Bad Romance
«Bad Romance» (հայ.՝ անբարոյական սիրավէպ), ամերիկացի երգչուհի Լէյտի Կակայի (Lady Gaga) երգը, որուն արտադրիչը եղած է RedOne-ը։ Երգը հրապարկուած է որպէս «The Fame Monster» ձայնասկաւառակի գլխաւոր երգ։ Երգը գրուած է ներշնչանքի ազդեցութեան տակ, ինչ որ երգչուհին զգացած է վերջին քանի մը տարիներուն աշխարհին մէջ կատարած համերգային շրջագայութեան ընթացին։ Երգի տեմո-տարբերակը յայտնուած է համացանցին վրայ մինչեւ պաշտօնական առաջին հրապարկումը, որ տեղի ունեցած է «Փարիզի Նորաձեւութեան Շաբաթ»-ի ընթացքին՝ 2009 թուականի 6 Հոկտեմբերին։
"Bad Romance" | |
---|---|
Song | |
Թողարկուած | 29 Հոկտեմբեր, 2009 |
Ժանր | Dance/Pop |
Արտադրիչ | RedOne, Լէյտի Կակա |
Քննադատները երգին տուած են դրական գնահատական՝ համեմատելով զայն «Poker Face» երգին հետ։ Երգը գլխաւորած է Մեծն Բրիտանիոյ, Իրլանտայի, Քանատայի, Ռուսաստանի, Շուէտի, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ հիթ-շքերթները, ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հիթ-շքերթներուն վրայ հասած է մինչեւ երկրորդ հորիզոնականը։ Երգը նաեւ յիշատակուած է «Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն Կանանց Փոփ-Վոգալ Կատարում» անուանակարգին մէջ։
Երգի տեսահոլովակը նկարահանուած է սպիտակ լոգասենեակի մը մէջ, ուրկէ Կակային կ'առեւանգէ գեղեցկուհիներու խումբ մը, որոնք անոր կը հարբեցնեն, իսկ ետքu կը վաճառեն մաֆիաներու անբարոյական գործի համար։ Տեսահոլովակը արժանացաւ քննադատներու հիացմունքին հիմնականին մէջ ստեղծագործական աշխատանքի եւ անոր նորարարութեան համար։ Նաեւ քննադատները յատուկ կը նշեեն անոր իւրայատուկ նիւթը եւ հասարակութեանը հիացնելու ընդունակութիւնը։ Տեսահոլովակը ստացած է նաեւ «Կրեմմի» մրցանակ «Լաւագոյն Կարճատեւ Երաժշտական Տեսահոլովակ» անուանակարգին մէջ։
Երգի մասին
Խմբագրել«Bad Romance»-ը հրապարկուած է որպէս երգչուհիին երկրորդ՝ «The Fame Monster» ձայնասկաւառակի առաջին գլխաւոր երգ (սինկըլ)[1]։ Մինչ երգի պաշտօնական հրապարկումը անոր տեմո-տարբերակը յայտնուած է համացանցին վրայ, որմէ ետք Լէյտի Կական ձգած է մեկնաբանութիւնը Թուիթըրի վրայ՝ «յաջորդ գլխաւոր երգ (սինկըլ)ի յայտնուիլը համացանցին վրայ կը ստիպէ ականջներուս արիւնահոսքը։ Համբերեցէք, մինչեւ լսէք իրական տարբերակը»[2]։ 2009 թուականի 3 Հոկտեմբերին երգի փոքր հատուածը երգչուհիի այլ երգերու հետ՝ Poker Face եւ LoveGame, հետ միաժամանակ կատարուած է ամերիկեան հեռատեսիլի «Saturday Night Live» հաղորդման ժամանակ[3][4]։ «Bad Romance» պաշտօնապէս ներկայացուած է 2009 6 Հոկտեմբերին Ալեքսանդր Մկքուինի կազմակերպած հագուստի ձեւաւորման