Կերպարուեստի Պետական Թանգարան (Շուշի)
Կերպարուեստի պետական թանգարան (Շուշի), հիմնուած է 2010-2013-ականներուն փրոֆեսոր Գրիգորի Արկադիի Գաբրիէլեանցի նախաձեռնութեամբ եւ օգնութեամբ։ Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 9 Մայիս 2013-ին՝ Շուշիի ազատագրման օրը։
Կերպարուեստի Պետական Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | Պատկերասրահ |
Երկիր | Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
Տեղագրութիւն | Շուշիի շրջան? |
Վայր | Շուշի |
Հիմնադրուած է | 9 Մայիս 2013 |
39°45′48″N 46°45′04″E / 39.763411°N 46.751069°E | |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԹանգարանի գաղափարը ծնած է 2010-ին ակադեմիկոս Գրիգորի Գաբրիէլեանցի մօտ, 3 տարուան ընթացքին Գաբրիէլեանցի նախաձեռնութեամբ հաւաքագրուած է թանգարանի ֆոնտը՝ բացառապէս արուեստագէտներու եւ հաւաքորդներու նուիրատուութիւններէն, որոնք կը շարունակուին մինչ օրս։ 9 Մայիս 2013-ին՝ Շուշիի ազատագրման օրը, Շուշի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Կերպարուեստի պետական թանգարանի բացումը։ Թանգարանը տեղակայուած է Շուշիի հին կառոյցներէն մէկուն՝ նախկին իջեւանատան վերականգնուած եւ վերակառուցուած շէնքին մէջ։
Ցուցադրութիւն
ԽմբագրելԹանգարանի հաւաքածոն կազմուած է բացառապէս նուիրատուութիւններէ։ Թանգարանի շէնքը կառուցուած է պետական միջոցներով, Շուշիի նախկին իջեւանատան հիմքի վրայ՝ պահպանելով վերջինիս ճարտարապետական առանձնայատկութիւնները։ Բարձր ժայռին թիկնած Շուշիի թանգարանին մէջ ներկայացուած են Մարտիրոս Սարեանի, Պ. Կուզնեցովի, Մինասի, Նիկողաէոս Նիկողոսեանի, Դ. Վիլինսկիի, Ա. Սաֆոխինի, Գայիանէ Թբիլիսցիի, Յու. Գրիգորեանի, Ա. Յակոբեանի, Արմինէ Գալենցի եւ այլոց ստեղծագործութիւններ։
Ներկայացուած նկարներուն մէջ յատուկ տեղ կը զբաղեցնեն Ղարաբաղի նկարիչներու գեղանկարները։
Թանգարանի առանձնայատկութիւններէն է ստեղծագործութիւններու լայն աշխարհագրութիւնը՝ Հայաստան, Վրաստան, ՌԴ, ԱՄՆ, Ֆրանսա, Մատագասկար, Եթովպիա, Հայիթի, Մոնղոլիա, Ինտոնեզիա եւ այլն։
Նուիրատուներ
ԽմբագրելԳրիգոր Գաբրիէլեանց, Ս. Յովհաննիսեան, Վ. Բագիրեանց, Շ. Խաչատրեան, Ե. Պոպով, Կարէն Աղամեան, Մ. Չալոյեան եւ ճանչցուած նկարիչներու շարքը. Սարեան, Մինաս, Գառզու, էդգար Շահին, Ժանսեմ, Յակոբ Յակոբեան, Բուռլիւկ, Ժիլինսկի, Սաֆոխին, Շեւչենկօ, Պլավինսկի եւ այլք[1][2]։։
Հասցէ
ԽմբագրելՊատկերասրահը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ, Ղազանչեցոց փողոցի 24 հասցէով։