Կարպիս Քորթեան (15 Փետրուար 1938(1938-02-15)[1], Անտիոք, Հաթայ, Թուրքիա - 22 Օգոստոս 2009(2009-08-22), Փարիզի 12-րդ շրջան, Փարիզ), հայազգի փիլիսոփայ, դասախօս, քաղաքական տեսաբան մասնագիտացած գերմանական փիլիսոփայութեան մէջ, դասաւանդած է Մոնրէալի համալսարանին մէջ (1968-1994) ապա Վիեննայի համալսարանին մէջ։

Կարպիս Քորթեան
ֆրանսերէն՝ Garbis Kortian
Ծնած է 15 Փետրուար 1938(1938-02-15)[1]
Ծննդավայր Անտիոք, Հաթայ, Թուրքիա
Մահացած է 22 Օգոստոս 2009(2009-08-22) (71 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 12-րդ շրջան, Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, դասախօս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կարպիս Քորթեանը ուսանած է Վիեննայի Հայտլպէրկի համալսարանէն ներս, ուր իր վարդապետական (PHD, տոքթոր) ճառախօսելով Վիլհէլմ ֆօն Հումպօլտթի մասին։ Այնուհետեւ ան աշխատած է Թեոտոր Վ. Ատօրնօյի եւ Եուրկէն Հապէրմասի հետ։ Հերպէրթ Մարքուզէի առաջարկով աշխատանքի կ՛ընդունուի Մոնրէալի համալսարանին մէջ որպէս դասախօս։ «Փայլուն դասախօս մը եւ հետաքրքրաշարժ անհատականութիւն մը, ան ուսանողներու ամբողջ սերունդի մը ծանօթացուց Քանթին (Immanuel Kant) մտքին եւ Գերմանական "Իտէալականութեան" խորին, հայեցողական խնդիրներուն հետ»։ Անոր ուսմունքներուն հիմքը կը հանդիսանայ փիլիսոփայական խօսակցութիւն պարունակող նախադրեալներուն վերադառնալու պահանջը։ Ան գրած է շարք մը խիստ ոճով գրուած յօդուածներ, որոնց մեծ մասը հրատարակուած են «Քրիթիք» (Ֆրանսերէն՝ Critique) ամսագիրին մէջ։ Ան հրատարակած է Մէթաքրիթիք (Ֆրանսերէն՝Métacritique) զոր կը վերակառուցէ «Ֆրանքֆoրթի Դպրոց»-ի փիլիսոփայական փաստարկը, ուր ան կը բանավիճի «Հապարմաս»-ի գլխաւոր աշխատութիւններէն մէկը` «Իմացում եւ շահախնդրութիւն»։ Այստեղ ան կասկածի տակ կը դնէ «Աուֆքլէրունկ»-ի գաղափարը (Գերմաներէն՝ Aufklärung, Գերմանական վերածնունդին տրուած անունը), եւ կ՛ընդգծէ այն վտանգը որ ինքն իրեն կ՛ենթարկէ «Հապարմաս»-ը «Քանթ»-ական կամ «Ֆիշթէ»-ական (Գերմաներէն՝ Fichte) բարոյապաշտութեան մէջ։ «Քորթեանը կը փորձէ ցոյց տալ, որ «Հապարմաս»-ի միտքը նոյնիսկ չի կրնար հասնիլ ինքնաարտացոլումի իր տենչին ու յաւակնութեան (երթալ թէքնիքական ըմբռնումներէն անդին), եւ որ նոր բանականութիւնը, որ վտանգուած է այս մոտեցումին մէջ, կը մնայ իտէալ»։

Բազում լեզուներու տիրապետող Քորթեանը դաստաւանդած է Ֆրանսերէնով, Անգլերէնով, Գերմաներէնով ու Հայերէնով։ Ան մասնակցած է ստուարաթիւ համաշխարհային խորհրդաժողովներու, շփուելով իր ժամանակի փիլիսոփայութեան մեծ անուններու հետ։ Քորթեանը նաեւ նախաձեռնած է միջազգային խնդրագրեր՝ մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ։

