Կալա Արթ (ցուցասրահ)
«Կալա Արթ» ցուցասրահը, ցուցասրահ Երեւանի մէջ: Հիմնադրուած է 13 Հոկտեմբեր 2012-ին[1]։ Ցուցասրահի հիմնադիր տնօրէններն են ամուսիններ Աւետիս Պէրպէրեանն ու Նուշիկ Միքայէլեանը[2]։
Նպատակներ
Խմբագրել«Կալա Արթ» ցուցասրահի հիմնական նպատակներէն է միջազգային արուեստի շուկային մէջ հայկական կերպարուեստի մնայուն տեղը հաստատել, հայ արուեստագէտներու աշխատանքներով հանդէս գալով լաւագոյն միջազգային ցուցահանդէսներուՆ։ ԳործունԷութեան հիմնական մաս կը կազմէ նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներու բացայայտումն ու միջազգային ասպարէզին մէջ անոնց աշխատանքներու տարածումը։
Ցուցադրութիւններ
ԽմբագրելՑուցասրահին մէջ կը ներկայացուին 19-րդ դարէն՝ մինչեւ ժամանակակից, պատմականօրէն յայտնի արուեստագէտներու գեղանկարներ եւ քանդակներ։ «Կալա Արթը» կը ներկայացնէ ազգային եւ միջազգային ճանաչում վայելող շուրջ 100 գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու, որոնց աշխատանքները կը զարդարեն լաւագոյն հաւաքածոները՝ հայ դասական մեծագոյն վարպետներու (Մարտիրոս Սարեան, Մինաս Աւետիսեան, Գէորգ Բաշինջաղեան, Յարութիւն Կալենց, Յակոբ Յակոբեան) եւ ժամանակակից արուեստագէտներու՝ Այվազ Աւոյեան, Արեւ Պետրոսեան, Արկադի Պետրոսեան, Աշոտ Պաղտասարեան, Կարէն Պաղտասարեան, Յարութիւն Յակոբեան, Հերիքնազ Գալստեան, Վաւ Յակոբեան եւ շատ ուրիշներու գործեր[3]։
Հիմնական ծառայութիւններ
Խմբագրել- Յատուկ միջոցառումներու եւ հաւաքոյթներու համար արուեստի գործերու տրամադրում, ցուցադրութեան կազմակերպում, մասնագիտական տեղափոխում եւ տեղադրում
- Արուեստի գործերու խորհրդատուութիւն եւ ընտրութիւն
- «Կալա Արթ» ցուցասրահի տարածքի վարձակալին մէջ մշակութային բարձրակարգ միջոցառումներու, հանդիպումներու եւ ընկերական յատուկ հաւաքոյթներու համար
Ցուցահանդէսներ
Խմբագրել- 2014 «Պէյրութ Արթ Ֆէր» միջազգային ցուցահանդէս[4][5][6]
- 2014 «Արթ Քոքթէյլ» ցուցահանդէս
- 2014 «Արուեստի գլուխկոտրուկ» 29 արդի եւ ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէս[7]
- 2013 «Համաշխարհային մոդեռնիստ վարպետներ», ցուցահանդէս նուիրուած Փիքասոյի, Մարք Շակալի, Միրոյի, Մատիսի եւ Դալիի օրիգինալ լիտոգրաֆիաներուն[8][9]
- 2013 «Տիեզերքը մենք ենք», 19-րդ դարէն մինչեւ 2014՝ շուրջ 150 աշխատանքներու ցուցադրութիւն
- 2013 «Ժամանակը սէր է», ցուցահանդէս նուիրուած Սուրբ Սարգիսի տօնին[10]
- 2012 «Դու եւ գոյնը», Նոր տարուան յատուկ տօնական արուեստի հաւաքածոյի ցուցահանդէս
- 2012 «Բացման ցուցահանդէս», 40 արուեստագէտներու մասնակցութեամբ
Հասցէ
ԽմբագրելՑուցասրահը կը գտնուի Երեւանի Բայրոնի փողոցի 12 հասցէին վրայ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Արուեստը կը մաքրէ հոգին
- ↑ Արուեստի շունչ Բայրոնի փողոցին վրայ
- ↑ Կը վաճառուի Սարեան, Մինաս, Գառզու
- ↑ «Պէյրութ Արթ Ֆէյր» միջազգային ցուցահանդէս
- ↑ Հայ Արուեստագէտներ Կը Մասնակցին «Պէյրութ Արթ Ֆեր» Միջազգային Ցուցահանդէսին
- ↑ 5-րդ Պէյրութ Արթ Ֆէր, Սեպտեմբերի 18-21
- ↑ «Արուեստի գլուխկոտրուկ». 29 հայ արուեստագէտներու աշխատանքները այցելուներուն կը ներկայանան մէկ ցուցահանդէսով
- ↑ Երեւանի մէջ բացուած է Փիքասոյի, Դալիի, Մատիսի, Շակալի աշխատանքներու ցուցահանդէսը
- ↑ Փիքասոյի, Շակալի, Դալիի աշխատանքները կըներկայացուին երեւանեան ցուցահանդէսին
- ↑ Սուրբ Սարգիսի տօնին առթիւ կը բացուի «Ժամանակը սէր է» խորագրով ցուցահանդէսը
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Կալա Արթ ցուցասրահի պաշտօնական կայքը Archived 2014-12-17 at the Wayback Machine.