Կի Մանուկեան
Կի Մանուկեան (արաբերէն՝ غي مانوكيان, ֆրանսերէն՝ Guy Manoukian), լիբանանահայ երաժիշտ, դաշնակահար եւ յօրինող։
Կի Մանուկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1976 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | երաժիշտ, երգահան, դաշնակահար |
Կայքէջ | guymanoukian.com |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԿի Մանուկեանը ծնած է 1976 թուականին, Պէյրութի մէջ: Ունի երկու եղբայր՝ Դաւիթ եւ Քրիստիան։
Երեք տարեկանին ան փորձած է երթալ երաժշտութեան ճանապարհով՝ դաշնամուր նուագելով, նմանակելով աւագ եղբօրը։ Անոր տաղանդը արագօրէն ընտանիքի աչքին կը զարնէ, որոնք զարմացած էին քառամեայ տղուն ստեղծած՝ համապարփակ երաժշտական ստեղծագործութեամբ: Ասիկա առաջին նշանն էր, որ կը հաստատէր անոր ստեղծագործելու կարողութիւնը եւ կը դրդէր ընտանիքը՝ անոր երաժշտական պարապմունքի ղրկելու ամերիկացի փրոֆէսէօր ԼեսլիՊիրնի մօտ։
Դպրոցին մէջ ալ ան իր տաղանդով ուշադրութիւն կը գրաւէ եւ միշտ առաջին տեղը կը զբաղեցնէ մրցոյթներու ընթացքըն։
Տասներկու տարեկանին կը միանայ Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» համալսարանին` հետեւելու սոլֆէժի եւ հարմոնիի դասերուն եւ կը ստանայ վկայական: Ան նաեւ դաշնամուրի եւ իրաւաբանութեան վկայական ստացած է Ալ-Հիքմա համալսարանէն:
Ան նոյնպէս կայացած պասքէթպոլիստ է:
Հետաքրքիրական է, որ Կին Քասլիքի մէջ սոլֆէժի հետեւած միջոցին, միշտ կը փորձէր փոխել երգերու երաժշտութիւնը, ինչ որ կը զայրացնէր ուսուցիչները եւ միաժամանակ՝ կը հիացնէր։ Ան պարզած է, որ դաշնամուրի նուագը հիացմունք կ'առաջացնէ, ինչ որ աւելի ամրապնդած է իր խանդավառութիւնը՝ մեծ բազմութեան առջեւ նուագելու համար։
Առաջատարութիւն եւ բազմազանություն
ԽմբագրելԿին մեծցած է՝ լսելով հայկական, լիբանանեան, դասական, քաղդէական, ասորական եւ ճազ երաժշտութիւն... եւ ազդուած է այս երաժշտական խառնուրդէն: Ուստի ան սկսած է իր ոճով ստեղծել ժամանակակից լիբանանեան երաժշտական ստեղծագործութիւններ, որոնք, իր կարծիքով, կ'արտացոլեն լիբանանցի երիտասարդութեան բնաւորութիւնը, որ բաց է ողջ աշխարհի քաղաքակրթութիւններուն համար: Կի Մանուկեանը կը կարծէ, որ տաղանդը, կեանքը եւ բնականութիւնը երաժիշտը կը դարձնեն յաջողակ եւ ստեղծագործ: Ան կը նշէ, որ մարդկային իրավիճակները կ'ազդեն իր վրայ եւ այդ մէկը կ'արտայայտուի երաժշտութեան միջոցով։ Օդակայանը իրեն համար յոյզերով ու զգացմունքներով լի վայր է՝ նորապսակներու մեկնում կամ ժամանում, մահ, աքսոր եւ բացակայութենէն կամ արտագաղթէն յետոյ վերադարձ... Այս բոլոր իրավիճակներն ու թեմաները իր հրաշալի ու տարատեսակ մեղեդիները կը ներշնչեն։ Ան կ'աւելցնէ.