Գիրքեր

Խմբագրել

- Մէթաքրիթիք, Փարիզ, Մինուի հրատակչութիւն (Edition de Minuit) 1979։

- Ճշմարտութիւնը որպէս ազատութիւն կամ դատողութեան փիլիսոփայական ատակութիւնը - վ, Փարիզ, 2020․ նիւթերու ժողովածոյ, մեծ մասամբ հրատարակուած Քրիթիք (Ֆրանսերէն՝ Critique) ամսագրին մէջ։

Գլխաւոր Յօդուածներ

Խմբագրել

- «Դիտողութիւններ ենթակայութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան փոխհարաբերութիւններու վերաբերեալ» երկխօսութիւն, Հատոր՝  IX, 1970, թիւ 2։

- «Աուֆքլէրունկի խնդիրը (Գերմաներէն՝ Aufklärung, Գերմանական վերածնունդին տրուած անունը)-ի եւ բանականութեան շահախնդրութիւնը», Փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններ, 1973:

- «Հնարավորի զգացումը», ակնարկ, Մարտ 1978:

- «Փիլիսոփայությունը եւ իր առարկան», Քննադատութիւն, թ․ 384, Մայիս 1979։

- «Ի՞նչ իրաւունքով», Քննադատութիւն, 1981։

- «Արուէստը անցեալի՞ բանն է», Քննադատութիւն, թ. 416, 1982։

- «ժամանակակից արուեստը այդքա՞ն նախնական է։ », Քննադատութիւն, թ. 455, Ապրիլ 1985։

- «Արդի ինքնութենէն անդին», Քննադատութիւն, թ․ 479, 1987։

-«Արդիականութիւնը եւ արուեստի պահանջքը ճշմարտութենէն», Քննադատություն, թ. 493-494, Յունիս-Յուլիս 1988։

Հիմնական ներդրումները հաւաքական աշխատանքներուն

Խմբագրել

- «Փիլիսոփայութեան իրաւունքը քաղաքական հակասութեան մէջ», Դատաւորութեան բաժանմունք, Փարիզ, Մինուի հրատակչութիւն, 1985։

- «Արուեստը եւ իր փիլիսոփայական մարտահրաւէրը», փիլիսոփայութեան տեղերն ու փոխակերպումները, Փարիզ, Վանսէնի Կաճառականներու (աքատեմիքոսներու) Հրատակչութիւն, 1991։

- «Արդիականութեան փիլիսոփայական խոսոյթը եւ մարդկային գիտութիւններու խնդիրը», բաժնելով ճշմարտութիւնը։ Փիլիսոփայական դատողութեան քննադատութիւն, Փարիզ, «Հարմաթան» հրատակչութիւն, 1991:

- «Պահանջուած միասնութեան մասին, իրական միութիւնը եւ փիլիսոփայական բանականութեան խնդրահարոյց միութիւնը», Եւրոպական փիլիսոփայական ինքնութեան մէջ։ Փարիզ, «Հարմաթան» հրատակչութիւն, 1993։

- «Պատմութիւնը եւ իրաւունքի դերակատարութիւնը քաղաքական արդիականության մէջ» Պատերազմէն ապաքինուիլն ու խաղաղութեան դատումը, Փարիզ, «Հարմաթան», 1995:

- «Օրինականութիւնը, կանոնականութիւնն ու արդարութիւնը». բնական օրէնքի բանականութեան շուրջ վէճին մասին», «Ի՞նչ է արդարութիւնը», Փարիզ, Վանսէնի ԿաճառականներուՀրատակչութիւն, 1996։

- «Ճշմարտութեան խնդիրը եւ անոր յայտնութիւն» Արդիականութիւնը հարցականի տակ, Paris, 1998:

- «Օրինականութիւնը, կանոնականութիւնն ու արդարութիւնը». դիտողութիւններ արդի իրաւունքի բանականութեան բանավէճի մը վերաբերեալ» մտածելով ներկային մասին, Փարիզ, «Հարմաթան» հրատակչութիւն, 1998:

- «Քօղի այրումը» Հրէականութեան մէջ, Փարիզ, Գալիլեա հրատարակչութիւն, 2003։

- «Զգայայուզական միտքը իր մաքուր վիճակին մէջ» Արթօ, քանդակներ ու գծանկարներ, Մոնրէալ (Սան-Լօրան), ճերմակ քարթ, 2003։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.