամերիկացի երգիչ, երգահան, դերասան

Լէյտի Կակա, (անգլերէն՝ Lady GaGa) բուն անունով՝ Սթեֆանի Ճոան Անճելինա Ճերմանոթա[1], (անգլերէն՝ Stefani Joanne Angelina Germanotta) ամերիկացի երգչուհի, երգահան, արտադրող (producer), պարուհի, դերասանուհի, հանդերձային նախագծող, բարերար եւ առեւտրական։ Ծնած է 28 Մարտ 1986-ին, Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ[2]: Ազգութեամբ իտալացի է։ Ծնած եւ մեծցած է Նիւ Եորքի մէջ, ուր նաեւ ապրած է։ Ուսումը ստացած է «Սուրբ սրտի մենաստան» (Sacred Heart) կաթողիկէ դպրոցին մէջ, ապա որոշ ժամանակ մը ուսանած է Նիւ Եորքի համալսարանի (NYU) արուեստի դպրոցին մէջ, սակայն լքած է համալսարանը՝ կեդրոնանալու համար իր ասպարէզին վրայ, որպէս երգչուհի։

Ան շուտով սկսած է ելոյթ ունենալ Մանհաթընի երաժշտական բեմերուն վրայ։ 2007 թուականին արտադրող Վինսենթ Հերպերթը Կակային կ'արձանագրէ իր «Streamline Records» ընկերութեան մէջ։ Այնտեղ Կական որոշ ժամանակաշրջան մը կ'աշխատի որպէս երգերու հեղինակ, սակայն իր ձայնային տուեալները կը գրաւեն երգիչ Էյքընին, որ Կակային կ'արձանագրէ իր «Kon Live Distribution» ընկերութեան մէջ։

Կական հանրաճանաչ կը դառնայ 2008-ին իր առաջին՝ «The Fame» ալպոմի շնորհիւ, որ կ'ունենայ քննադատական մեծ յաջողութիւն։ Ալպոմը իր մէջ կը ներառէ «Just Dance» եւ «Poker Face» երգերը։ 2009 Նոյեմբերին ալպոմը կը վերահրատարակուի «The Fame Monster» անունով, որուն մէջ կան 8 յաւելեալ երգեր որոնք կ’ընդգրկեն «Bad Romance», «Alejandro» եւ «Telephone» երգերը։ Ալպոմին յաջորդող «The Monster Ball Tour» շրջագայութիւնը դարձաւ բոլոր ժամանակներու ամենաշահաբեր համերգային շրջագայութիւններէն մէկը։ Կակայի երրորդ՝ «Born This Way» ալպոմը թողարկուեցաւ 2011-ի Մայիսին եւ գլխաւորեց երաժշտական ամենամեծ կենդրոններու ցուցակները։ Անոր ամենայաջող երգերէն էին «Born This Way», «Judas» եւ «The Edge of Glory» երգերը։

2013-ի Փետրուարին համերգային շրջագայութեան ժամանակ ստացած կոնքի վնասուածքի հետեւանքով, Կական վիրահատուեցաւ եւ որոշ ժամանակ անցաւ վերականգնողական բուժումներէ։ Ապա, ան Նոյեմբերին թողարկեց «ARTPOP » ալպոմը, որ կ'ընդգրկէր «Applause» եւ «Do What U Want» երգերը։

2014 Սեպտեմբերին, ան կը թողարկէ Ճազ ալպոմ մը աշխարհահռչակ Թոնի Պեննըթի հետ, ալպոմին անունն էր «Cheek To Cheek»:

Կական յայտնի է իր համարձակ եւ տարատեսակ ներդրումներով երաժշտական աշխարհին մէջ իր նորաձեւութեան, ելոյթներու եւ երաժշտական հոլովակներու միջոցով։

2013 նոյեմբերի տուեալներով Կական վաճառած է 24 միլիոնէ աւելի ալպոմներ եւ 125 միլիոնէ աւելի երգ։ Իր նուաճումները կը ներառէն 6 Կրեմմի եւ տասներեք MTV Video Music Awards մրցանակներ։ «Billboard» ամսագիրը մի քանի անգամ Կակային կոչած է «Տարուան Արուեստագէտը», VH1-ը զինք ներառած է «Երաժշտական աշխարհի 100 ամենաազդեցիկ կիներ» ցուցակին մէջ՝ 4-րդ դիրքի վրայ։ 2010-2013 թուականներուն «Forbes» ամսագիրը Կակային ներառած է աշխարհի 100 ամենաազդեցիկ կիներու ցուցակին մէջ։ «Times»-ը Կակային անուանած է «Փոփի Թագուհի»[3][4]:

Կեանք Եւ Ասպարէզ

Խմբագրել

Սթեֆանի Ճոան Անճըլինա Ճերմանոթան ծնած է Նիւ Եորք, Մարտ 28, 1986-ին, Ժոզէֆ Էնթընի Ճօ Ճերմանոթային եւ Սինթիա Բիսեթին ընտանիքին մէջ։ Կական ունի իտալական եւ հեռաւոր Ֆրանսական արմատներ։ Ունի փոքր քոյր մը՝ Նաթալին։ Իր ծնողները պզտիկ եկամուտ ունէին, եւ այդ պատճառով կ’աշխատէին «8-էն 8», երեխաներուն որակաւոր կրթութիւն ապահովելու համար։ Կական եւ իր ընտանիքը կաթողիկէ են։ 11 տարեկանէն Կական կը յաճախէ «Սուրբ Սրտի Մենաստան» աղջիկներու կաթողիկէ վարժարանը։ Ան կը նկարագրէ իր դպրոցական տարիները որպէս «նուիրուած, կարգապահ, ուսումնառատ, եւ քիչ մըն ալ խենթ շրջան մը»: Անոր դասընկերները կը կարծէին, որ ան չէր համապատասխաներ իր դպրոցին։ Կական սկսած է դաշնամուր նուագել 4 տարեկանին, գրած է իր առաջին կտորը 13 տարեկանին, եւ սկսած է ելոյթներ ունենալ մինչեւ 14 տարեկան դառնալը։ 18 դառնալէն ետք, կը տեղափոխուի Նիւ Եորքի կեդրոնը։

Պատկերասրահ

Խմբագրել
 
 
Պատկեր:Light Gaga.png

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. գերմաներէն՝ {{{1}}} «Lady Gaga»։ marco-schueler.de։ արտագրուած է՝ դեկտեմբերի 3 2009 
  2. Lady GaGa - Biography Archived 2015-05-06 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  3. Caulfield, Keith (2010-09-12)։ «Lady Gaga Is Billboard's 2010 Artist of the Year, Ke$ha Takes Top New Act»։ Billboard 
  4. «Lady Gaga Profile»։ Forbes։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-10-08-ին։ արտագրուած է՝ 2010-10-08