Կուսթաւ Ե. (շուէտ.՝ Gustaf V, Օսքար Կուսթաւ Ատոլֆ, 16 Յունիս 1858 - 29 Հոկտեմբեր 1950), Շուէտ թագաւոր Օսքար Բ. եւ Նորվեկիոյ Թագուհի Սոֆիա Նասսաւցիին աւագ որդին է: 1907 թուականին թագաւոր եղած է եւ շարունակած՝ մինչեւ իր մահը:

Կուսթաւ Ե.
շուէտ.՝ Gustaf V
Ծննդեան անուն շուէտ.՝ Oscar Gustav Adolf Bernadotte
Ծնած է 16 Յունիս 1858(1858-06-16)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1][4]
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 1950(1950-10-29)[1][2][3][…] (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Դրոտտինգհոլմ, Էկերյո, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1]
Քաղաքացիութիւն  Շուէտ
Մայրենի լեզու շուէտերէն
Կրօնք Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Ուփսալայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն միապետ, ազնուական, թենիսիստ
Վարած պաշտօններ Monarch of Sweden?, Կրոնպրինց? եւ heir apparent?
Անդամութիւն Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Շուէտի գիտութիւններու արքայական կաճառ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա եւ Շուէտի բանահիւսութեան, պատմութեան եւ հնավաճառութեան արքայական կաճառ
Ամուսին Victoria of Baden?
Ծնողներ հայր՝ Օսկար III?, մայր՝ Սոֆիա Նասուացի?
Երեխաներ Գուստաֆ VI Ադոլֆ?, Էրիկ, Վաստմանլանդի դուքս? եւ Վիլհելմ, Սյոդերմանլանդի դուքս?
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Շուէտ կառավարութեան հետ ուղղակի ըլլալով զբաղած վերջին թագաւորը եղած է: 1916 թուականին կառավարութեան հետ ռազմային պաշտպանութեան պիւճէի մասին տարաձայնութիւններ ապրած է:

Թագաւորը չափաւոր մէկն էր, ժողովրդական շարժումներու եւ թէ գործառուներու ամսականներու սահմաններու մասին օժանդակութիւն ցոյց կու տար: Թագաւորը, նոյնաժամանակ ըլլալով, գլխաւոր հրամանատար եղող վերջին Շուէտ թագաւորն է (1907-1939):

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին Գերմանիոյ աւելի մօտ եղած է: Գերմանական ծագում ունեցող թագաւորին կինը, թագաւորին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի միջոցին ցուցաբերած քաղաքականութեամբ ազդեցիկ եղած է: 18 Դեկտեմբեր 1904-ին Սկանտինաւեան թագաւորի հետ միանալու համար ժողով մը գումարած են: Թագաւորը Սկանտինաւիայի հետ դաշնակից ըլլալ եւ Գերմանիոյ քով պատերազմի մտնել կ'ուզէր, բայց նոյնաժամանակ ալ ուշադրութիւնները վրան գրաւել չէր ուզեր: Նախարար Հանսոնը կը խորհէր, որ եթէ կառավարութիւնը Գերմանիոյ պահանջքերը մերժէր, թագաւորը կառավարութեան հրաժարութեան մասին շատ մեծ ճնշում մը պիտի ընէր (Գերմանիան հիւսիսային Ֆինլանտիայի եւ Նորվեկիայի հողերու վրայ եղող ռազմական բազաներու նման բազաներ կը պահանջէր): 1947-ին այս գիտելիքին ճշդութիւնը քննարկուեցաւ: Նախարար Հանսոնի յայտարարութեան համեմատ թագաւորը Գերմանիոյ հետ կարելիութիւն ունեցող որեւէ պայքարէ հեռու մնալ կը փափաքէր: Էրնսդ Վիկտորս, Կուսթաւ Ե. եւ Իշխան Կուսթաւը Շուէտի մէջ դաշնակիցներու (Գերմանիոյ) համար զինուոր եւ ռազմային կառք պարունակելը առաջարկեցին Շուէտ կառավարութեան, բայց Շուէտ կառավարութիւնը այս առաջարկութիւնը մերժեց, որովհետեւ Գերմանիոյ երեսէն առնուելիք կարելի պատիժները գուշակած էին:

Մահ Խմբագրել

Կուսթաւ Ե. 29 Հոկտեմբեր 1950-ին վախճանած է եւ իր տեղը մեծ մանչը Կուսթաւ Զ. Ատոլֆ-ը անցած է:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել