Կարիկ Պասմաճեան
Կարիկ Պասմաճեան, ծնած է 1947 թուականին Երուսաղէմ, ուր ապրած է մինչեւ 1965 թուականին։ Տասնութ տարեկան մեկնած է Հայաստան, հետեւած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրութեան ճիւղին (1966-1972), ապա վերադարձած է արտասահման եւ հաստատուած Փարիզ՝ ուր կ'ապրի ներկայիս։
Կարիկ Պասմաճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1947 թուականին |
Ծննդավայր | Երուսաղէմ |
Մահացած է | ոչ վաղ քան 29 Յուլիս 1989 |
Քաղաքացիութիւն | Իսրայէլ[1] |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, gallerist, թարգմանիչ |
Մինչեւ 1969 չէ գրած հայերէնով. գրած է անգլերէնով եւ այդ լեզուով ալ հրատարակած է քերթուածներու իր առաջին հատորը՝ 1968 թուականին («Ցոլքեր»):
1967 թուականին, Երեւանի մէջ, Գուրգէն Մահարի հայէրէնի կը թարգմանէ իր բանաստեղծութիւններէն չորսը եւ կը հրատարակէ «Գրական Թերթ»ի մէջ 3 Փետրուար 1967 թուականին։ Երկու տարի ետք է որ ինքնագիր եւ հայալեզու իր առաջին քերթուածը տեղ կը գտնէ նոյն շաբաթաթերթին մէջ ու Կարիկ կը ստանայ հայ բանաստեղծի իր մկրտութիւնը:
1969-1980 տուած է հայալեզու իր ստեղծագործութեանց հինգ հատորները, «Լուսատըտիկ»՝ 1971, «Շթաքարեր»՝ 1973, «Բեղմնափոշի»՝ 1976, «Վերադառնում եմ իմ սկիզբը»՝ 1978 եւ «Անաւարտ Խաղ»՝ 1980:
Կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ անգլերէնէ եւ արաբերէնէ, ներկայացնելով անգլեւամերիկեան եւ արաբական ժամանակից բանաստեղծութիւնը։ Անգլերէնի թարգմանած է հատընտիրներ Պրոյր Սեւակի եւ Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններէն եւ հրատարակած է ամերիկեան, անգլիագիր բանաստեղծներու գործերէն ծաղկաքաղ մը՝ անգլերէնով ու հայերէնով։
Գրական ակնարկներով, ուսումնասիրութիւններով եւ ինքնագիր բանաստեղծութիւններով աշխատակցած է Հայաստանի թէ Սփիւռքի գրական պարբերաթերթերուն («Սովետ. Գրականութիւն», «Գրական Թերթ», «Գարուն», «Անդաստան», «Նայիրի», «Սփիւռք», եւ այլն»), ինչպէս նաեւ անգլիական «Էնքաունթըր» եւ «Տը Լիթըրըրրի Թապլոյտ» հանդէսներուն։
Գրած է յառաջաբաններ եւ խմբագրած՝ Փարիզի «Քաթրա» մշակութային խմբակցութեան կողմէ հրատարակուած գրքոյկներ, ինչպէս Բիւզանդ Թոփալեանի «Դաշտանկար»ը «1976», եւ «Իրանահայ Բանաստեղծներ» (1976), «Իսթանպուլահայ Բանաստեղծներ» (1977) անուններուն տակ՝ գաղութներու մէջ ապրող քերթողներէ հատըտնտիր էջեր[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Identifiants et Référentiels — ABES, 2011.
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։