գարուն/ամառ 2010 թուականի վերջնական ցուցադրութեան ժամանակ «Փարիզի Նորաձեւութեան Շաբաթ»ուան ժամանակ[5]։ Գլխաւոր երգի շապիկի նկարը ցուցադրուած է 2009-ի 15 Հոկտեմբերին։ «About.com»-էն Պիլ Լէմպը դրական ձեւով արտայայտուած է շապիկին նկարին մասին` ըսելով. «Կական կը շարունակէ իր լաւ նկարներու շարքի ստեղծումը, որոնք կ'ուղեկցին անոր երգին եւ ելոյթներուն»[6]։ Կական ըսած է, որ «Bad Romance»-ը եղած է այն երգերէն, որոնք ան գրած է 2008 թուականին, երբ համերգներով աշխարհը կը դառնար։ Բոլոր այդ երգերը գրուած են տարբեր «հրէշ»-ներու մասին (տանչանքի մէջ մտքերով), որոնց հետ ան հանդիպած էր այդ ժամանակաշրջանին մէջ։ Այդ «հրէշներէն» եղած էր «սիրոյ հրէշը», ով պատճառ դարձած է «Bad Romance» երգի ստեղծման համար։ ետքը՝ «Grazia» հնդկական ամսագրի հարցազրոյցի ժամանակ, Կական բացատրած է, թէ ուրկէ իր մօտ եկած է ներշնչանքը երգի ստեղծման համար։ Ան ըսած է.
«Ես գրած եմ «Bad Romance»-ը, երբ կը գտնուէի Նորուեկիոյ մէջ, իմ շրջագայութեան փոխադրակարգիս մէջ։ Պտտեցայ Ռուսաստանի մէջ, ետքը Գերմանիոյ եւ շատ ալ ժամանակ անցուցի Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Այդտեղ այնպիսի հրաշալի գերմանական հաուս-տեքնօ երաժշտութիւն կար, որ ես փափաքեցայ կատարել փորձարարական ձայնագրութիւն փոփ ժանրին մէջ։ Ես կ'ուզէի ձգել 80-ականներու երաժշտական մինիմալիստական թմփկազարկը, իսկ երաժշտութիւնը վերցնել 90-ականներէն, որն ալ, իրականութեան մէջ, իմ ոգեւորութեան աղբիւրն էր։ Բայց, անշոււշտ երգի ստեղծման ժամանակ օգտագործուած է քիչ մը ուիսքի։ Իսկ ընդհանրապէս, երգին նիւթը այն է, թէ ինչ կը նշանակէ սիրահարուած ըլլալ լաւագոյն ընկերոջը հետ»[7]։
Երաժշտութիւն եւ քնարերգրութիւն
ԽմբագրելMTV-ի հաստատմամբ՝ երգի ռիթմը նման է Կակայի հին սինկլի՝ «Poker Face» երգի ռիթմին։ Երգը կը սկսի անով, որ Կական կ’երգէ կրկներգի կէսը, որմէ ետք հանդէս կու գայ «Rah-rah-ah-ah-ah/Roma-roma-mah/Gaga-ooh-lո-lո» բառերով։ Հնչողութիւնը կ’ուղեկցուի հարուածային եւ ստեղնաշարային գործիքաւորումով։ Կամրջային բաժնին մէջ Կական կ’ըսէ. «You know that I want you/ And you know that I need you», որմէ ետք կու գայ կրկներգը, որու մէջ Կական կ’երգէ. «You and me could write a bad romance […] Caught in a bad romance»։
