Կարմիր Դրօշակ (թերթ, Թիֆլիս)
«Կարմիր Դրօշակ», բոլշեւիկեան քարոզչական օրաթերթ, «Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն» կազմակերպութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած 1918 թուականին, Թիֆլիսի մէջ (Մարտին՝ 14 համար «Կարմիր Օրեր» անուամբ, Ապրիլին՝ 11 համար «Կարմիր Դրօշակ»)։ Առաջին համարին մէջ հրապարակած է «Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն» կազմակերպութեան հիմնադրման եւ Հայաստանի դեկլարացիա-մանիֆեստը։
Տպագրած է Քարլ Մարքսի եւ Ֆրիդրիխ էնգելսի «Կոմունիստական կուսակցութեան մանիֆեստ»-ի մէկ մասը, Վլատիմիր Լենինի «Նամակ Ստեփան Գէորգի Շահումեանին» եւ այլ գործեր։
Թերթը անուերապահօրէն սատարած է Կոմինտէրնը, ողջունած անոր որոշումները, ջատագոված անոնց իրագործումը։
Տպագրած է Մաքսիմ Կորքիի «Բազէի երգը» ստեղծագործութիւնը։ Աշխատակցած են Գուրգէն Հայկունին, Մ. Սահակեանը, Ե. Գարագաշը, Գ. Վարդանեանը եւ ուրիշներ։