Կռունկ (թերթ)
«Կռունկ», ամերիկահայ հասարակական, քաղաքական շաբաթաթերթ։ Հանդիսացած է «Կռունկ» հրատարակչական ընկերութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1919-1962 թուականներուն, Ֆիլատելֆիա։ Խմբագիր-տնօրէն՝ Գառնիկ Գէորգեան։
Կռունկ Կռունկ եւ Groong | |
---|---|
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | հայերէն եւ անգլերէն |
Հիմնադրուած է | 1919 |
Երկիր | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Հրատարակման վայր | Ֆիլատելֆիա |
Լուսաբանած է ամերիկահայ գաղութի ազգային, մշակութային, կրօնական կեանքը, արձագանգած է հայապահպանութեան եւ դպրոցաշինութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։ Սատարած է կարմիր բանակի կողմէն Հայաստանի գրաւումը եւ երկրին մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը, ներկայացուցած է ՀԽՍՀ տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, արուեստի եւ մշակոյթի անցուդարձը։ Աջակցած է ՀՕԿ-ի եւ ՀԲԸ միութեան աշխատանքներուն, խրախուսած՝ հայրենադարձութիւնը, ծանօթացոիցած՝ Հայրենակցական միութիւններու գործունէութեան։
Գրական բաժինին մէջ տպագրած է Զարուհի Գալեմքեարեանի, Հ. Լեւոնեանի, Զ. Սիրանոյի, Լ. Կորկոտեանի, Ս. Քաղցրունիի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները հայ դասական եւ սովետական, ռուս եւ ամերիկեան հեղինակներու գործեր։
Հրապարակախօսական, պատմագիտական յօդուածներով հանդէս եկած են Մ. Մինասեանը, Հայկ Խոճասարեանը, Տ. Մկունդը, Միհրդատ Թիրեաքեանը, Մ. Սեւանը։
Հայերէն սովորեցնելու նպատակով շաբաթաթերթին մէջ գործած է «Armenian school at home» («Հայ դպրոց տունը») դասընթացքը (1951-էն)։
Ունեցած է անգլերէն էջ (1930 թուականէն), որուն աշխատակցած է Դըլճեանը։