Ըստ «About.com»-ի տեսակէտին՝ երգի երաժշտութիւնը առաւել յարմար է նորաձեւութեան ցուցադրութիւներու համար[8]։ «Slant Magazine» ըսած է, որ երգի երաժշտութիւնը կազմուած է նոր ալիքի ոճով եւ որոշակի թուաքանակով[9]։ «The Independent»-ը ցոյց տուած է այդ կետը, որ կրկներգին մէջ կը գերակշռէ Boney M խումբի երաժշտութեամբ այն ժամանակ, երբ «The Guardian»-ը գրած է, որ այդ կը յիշեցնէ Black Celebration խումբի հինգերորդ՝ «Depeche Mode» ձայնասկաւառակի երաժշտութիւնը, որ թողարկուած է 1986 թուականին[10][11]։ Երգը ձայնագրուած է միջին դեմբով՝116 հարուած մէկ վայրկեանի մէջ։ Նաեւ յայտնի է, որ երգը ձայնագրուած է Լեա-Մինորի տոնայնութեամբ, ակկորտներ այսպիսի յաջորդականութեամբ՝ Am–C–F–C–G (քառատողերու համար) եւ F-G-Am-C-F-G-E-Am (կրկներգի համար)[12]։
Քնարերգրութիւնը ամբողջութեամբ կը պատմէ «վատ սիրավէպի» ուրախութիւններուն մասին, բայց այդ միտքը կը փոխուի կամուրջի բաժնին մէջ եւ կ’անցնի նորաձեւութիւն թեմային[13]։ 2009 թուականի 2 Նոյեմբերին` «It’s On with Alexa Chung»-ի յայտագրի հարցազրոյցի ժամանակ, Կական նշած է, որ ան իր երգի քնարերգրութեան ժամանակ թուարկած է Ալֆրետ Հիչքոքի ֆիլմերը. «Ես կը ցանկանամ քու գլխապտոյտ սլենկը, փոքրիկս, դուն խելագար ես եւ ես կը ցանկանամ քեզի տեսնել իմ` «Բակ Նայող Պատուհան» ֆիլմին մէջ»։ Ան հաստատած է. «Ինչ որ ես իրականութեան մէջ կը ցանկանայի ըսել, այն է, որ ես կ'ուզեմ քու ամենախոր, ամենամութ եւ խելագար մասերը, որոնք դուն կը վախնաս կիսել որեւէ մէկուն հետ, որովհետեւ ես շատ ուժեղ ձեւով կը սիրեմ քեզի»[14]։
Քննադատութիւն
Խմբագրել- «About.com»-էն Պիլ Լեմպը ըսած է. «Լէյտի Կակայի երգեցողութիւնը այստեղ կը ցուցադրուի իր լաւագոյն որակով այն ժամանակ, երբ ան կ’անցնէ իր թոքերու համար վտանգ ներկայացնող լարերէն մինչեւ թեթեւ քաղցրութեան [ձայնի մէջ] եւ հակառակը։ [...] Եւ եթէ ձեզի մօտ տակաւին մնացած են կասկածանքներ, որ Կական կը մնայ ձայնասկաւառակի մը արդիսդ, որոնք «Bad Romance»-ի՝ սենեակը լեցնող մեղեդին կ’օգնէ վերջնականապէս ցրել անոնցմէ»։ Ան նաեւ նշած է, որ երգը ձայնասկաւառակի լաւագոյններէն մէկն է[15]։
- Կիլլ Քոֆմենը MTV-էն ըսած է. «Երգի ամենափոքր պիթերը կը պահէ անհամբերութեան մէջ` ստիպելով սպասած շարունակութեանը [...] մեծցնելով Erasure-ական հիացմունքը ռիթմիկ կրկներգի ժամանակ, բայց եւ այնպէս կը զգացուի այն հզօրութեան թերութիւնը, որոնք եղած են Կակայի լաւագոյն հիթերուն մէջ»։
- Տանիէլ Քրեփսը «Rolling Stone»-էն, երբ գրած է գլխաւոր երգ (սինկըլ)ի՝ համացանցին վրայ յայտնուելու մասին, ըսած է նաեւ, որ. «գլխաւոր երգ (սինկըլ)ը այդքան ալ հեռու չէ նախագծէն, ըստ ատոր գրուած են նաեւ այլ գլխաւոր երգ (սինկըլ)ներ, յատկապէս «Poker Face», որու հետ «Bad Romance»-ը ունի ապշեցուցիչ նմանութիւն»[16]։
- Քրիստոֆըր Ճոն Ֆարլին՝ «The Wall Street Journal» ամսագրէն, նշած է. «շատ դժուար է ընդդիմանալ «Bad Romance»-ի արագ ընթացքներուն»[17]։
