Խոսրով Քէշիշեան

Խոսրով Քէշիշեան Համբարձումի (1879 կամ 1880, Մալաթիա, Թուրքիա - 15 Յունիս 1915(1915-06-15), Մալաթիա, Թուրքիա) հայ դեղագործ, գրող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ։

Խոսրով Քէշիշեան
Ծնած է 1879 կամ 1880
Ծննդավայր Մալաթիա, Թուրքիա
Մահացած է 15 Յունիս 1915(1915-06-15)
Մահուան վայր Մալաթիա, Թուրքիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Եփրատ Գոլէճ
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բժիշկ, հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1879/1880 թուականին, Խարբերդի նահանգի Մելիտինէի գաւառի կեդրոն՝ Մելիտինէ քաղաքին մէջ։ Բժիշկ Միքայէլ Քէշիշեանի եղբայրն է։ Կրթութիւնն ստացած է ամերիկացի մի­սի­ո­ներ­նե­րու Խարբերդի Եփրատ քոլէճէն ներս։ 1900-1902 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ դեղագործի կոչում կը ստացած։ Վերադառնալով Մելիտինէ՝ եղբօր՝ Միքայէլի նիւթական աջակցութեամբ բացած է սեփական դեղատուն եւ որպէս դեղագործ աշխատած։ Յարանուանութեամբ աւետարանական է։ Եղած է ՀՅԴ–ի գործիչ, գրող։

1915 թուականին թուրքերը իմանալով բժիշկ եղբօր՝ Միքայէլի, Օսմանեան բանակէն փախելուն ու Զօրավար Անդրանիկի բանակին միանալուն մասին, անմիջապէս ձերբակալած են զինք։ Թշնամիին ձեռքով չսպանուելու համար Խոսրովը Մելիտինէի բանտին մէջ թոյն կը խմէ։ Սակայն թուրք դահիճները զինք շտապ դեղաթափ ըրած են, եւ ի պատիժ այդ յանդգնութեան, դաժանաբար կացնահարած են 1915 թուականի Յունիս 15-ին՝ 36 տարեկան հասակին։ Այդ մասին Արշակ Ալպօյաճեան կը գրէ. «…1915 թուականին Մե­լի­տի­նէի մէջ ալ առա­ջին ան­գամ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան մտա­ւո­րա­կան առաջ­նորդ­ներ, որոնց հետ էր Խոս­րով Քե­շի­շե­ա­նը, որ դժո­խա­յին տան­ջանք­նե­րէ յե­տոյ կա­ցի­նա­հար սպան­նո­ւած է թուրք ճի­ւաղ­նե­րու կող­մէ»[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ար­շակ Ալ­պօ­յա­ճե­ան, Պատ­մու­թիւն Արաբ­կի­րի հա­յոց, Պէյ­րութ, 1915:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն Արաբկիրի հայոց, Պէյրութ, 1915։
  • Հայ բժշկութթեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Յուշամատթեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Թէոդիկ, Գողգոթայ հայ հոգեւորականութեան, Նիւ Եորք, 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լ., Բաբլումեան Ա., Ցուցակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։
  • Քէստենթեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկթեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-11-2012։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։