«Որոշ գործ կատարելու ոգեւորութիւնը կրնայ գեղեցիկ ոգեշնչման աղբիւր ըլլալ: Այսպես եղած է, օրինակ, «Յորդանան» մեղեդիի եւ այլ մեղեդիներու պարագային։ Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան մշակոյթին, անիկա իր հարստութեամբ ու բազմազանությամբ, ստեղծագործելու եւ ոգեշնչման վստահ աղբիւր է»:
Լիբանանյան մշակութային խառնուրդի նշանակությունը երաժիշտին համար հաւասար է բառարանի կարեւորութեան՝ գրողի համար։
Միջազգային մրցանակներ եւ գնահատանքի վահաններ
ԽմբագրելԻր աշխարհագրական տարածքով այս փոքրիկ երկրի զաւակը փայլեցաւ միջազգային գետնի վրայ եւ անոր աստղը փայլեցաւ բազմաթիւ մրցոյթներու ընթացքին, արժանացաւ միջազգային մրցանակներու:
2000 թուականին Մանուկեան Հոլիվուտի մէջ կայացած «Կատարողական արուեստի աշխարհի ախոյեան» մրցոյթին հասած է եզրափակիչ փուլ, ուր մասնակցած է որպէս երաժիշտ եւ գոմբոզիթըր, ապա ստացած է լաւագոյն երաժիշտ եւ գոմբոզիթըրի վկայական՝ 32 երկիրներէ մասնակից գոմբոզիթըրներու շարքին։ Այս ձեռքբերումին լոյսին տակ, Լիբանանի նախագահ՝ զօր. Էմիլ Լահուտ գնահատանքի վահանը յանձնեց այս երիտասարդ նորարարին, որ բարձրացուց Լիբանանի անունը։
2002 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ կայացած AMA մրցոյթին արժանացած է «Լաւագոյն պարային ալպոմ» մրցանակին։ Նոյն թվականին արժանացած է «Murex d’Or» մրցանակին՝ արաբական աշխարհի լաւագոյն մեղեդիի համար եւ ատիկա «Հարեմ»-ի մեղեդին էր։
2004 թուականի Մայիսին արժանացած է 2003-2004 տարեշրջանի արաբական աշխարհի լաւագոյն պարային ալպոմի մրցանակին եւ ատիկա «Mirage» ալպոմն էր։
Գեղարուեստական արտադրանքը
ԽմբագրելԿի Մանուկեանի արտադրած բազմաթիւ մեղեդիները կը մարմնաւորեն հակասական հոգեբանական վիճակներ՝ միախառնելով արեւմուտքն ու արեւելքը ժամանակակից, երիտասարդական, փրոֆեսիոնալ ոճով: Անոր մեղեդիները սիրուած են հանրութեան կողմէ եւ արժանացած՝ բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս նշեցինք, եւ անոնցմէ մէկ քանին իրենց վաճառքով զբաղեցուցած են առաջին հորիզոնականը՝ Լիբանանի եւ համայն աշխարհի մէջ:
Ստեղծագործութիւնները
Խմբագրել1997 թուականէն մինչ օրս Մանուկեան հրապարակած է «Անգամ», «Ալ-Հաուաս», «Ծնունդ», «Կի Մանուկեան», «Խաւարէն լոյս», «Հարեմ» եւ «Միրաժ» ալպոմմերը։
2003 թուականին ալպոմներու վաճառքով առաջին տեղը գրաւած է Արաբական մրցանիշներուն մէջ, իսկ միջազգային մակարդակով՝ չորրորդը: Նշենք, որ ալպոմներու այս հաւաքածոն վաճառուած է ամբողջ աշխարհի երաժշտական խանութներուն մէջ, աւելի քան 60 հազար ձայնասկաւառակ։
Իր սեփական մեղեդիներէն բացի, ան ստեղծագործած է բազմաթիւ լիբանանցի եւ արաբ երգիչներու համար, ինչպիսիք են՝ Նաուալ Ալ Զողպի, Քաթիա Հարպ, Դինա Հայեք, Նուրհան եւ Մոհամմէտ Մունիր: Ան հանդէս եկած է բազմաթիւ համերգներով: Մասնակցած է բազմաթիւ փառատօներու եւ ստեղծած է երաժշտական խումբ։
Անդամագրութիւն՝ Պատուի, Զոհաբերութեան եւ Հաւատարմութեան դպրոցին
2004 թուականը գեղանկարիչ եւ ժամկէտային զինծառայող Կի Մանուկեանի կեանքին մէջ էական նշանակութիւն ունեցաւ, երբ ան «Պատուի, Զոհաբերութեան եւ Հաւատարմութեան դպրոց»ին մէջ ուսանեցաւ ստեղծագործական արուեստը եւ այս զինուորական հաստատութեան մէջ յօրինեց հայրենասիրութեան ու ազատութեան նուիրուած մեղեդիներ, որոնք, ըստ իր կարծիքին, «կը նպաստեն արուեստագէտի ճանապարհին եւ արտադրելու կարողականութեան...»[1]:
Ալպոմներ
Խմբագրել- 1999։ Senses
- 2003։ Sarab
- 2005։ Live in Cairo
- 2009։ Assouman
Մրցանակներ
Խմբագրել- Armenian Music Awards - Best Dance Album (Լոս Անճելոս)
- Music of the Year for «Harem» - Best Arabic Tune (Պէյրութ 2002)
- Arabian Music Awards - Best dance Album (Տուպայ 2003)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Պաշտօնական կայք
- Կի Մանուկեանը Myspace ցանցի ւրայ
- Կի Մանուկեանի YouTube կայքը
- ↑ «الموقع الرسمي للجيش اللبناني | شرف، تضحية، وفاء»։ www.lebarmy.gov.lb։ արտագրուած է՝ 2024-02-12