- Սել Սինկուեմանին «Slant Magazine»-էն երգն անուանած է ձայնասկաւառակի լաւագոյն պահերէն մէկը եւ աւելցուցած է, թէ «եթէ երաժշտութեան վրայ հնարաւորութիւն ըլլար դնել ժամանակի դրոշմ, ապա հնարաւոր կ'ըլլար ութսունականներու դրոշմ դնել այդ երգի վրայ»[18]։
- Սայմըն Փրայսը «The Independent»էն ըսած է, թէ երգի առաջին բառերը՝«I want your ugly, I want your disease», գոթական տօն կու տան ամբողջ «The Fame Monster» ձայնասկաւառակին[19]։
- Քիթթի Էմփայրը «The Guardian»-էն ըսած է, որ «այդպիսի գլխաւոր երգ (սինկըլ)ները, ինչպէս «Bad Romance»-ը, աւելի համոցիչ կը ցուցադրեն այդ լարուած, ոչ խարիզմատիկ իտալա-ամերիկացի Լէյտի Կակայի հնարաւորութիւնը՝ դառնալու նոր Մըտօնա[20]։
- Փոլ Լեսթըրը «BBC»-էն երգը անուանած է «անպիտան» եւ զգացած է անոր նմանութիւնը Էնտի Ուորհոլի երաժշտութեան հետ[21]։
- Մայքլ Ուուտը «Los Angeles Times»-էն երգը անուանած է «քիչ մը Եւրոփոփային»[22]։
- Ճոն Տոլընը «Rolling Stone»-էն ըսած է, որ «Bad Romance»-ը Կակայի անունը կը դարձնէ «հռչակ»[23]։
- Մայքլ Հիւպըրդը «MusicOMH»-էն կարծիքը կը յայտնէ, որ երգի կրկներգը լաւագոյնն է Կակայի երգերուն մէջ մինչեւ այսօր «ան կազմուած է երեք առանձին մասերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այնքան կլանող է, որքան միւսը»[24]։
- Մոնիգա Հերերան «Billboard»-էն կը կարծէ, որ «Bad Romance»-ը այդքան ալ գրաւիչ չէ, որքան Կակայի նախորդ գլխաւոր երգ (սինկըլ)ները, սակայն անոր մէջ կայ «չարէ կրքոտ հմայք[25]։
- «Pitchfork Media»-ն 2009 թուականի լաւագոյն երգերու շարքին «Bad Romance»-ը տեղադրած է երեսունիններորդ հորիզոնականին վրայ՝ բնութագրելով զայն որպէս «բնոյթով էբիկական»[26]։
- Կէորկի Եարապեւան «Muz.ru»-էն ըսած է, որ «Bad Romance-ը իտալական առաջին գլխաւոր երգ (սինկըլ)ն է, «Poker Face» ու «Paparazzi» երգերու ընկեր, շատ հետաքրքրական են երաժշտական կրկներգը եւ Կակայի ֆիրմային լարերը»[27]։
- «Rolling Stone» ամսագրի կազմած «2009 Թուականի Լաւագոյն 25 Երգերու Շարք»-ին մէջ «Bad Romance» երգը գրաւած է իններորդ դիրքը[28]։
Երաժշտական Տեսահոլովակ
Խմբագրել«Rolling Stone» ամսագրի հարցազրոյցի ժամանակ Կական յայտարարած է, որ բեմադրիչ Ֆրենսիս Լոուրենսը արդէն նկարահանաղ է վիտէոն, եւ որ ան արդէն «տպաւորութեան տակ« է, ինչպէս իրմէ եւ նկարահանումներու վերջնական արդիւնքէն[29]։ Ան ըսած է. «ես գիտեմ, որ Լոուրենսի` որպէս բեմադրիչի յատկութիւնները աւելի բարձր են քան ինչ ես կրնայի ընել»[30]։ «Haus of Gagaի անձնակազմի անդամները եղեր են ներգրաւուած որպէս տեսահոլովակի արթ-տիրեկդորներ[29]։ Տեսահոլովակի առաջին ցուցադրումը կայացած է 2009 թուականի 10 Նոյեմբերին[31]։ Ետքը Կական բնութագրեր է իր գործը Լոուրենսի հետ այսպէս.
