Կարապ (համաստեղութիւն)
Կարապ (լատ.՝ Cygnus)՝ հիւսիսային կիսակամարի համաստեղութիւն է Ծիր Կաթինի հարթութեան վրայ: Ամառուան եւ աշնանը երկնակամարի ամէնաճանչնալի համաստեղութիւններէն է եւ անոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ իր մէջ կը պարունակէ Հիւսիսային Խաչ անունով ասթերիզմ մը (ի հակադրութիւն Հարաւային Խաչի): Ան նկարագրած է Հին աշխարհի աստղագէտ Պտղոմէոսը:
Կարապ | |
Լատիներէն | Cygnus |
---|---|
Սեռական | Cygni |
Հապաւում | Cyg |
Ամէնամօտ աստղ | 61 Cyg ( լտ) |
Հարեւան համաստե- ղութիւններ | |
Տեսանելի է +90° եւ −40°. լայնութիւններու միջեւ: Ամէնատեսանելին է Սեպտեմբեր ամսուան ժամը 21:00-ին (երեկոյան 9-ին): |
Կարապը կը պարունակէ գիշերային երկինքի ամէնապայծառ աստղերէն մեկը՝ Տանապը, որ Ամառուան Եռանկիւնիին անկիւններէն մեկն է, ինչպէս նաեւ X-ճառագաիթներու որոշ աղբիւրներ եւ Cygnus OB2 հսկայ աստղաբոյլը:
Հիւսիսային Խաչը
ԽմբագրելԿարապը յայտնի է նաեւ որպէս Հիւսիսային Խաչ, որուն պոչի Տենեպ աստղն իր անունն ստացած է արաբերէն «պոչ» բառէն:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԸստ յունական դիցաբանութեան Կարապը կը նոյնացուէ մի քանի նշանաւոր կարապներուն հետ: Զեւսը քողարկած է ինքզինք կարապի մը տեսքով Սպարտայի թագաւոր Թինտարեւսի կինը՝ Լեդան գայթակղելու համար, որ ծնած է Քաստորը եւ Փոլուքսը, Հեղինէն եւ Կղիթեմնեստրան: Օրփեւսը կարապի վերափոխուած է իր մահէն ետք եւ տեղաւորուած է երկինքին վրայ իր քնարին քովը:
Յոյները նաեւ կը կապէին սա համաստեղութիւնը Փաէթոնի պատմութեան հետ, որ արեւի աստուած Հելիոսի զաւակն էր եւ մեկ օրով վերցրած էր իր հօր կառքը վարելու: Սակայն, Փաէթոնը չկրցաւ սանձերը պահել, ստիպելով Զեւսը կործանել կառքը (եւ Փաէթոնը) եւ ա որ ան իր կառքով գահավիժի երկրին վրայ Էրիդանոս գետին մէջ: Միւթոսին համաձայն Փաէթոնի եղբայր Կիկնոսը դաժանաբար կը ցաւեր եւ շատ օրեր անցկացուց գետին մէջ, հաւաքելով Փաէթոնի ոսկորները եւ ենթարկեց զանոնք պատշաճ յուղարկաւորութեան: Աստուածներ այնչափ զգացուած էին իր եղբոր հանդէպ Կիկնոսի նուիրուածութիւնով, որ դարձուցին անոր կարապ եւ տեղաւորեցին աստղերուն մէջ:[1]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ P.K. Chen (2007) A Constellation Album: Stars and Mythology of the Night Sky, p. 70 (978-1-931559-38-6).