Խորէն Աւագ Քհնյ. Գուլիկեան

Խորէն Ա. Քհնյ. Գուլիկեան Աւազանի անունով [Խորէն, Խորէն,] որդի Թադէոսի ծնած Զէթունի մէջ, 1896-ին։ Երեք տարեկանին որբացած է հօրմէն ու մեւծցած է մեւծ Հօր խնամատարութեան նեւրքեւ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած նախ ծննդավայրի թաղային ծաղկոցին եւ ապա կեդրոնական բարձրագոյն նախակրթարանին մկջ։ Աւետարանական տարին շնորհաղարդ Սահակ Բ, Կաթողիկոս հուվուապետական այցելութիւն կու տայ Զէյթուն եւ այդ առիթով Խորէն կը ներկայանայ վեհափառին ու կը խնդրէ դպրեվանք ուսանիլ։ Կաթողիկոսը քննութիւնը անցնելէ ետք զինք, կը ղրկէ Սիսի ժառանգաւորած վարժարանը՝ կուսակրօն եկեղեցական պատրաստուելու համար։

Խորէն Աւագ Քհնյ. Գուլիկեան
Ծնած է 1896
Ծննդավայր Զէյթուն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1959

Կեսագրութիւն

Խմբագրել

Ա. Աշխարհամարտին կ՛աւարտէ ժառանգաւորածի քառամեայ շրջանը ու կը մտնէ ընծայարան, ուր երկու տարի յաճախելէ ետք, չի կրնար շարունակել 1915-ի տարագրութեան պատճառով։

Խորէն կարգ մը միարարներու հետ կ՛աքսորուի։ ան միարանութեան ընկերակկութեամբ՝ 23 օր կը ճամբորդէ գոմէշի կառքերով, իր հետ առած լուսաւորիչի Աջը, Ս. Միւռրոնի կաթսան ու այլ սրբազան անօթներ։ Բաղում դժուարութիւններէ ետք կը յաջողի զանոնք փոխդրել Հալէպ։ Սակայն ճամբորդութեան պատճարով Խորէն Թիոֆիտէ բունուելով կը հիւանդանայ ու կը փոխադրուի հիւանդանոց։

Նոյն ժամանակամիջոցին, Վեհափառ հայրապետն ու Կիլիկեան Աթոռի միաբաններ կ՛աքսորուին նախ Իտլիպ եւ ապա Երուսաղէմ։

Խորէն կը մնայ հիւանդ ու անտէր, որովհետեւ ծնողքն ու բոլոր պարագաները արդէն տէր Զոր աքսորուած ջարդուած էին։

Նման պարագաներու բերումով Խորէնին Վանական կեանքը վերջ կը գտնէ։ Հակառակ Գիւտ Եպս. Մխիթարեանի զինքու Հալէպ գտնուող իր դասընկերները Երուսաղէմ կանչելուն՝ անկարելիո կ՛ըլլայ դպրեվանք երթալ։

Ան աւելի քան մէկ ու կէս տարի շատ խեղճ ու հալածուած կեանք մը ապրել ետք, կը յաջողի մտնել գերմանացիներուն քով։ Առիթէն օգտուելով կը սորվի գերմներէն եւ կը հետեւի հոգեբանական եւ մանկավարժական դասերու։ Այստեղ կը պաշտօնավարէ մինչեւ անգլիական բանակին մուքը Հալէպ։

1918-ի զինադադարին, ան կ՛անցնի Տէօրթ Եօլ եւ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ տեղւոյն Ազգ. վարժարանին մէջ։ Տարիներու իր սիւթական խնայողութեամբ կ՛ամուսնանայ ու կ՛ունենայ չորս աղջիկներ։

1920-1921 Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ան ընտանէօք կը տեղափոխուի Հալէպ, ուր չորս տարիներ յաջորդաբար ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ Կիլիկեան ու Հայկազեան վարժարաններուն մէջ։

1925-ին կը հրաւիրուի Հոմսի Ազգ. Վարժարանին մէջ տնօրէնութեան եւ ուսուցչութեան զոյգ պաշտօններ վարելու։