«Ես կը ցանկանայի մէկուն, ով լաւ կը հասկնայ, թէ ինչպէս ստեղծել փոփ-վիտէո, որովհետեւ բեմադրիչներու հետ աշխատելու իմ ամենամեծ դժուարութիւնն այն է, որ ես ինքս բեմադրիչ եմ, կը գրեմ թատերգաիրներ եւ կը ստեղծեմ նորաձեւութիւն, ես կ'որոշեմ` ինչի մասին է այդ ամէնը եւ ինծի համար շատ դժուար է գտնել այդպիսի բեմադրիչ, որ կու տար ազատութիւն երգչուհու մը ինքնադրսեւորման համար։ [...] Բայց Ֆրենսիսը եւ ես աշխատած ենք միասին։ [...] Այդ եղած է համագործակցութիւն։ Ան փոփ-տեսահոլովակներու իսկական բեմադրիչ է եւ ֆիլմերու իսկական հեղինակ է։ Ան կրնար թէ՛ հիացնել, եւ թէ՛ ըլլալ հասկանալի հասարակութեան համար»[30].
Նիւթ
ԽմբագրելՏեսահոլովակի նիւթի հիմնական միտքը այն է, որ Կակային կ'առեւանգեն գեղեցկուհիներու խումբ մը, որմէ ետք անոնք անոր կը հարբեցնեն եւ կը վաճառեն մաֆիային։ Տեսահոլովակին մէջ մաֆիայի համակարգիչի պաստառին վրայ կը տեսնենք "վաճառքի" 1,000,000 ռուպլի արժէքը, ուր կը ցուցադրէ նաեւ ռուբլիի նոր նշանը։ Գործողութիւնը կը շարունակուի սպիտակ լոգասենեակի մը մէջ[30][32]։ Տեսահոլովակը կը սկսի երբ Կական նստած է սպիտակ գահին վրայ. ան հագած է ոսկեգոյն զգեստ եւ դրած է ակնոց, որ ստեղծուած է շեղբերէ։ Անոր շրջապատին են տարբեր մարդիկ, եւ իր շունը (գերմանական շուն ցեղատեսակի)։ Այդ պահուն մատը iPod-ի ձայնը կ'անջատէ սեղմակին վրայ կը դնէ, եւ երբ ան բաց կը ձգէ ստեղնը, կը սկսի լսուիլ «Bad Romance»-ը։ Արեւու լոյսը կ'իյնայ լոգասենեակի պատերուն վրայ եւ կ'աշխատի ֆլորեսցետեան լոյսարձակը, որմէ ետք կ'երեւի, գրուած, «Bath Haus of GaGa»-ն։ Ատկէ տք պարողները, որոնք հագած են սպիտակ տաբատ եւ մինչեւ ծունկեր երկարաճիտ կօշիկներ եւ ունին թագի նման սանրուածք, դուրս կու գան հաւկթանման անկողիններէ։ Կենդոնական անկողինին վրայ գրուած է «հրէշ», եւ անկէ ալ դուրս կու գայ Կական, ով հագուած էր այդ պարողներու նման, որոնք կը սկսին պարել անոր ետեւը։ Երբ կը սկսի կրկներգը, երկու աղջիկներ կը հանեն Կական լոգարանէն, կը պատռեն անոր հագուստը եւ կը ստիպեն խմել բաժակ մը Nemiroff Lex օղի։ Երբ կը սկսի երկրորդ քառատողը, Կական կը հագնի «գորսէ» մը, որ զարդարուած է ադամանդներով, կը սկսի գայթակղիչ ձեւով պարել տղամարդկանց խումբին առջեւ, որոնք կը գնահատեն անոր։ Ան կ'ընտրէ տղամարդու մը եւ կը պարէ անոր ծունկերուն վրայ։ Ատկէ ետք ալ տղամարդը կը բարձրացնէ իր խաղադրոյքը եւ կ'առաջարկէ անոր համար լաւագոյն գինը։ Երբ կրկներգը կը հնչէ երրորդ անգամ, Կական արդէն հագած էր երկար փէշերով զգեստ, որ ունէր նաեւ արջի մորթէ օձիկ։ Ան կը պառկի տղամարդուն մօտ, որ պառկած է անկողինին մէջ, արձակելով իր շապիկի կոճակները։ Կական կը ցուցաբերէ անտարբերութիւն եւ կը լքէ իր հագած հագուստը եւ արեւային ակնոցները։ Յանկարծակի կերպով, անկէ ետք, անկողինը կը բռնկի այնտեղ պառկած տղամարդուն հետ։ Տեսահոլովակը կ'աւարտի անորմով, որ Կական պառկած է անկողնի մէջ այրած կմախքի հետ պատուած մոխիրով։ Ան կը ծխէ ծխախոտ այն ժամանակ, երբ անոր կրակ արձակող կրծքկալը կ'արձակէ կայծեր։[33]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Harding Cortney (2009-10-01)։ «Lady Gaga: First Lady»։ Billboard (Nielsen Business Media, Inc)։ արտագրուած է՝ 2010-01-31
