Խաչատուր Փիլիկեան

Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեան (ծնած է 1937-ին, Մուսուլ, Իրաք - մահացած է 28 Յուլիս 2019-ին,Լոնտոն, Անգլիա): Ճարտարապետ,արուեստագէտ, գեղանկարիչ եւ մեներգիչ

Խաչատուր Փիլիկեան
Ծնած է 1937-ին
Ծննդավայր Մոսուլ, Իրաքի Թագաւորութիւն
Մահացած է 28 Յուլիս 2019(2019-07-28)
Մահուան վայր Լոնտոն, Անգլիա
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն արուեստագէտ
Մասնագիտութիւն Ճարտարապետ
Աշխատավայր գեղանկարիչ եւ մեներգիչ


Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեան 1957-ին Հռոմի մէջ ուսանած է ճարտարապետութիւն, յաճախած նոյն քաղաքի Գեղարուեստի ակադեմիան՝ Փրոֆ.Պիթորիի մօտ ու դասեր առած երաժշտանոցի երգի դասարանէն։ Գեղանկարիչ եւ մեներգիչ Խաչատուր Փիլիկեան ապրած է Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ եւ վերջապէս, 1978-էն ետք՝ Անգլիա։


  Ընտանեօք Մուսուլ–Նինուէ թողնելէ վերջ, Պէյրութ բնակելնէս առաջին տարուայ մէջ 1952-ին, իմ առաջին ‘հսկայ‘ մէկ մէթրնոց իւղաներկ պաստառս` Մուրիլլօի Աւետում –ի ընդօրինակումն էր, թանկագին մօրս խնդրանքով, երբ որեւէ արուեստի հիմնարկ դեռ ոտք չէի դրած: — ”Տղաս, պոյըտ տեսնեմ, հոս հոն կը գծես ու կը ներկես, կրնա՞ս այս գեղեցիկ նկարը մեծցնել” Խնդրելով` ասպարեզ կարդաց մայրս:  



  1970 ական թուականներու կիսուն երբ կը դասաւանդէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, եւ անհանգստութեամբ նոյն համալսարանին հիւանդանոց ստիպուեցայ մնալ, գողցան ձեռքի Օմեկա օթամաթիկ ժամացոյցս զորս ձեռքս օրհնութեամբ անցուցած էր մեր հոյակապ Ամենայն Հայոցը` Վազգէն Առաջինը, Էջմիածնայ վեհարանին մէջ իմ մենահամերգիս վերջաւորութեան, Փետրուար 23 1961-ին: Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեան  


Ցուցահանդէս եւ Միջազգային Մրցանակ

Խմբագրել

1961-ին Հռոմի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեան արժանացեր է միջազգային 2-րդ մրցանակի։

1967-ին Պէյրութի մէջ կազմակերպեր է իր գործերու ցուցահանդէսը։[1]։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

«Յաւերժական սէր»

«Սիրոյ պատմութիւն»

«Բնորդուհին»

«Համբոյր»

«Սերենատ ցուլին»


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Դանիէլ Դզնունի, Հայ կերպարուեստագէտներ, համառօտ բառարան

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Մահ՝ Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեանի

Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեանի ստեղծած կտաւներու ոդիսական պատմութիւնը. Archived 2020-07-02 at the Wayback Machine.