Երկու տարի ետք, իր փափաքով ու Վեհափառին բարեհաճ հաւանութեմբ կը կոչուի քահանայութեան։

Իր ձեռնադրութիւնը ու օծումը տեղի կ՛ունենայ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի ձեռմամբ, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 25 Սեբտեմբեր 1927-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, կոչուելով աւազանի անունով՝ Տէր Խորէն։

Քառասնօրեայ շրջանը լրանալէնէն ետք, Վեհափառրին տնօրրինութեամբ, Տէր Խորէն կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ հարաւային Լիբանանի, Տիւրոսի եւ Սիդոնի հայութեան եւ տնօրէն ուսուցիչ՝ տեղւոյն Ազգ. վարժարանին։

Երեք տարիներու ծառայութենէ ետք, 1930-ին, Գրրգ- Խանի ժողովուրդին միահամուռ փափաքին ու պնդումին վրայ, Սահակ Կաթողիկոսի արտօնութեամբ կը տեղափոխուի նոր շրջանը։

Գրրգ-Խանի մէջ կային աւդլի քան հազար հայ ընտանիքներ, որոնցմէ երեգ հարիւր ընտանիք բողոքական ու կաթողիկէ դարձած էին։

Տէր հօո առաջին գործը կ՛ըլլայ լաւապէս ուսումնասիրել գաղութը եւ ապա գործի անցնիլ։ Թաղականութեան ու տեղւոյն ազգայիններու հետ ձեռք ձեռքի տալով, ան կը ձեռնարկէ գաղութը կազմակերպերլու, եկեղեցին ու դպրոցը վերաշխուժացնելու առաքելութեան։

Իբրեւ պատրաստուած ու խորձառու կրթական մշակ, ան կը ստանձնէ 550 երկսեռ ուսանողութիւն հաշուող Ազգ. վարժարանի տեսչութիւնը, զոր ձեռնհասօրէն կը վարէ մօտաւորապէս ինը տարիներ, դպրոցին բերելով կրթական նոր շունչ։

Իր քահանայագործութեան ընթացքին, յարատեւ աշխատանքով, քարողախօսութեամբ ու ծխական այցելութեամբ կը յաջողի դաւանափոխ մե զաւակներուն մեծ մասը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի վերադարցնել։

Հովուական, կրթական ու վարչական քկեանքի մէջ արձանագրած յաջողութիւնները հեղինակութիւնը կը բարձրացնեն, կը զօրացնեն ու ժողովուրդին վստահութիւնը կը խորացնեն։

Այս գաղութին մէջ իր ծառայութիւնը կը տեւէ ինը տարի։ 1939-ին երբ Սանճագ-Իսկէնտէրունը կը կցուի Թուրքիոյ եւ շրջանը կը պարպուի հայութենէ, տէր հայրը հարկադրուած կը գաղթէիր հօտին հետ ու կարճ ժամանակ մը ետք կը փոխադրուի Կիպրոս եւ հոգեւո հովիւ կը նշանակուի Նիկոսիոյ հայ գաղութին։

Ան նոր շունչով ու թափով կը սկսի քահանայագործութեան եւ իր փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ նոր հօտին։ Շուտով լեզու կը գտնէ տեղւոյն պատասխանատութիւններուն հետ ու իր գործունէութեամբ կը շահի ժողովուրդին համակրանքը։ Իբրեւ վաստակաւոր ուսուցիչ, ան կը դասաւանդէ կրօն ու գրաբար Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան մէջ։ ժամանակ մը ետք, կը վարէ նաեւ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։

Առ ի գնահատանք տարիներու բարւոք իր ծաօայութեան, 1937-ին, Սահակ Բ.Կաթողիկոսէն ը ստանայ Լանջախաչ կրելու իրաւունք։ 1942-ին կը ստանայ Աւագութեան տիտղոս իւ միաժամանակ կրկին ոսկեղօծ Լանջախաչ կրելու պատիւ, իսկ 1947-ին Սեւ Ծաղկեայ փիլոն կրելու իրւունք։

Ան կը մահուան 1959-ին եւ մարմինը կ՛ամբոբւի տըղւոյն Ազգ. Գերեզմանատունը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։