- ↑ Kaufman Gil (2009-10-02)։ «New Lady Gaga Track 'Bad Romance' Leaks»։ MTV (MTV Networks)։ արտագրուած է՝ 2010-01-31
- ↑ Reporter RS (2009-09-29)։ «Lady Gaga Readies New Single for “SNL,” “The Fame” Re-Release»։ Rolling Stone (Jann Wenner)։ արտագրուած է՝ 2010-01-31
- ↑ Reporter RS (2009-10-05)։ «Lady Gaga Fights Madonna, Debuts “Bad Romance” on “Saturday Night Live”»։ Rolling Stone (Jann Wenner)։ արտագրուած է՝ 2010-01-31
- ↑ «SHOWstudio presents Alexander McQueen S/S10 Live»։ SHOWstudio.com։ 2009-10-07։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-16-ին։ արտագրուած է՝ 2010-01-31
- ↑ Lamb Bill (2009-1016)։ «Lady GaGa's "Bad Romance" Cover Art – Out in Less Than Two Weeks»։ About.com (The New York Times Company)։ արտագրուած է՝ 2010-01-31
- ↑ Bryant Ali (2010-01-15)։ «Going Ga-Ga»։ Grazia (Mumbai, India: Arnoldo Mondadori Editore) 2 (10): 56–58։ ISSN 1756-364X
- ↑ Lamb Bill (2009-10-20)։ «Lady Gaga – "Bad Romance"»։ About.com։ The New York Times Company։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-16-ին։ արտագրուած է՝ 2010-02-01
- ↑ Cinquemani Sal (2009-11-18)։ «Lady Gaga: The Fame Monster»։ Slant Magazine։ արտագրուած է՝ 2010-02-01
- ↑ Price Simon (2009-11-22)։ «Album: Lady Gaga, The Fame Monster (Polydor)»։ The Independent (Independent News & Media)։ արտագրուած է՝ 2010-02-01
- ↑ Lester Paul (2009-11-20)։ «Lady Gaga The Fame Monster Review»։ BBC (BBC Online)։ արտագրուած է՝ 2010-02-01
- ↑ «Digital Sheet Music – Lady Gaga – Bad Romance»։ Music Notes։ Alfred Publishing։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-16-ին։ արտագրուած է՝ 2010-02-01
- ↑ Kreps Daniel (2009-10-02)։ «Is Lady Gaga's “Bad Romance” Bound for “SNL”? New Track Hits the Web»։ Rolling Stone (Jann Wenner)։ արտագրուած է՝ 2010-02-01
- ↑ Anitai Tamar (2009-11-02)։ «Lady Gaga On MTV's 'It's On With Alexa Chung'»։ MTV (MTV Networks)։ արտագրուած է՝ 2010-02-01
