Կրօնը Վրաստանի Մէջ

Կրօնը Վրաստանի մէջ, կրօնական համոզմունքներու ամբողջութիւն է, դաւանանքի ազատութիւն, որ ամրագրուած է Վրաստանի քաղաքացիներուն համար՝ Վրաստանի սահմանադրութեամբ։

Սուրբ Գեւորգ եկեղեցի (Քարափ)

2011 թուականի Յուլիս 7-ին Վրաստանի խորհրդարանը երրորդ ընթերցման ժամանակ քաղաքացիական օրէնսագիրքին մէջ կատարեց շտկումներ, որոնք ցանկացած կրօնական կազմակերպութիւններու, Եւրախորհուրդի գոնէ մէկ երկրի մէջ ունէին պաշտօնական կարգավիճակ, իրաւունք կու տային Վրաստանի մէջ ունենալ իրաւաբանական կարգավիճակ («հասարակական իրաւունքի առարկայ»)։ Քաղաքացիական օրէնսագիրքին մէջ շտկումներ մտցնելուն կողմ քուէարկեցին «Միասնական ազգային շարժում» կուսակցութեան բոլոր 70 պատգամաւորները, իսկ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները դիմադրեցին քուէարկութիւնը։ Այդ ժամանակ պատգամաւորներէն մէկը՝ Դաւիթ Դարչիաշվիլին, Խորհրդարանի որոշումը հետեւեալ կերպ մէկնաբանեց.

Մենք ընդունեցինք այս որոշումը, քանի որ կառուցում ենք լուսաւորյալ, ժողովրդավարական պետութիւն:


Խորհրդարանականներու որոշումը, որ հաւասարութիւն կը շնորհէր բոլոր կրօնական դաւանանքներուն, դժգոհութիւն ցոյց տուաւ Վրացական ուղղափառ եկեղեցուոյ նուիրապետներու եւ Իլիա II պատրիարքի մօտ՝ Սուրբ Սինոտի Յուլիս 11-էն կայացած հանդիպման ժամանակ[1][2]։ Այն օրէնսադիր մարմնի որոշումը բնութագրեց որպէս «Վրաստանի ազգային հետաքրքրութիւններուն եւ Վրաց ուղղափառ եկեղեցուն պատճառուող վնաս»։

2014 թուականէն Վրաստանի մէջ իր գործունէութիւնը սկսաւ ծավալել կրօնական հարցերով Պետական գործակալութիւնը, որ գլխաւորեց Զազա Վաշակմաձեն (Լելա Ջեջելավային փոխարինողը)։ Գործակալութեան, Վրաստանի վարչապետի կողմէն կազուած հանձնարարութիւններու մէջ էր կը մտնէր տեղեկատուական, խորհրդատուական, հետազոտական եւ կրթական գործունէութեան իրականացումը, որու արդիւնքները պետք է ներկայացուէին Վրաստանի կառավարութեանը[3]։

Քրիստոնէութիւնը Վրաստանի Մէջ

Խմբագրել

Քրիստոնեութիւնը Վրաստանի Մէջ

Ուղղափառութիւն

Խմբագրել

Վրացական ուղղափառ եկեղեցին կը դավանեն Վրաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը։

Մինչեւ 2011 թուականի օրէնքի ընդունումը, որ կ'ապահովէր բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններու իրաւական կարգավիճակ ստանալը, Վրացական ուղղափառ եկեղեցին ուներ բացահայտ առաւելութիւններ՝ 2001 թուականին կառավարութեան հետ կնքուած արտ0նութիւններու մասին համաձայնութեան ուժով։

Վրաստանի մէջ ուղղափառ եկեղեցուոյ մեծ տօներուն մէջ գոյութիւն ունի բանտարեյալները շնորհելու գործելակերպ[4]։

Հայկական եկեղեցի

Խմբագրել

Ըստ վերջին տւեալներու՝ Վրաստանի տարածքին կը բնակին մօտ 250 հազար հայեր, որոնք կրօնապէս կը պատկանին Արեւելեան հնագոյն եկեղեցիներուն։ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն բարձրացրած է հայկական վեց եկեղեցիներու (որոնցմէ հինգը կը գտնուին Թիֆլիսի մէջ, իսկ մէկը՝ երկրի հարաւային բաժնին մէջ) պաշտամունքի վերսկսման հարցը։ Վրաց պատրիարք Իլիա II-ը հայտարարած է, որ կը բաւարարուին Գարեգին II-ի պահանջները միայն այն դէպքով, երբ «վրաց նուիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ կը ստանայ ույն կարգավիճակը, եւ անոր կը տրամադրուին Հայաստանի հիւսիսը գտնուող մի քանի եկեղեցիներ»։

Հայկական տաճարներու նկատմամբ վանդալութեան դրսեւորումները կը նկատուին Վրաստանի տարածքին[5], որոնք ավելի հաճախակի դարձած են 2011 թուականին կառավարութեան կողմէ ընդունուած որոշումներէն ետք։

Կափողիկէութիւն

Խմբագրել

Վրաստանի մէջ կաթողիկէներուն թիւը կը հասնի մօտ 200 հազար մարդու (երկրի ամբողջ բնակչութեան 2%-ը)։

Իսլամը ժամանակակից Վրաստանի տարածքին իր մեծութեամբ եւ նշանակութեամբ երկրորդ կրօնը կը համարուի։ 2002 թուականի մարդահամարի տւեալներով երկրի բնակչութեան 9.9%-ը մահմետական է (մօտ 0.4 միլիոն մարդ)։

յուդայականութիւն/Հրէականութիւն/Մովսիսականութիւն

Խմբագրել

Վրացական պատմական աւանդութիւններուն մէջ կայ վարկած, որ առաջին հրեաները Վրաստան եկած են Նաբուգոդոնոսորի կողմէ Երուսաղէմը գրաւելէ ետք՝ մ.թ.ա 586 թուականին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել