Լոլիկի հիւթ (անգլերէն՝ Tomato juice), լոլիկէն ստացուած հիւթ։ Կ'օգտագործուի խմիչքի տեսքով։

Ամերիկայի մէջ, կ'ենթադրուի, որ առաջին անգամ լոլիկի հիւթ վաճառուած է 1917-ին եւ զայն վաճառողը եղած է Ինտիանայի հարաւը գտնուող «Ֆրենչ Լիք Սփրինկս» հիւրանոցին (French Lick Springs Hotel ) սեփականատէր Լուիս Փերին։ Այն ատեն անոր նարինջի հիւթը սպառած էր, եւ անհրաժեշտ էր զայն անյապաղ փոխարինել ուրիշ ըմպելիքով մը։ Փերիի կողմէ յայտնաբերուած լոլիկ, շաքար եւ յատուկ թացան մը պարունակող հիւթին բաղադրատոմսը արագ էր. այսպիսով Շիքակոյի մէջ կը յայտնուի լոլիկի հիւթէ պատրաստուած առաջին խմիչքը։

1937-ին ԽՍՀՄ-ի մէջ կ'արտադրուի լոլիկի հիւթի առաջին խմբաքանակը։ Մոսկուայի Կրկէսային հրապարակին մէջ կը կազմակերպուի լոլիկի հիւթի անվճար համտես մը։ Այնուամենայնիւ, համտեսողներուն մեծամասնութիւնը բացասական գնահատական կու տայ։ Աւելի ուշ, գովազդային հրաշալի արշաւի մը շնորհիւ լոլիկի հիւթը լայն ճանաչում կը գտնէ[1]։

Խորհրդային Միութեան մէջ լոլիկի հիւթը կը տարածուի մթերային խանութներու, մանկապարտէզներու, ուսումնական հաստատութիւններու, ճաշարաններու, թատրոններու եւ սրճարաններու մէջ։

Լոլիկի հիւթ արտադրող ընկերութիւններէն շատերը անոր մէջ աղ կ'աւելացնեն։ Յաճախ կ'աւելցնեն նաեւ սոխի կամ սխտորի փոշի եւ տարբեր համեմունքներ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոլիկի հիւթի զանգուածային արտադրութիւնն ու իրացումը կը սկսի 1920-ական թուականներու կէսերուն, եւ քանի մը տարի ետք անիկա կը դառնայ փնտռուած ըմպելիք մը՝ նախաճաշի համար[2]։

Քանատական օրէնքները կը պահանջեն, որ լոլիկի հիւթը քամեն ամբողջական լոլիկներէ, մինչդեռ ԱՄՆ-ի մէջ լոլիկի հիւթի մեծ մասը կը պատրաստուի լոլիկի թացանէն։

Լոլիկի հիւթը կրնայ պաշտպանել կարգ մը հիւանդութիւններէ[3]։ 2000-ին կատարուած փոքրածաւալ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ լոլիկի հիւթը կը պարունակէ այնպիսի գործօն մը (ծածկագիր՝ P3), որ կը կանխէ արեան խցանումը: Ուսումնասիրութիւններու հեղինակները կ'ենթադրեն, որ լոլիկի հիւթը կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ շաքարախտէ տառապողներու համար, սակայն սահմանափակ քանակով օգտագործելու պարագային:

Լոլիկի հիւթը, իբրեւ ըմպելիք, յաճախ կը մատուցեն օդանաւի ուղեւորներուն։ Օրինակ՝ 2008-ին, «Լիւֆթանզա» (Lufthansa) օդանաւային ընկերութեան վաճառուած է 1.7 միլիոն լիթր լոլիկի հիւթ. ըստ կարգ մը ենթադրութիւններու անիկա թռիչքի ընթացքին ճնշման անկում կ'ապահովէ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Լոլիկի հիւթ
  2. Nineteen Twenties — Kathleen Morgan Drowne, Patrick Huber — Google Books
  3. «Health Benefits of raw tomato juice»։ Health Care։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 Ապրիլ 2012-ին։ արտագրուած է՝ 16 Մայիս 2012-ին