- ↑ Lamb Bill (2009-11-23)։ «A Real Work of Pop Art – Not a Stopgap Release»։ About.com (The New York Times Company)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Kreps Daniel (2009-10-02)։ «Is Lady Gaga's “Bad Romance” Bound for “SNL”? New Track Hits the Web»։ Rolling Stone (Jann Wenner)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Farley Christopher John (2009-11-11)։ «Lady Gaga: “Bad Romance” Plus Crowns, Kinkiness and Choreography»։ The Wall Street Journal (Dow Jones & Company)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Cinquemani Sal (2009-11-18)։ «Lady Gaga: The Fame Monster»։ Slant Magazine։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Price Simon (2009-11-22)։ «Album: Lady Gaga, The Fame Monster (Polydor)»։ The Independent (Independent News & Media)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Empire Kitty (2009-11-22)։ «Lady Gaga: The Fame Monster»։ The Guardian (Guardian Media Group)։ արտագրուած է՝ 2009-11-23
- ↑ Lester Paul (2009-11-20)։ «Lady Gaga The Fame Monster Review»։ BBC (BBC Online)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Wood Mikael (2009-11-23)։ «Album review: Lady Gaga's 'The Fame Monster'»։ Los Angeles Times (Tribune Company)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Dolan Jon (2009-11-23)։ «Lady Gaga: The Fame Monster Review»։ Rolling Stone (Jann Wenner)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Hubbard Michael (2009-11-23)։ «Lady Gaga: The Fame Monster, track-by-track»։ MusicOMH։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-16-ին։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Herrera Monica (2009-11-13)։ «New Releases: Lady Gaga "Bad Romance"»։ Billboard (Nielsen Business Media, Inc)։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Staff Pitchfork (2009-12-15)։ «The Top 100 Tracks of 2009»։ Pitchfork Media։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-16-ին։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ Харебава Георгий (2009-11-23)։ «Lady GaGa "The Fame Monster"»։ Muz.ru (ЗАО "МУЗ.РУ")։ արտագրուած է՝ 2010-02-03
- ↑ «The Best 25 Songs Of 2009»։ Rolling Stone (Jann Wenner)։ 2009-12-31։ ISSN 0035-791X
- ↑ 29,0 29,1 Hiatt Brian (2009-10-21)։ «Inside The Monster Ball: Lady Gaga Reveals Plans for Ambitious New Tour»։ Rolling Stone (Jann Wenner)։ արտագրուած է՝ 2009-10-21
- ↑ 30,0 30,1 30,2 Vena Jocelyn (2009-111-09)։ «Lady Gaga Says 'Bad Romance' Video Is About 'Tough Female Spirit'»։ MTV (MTV Networks)։ արտագրուած է՝ 2009-11-10
- ↑ «"Bad Romance" Video Premiere!»։ Haus Of Gaga (LadyGaga.com)։ 2009-11-06։ արտագրուած է՝ 2009-11-10
- ↑ Dinh James (2009-11-11)։ «Lady Gaga Fans React To 'Bad Romance' Video»։ MTV (MTV Networks)։ արտագրուած է՝ 2009-11-11
- ↑ The Fame Monster (Liner Notes [CD, Vinyl]). Lady Gaga. Interscope Records. 2009. 0602527252766.