Հայաստանի Բժշկութեան Պատմութեան Թանգարան

Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի Հայաստանի բժշկութեան պատմութեան թանգարան, բժշկութեան պատմութեան թանգարան Հայաստանի մէջ, հիմնադրուած է 1978-ին։

Հայաստանի Բժշկութեան Պատմութեան Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հիմնադրուած է 1978
Հաւաքածոյի չափ 8000 ցուցանմուշ
40°08′59″N 44°29′41″E / 40.149647°N 44.494644°E / 40.149647; 44.494644
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի Հայաստանի բժշկութեան պատմութեան թանգարանը հիմնադրուած է ակադեմիկոս Լեւոն Յովհաննիսեանի հաւաքածոյի մէկ մասի եւ թանգարանի հիմնադիր, երկարամեայ տնօրէն, բժշկապատմաբան Վլադիմիր Մարտիրոսեանի անձնական հաւաքածոյի հիման վրայ։

1985-ին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ թանգարանի նիւթերը յանձնուած են Սարդարապատի ազգագրութեան թանգարանին՝ բժշկութեան պատմութեան ենթաբաժին ստեղծելու համար։ Մտայղացումը չիրականանալու պատճառով՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարի 1990-ի թիւ 2147 հրամանի համաձայն, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի թանգարանը վերաբացուած է։ 1998-ին՝ համաձայն ՀՀ առողջապահութեան նախարարի 24 Սեպտեմբերի թիւ 550 հրամանի, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի թանգարանի հիման վրայ ստեղծուած է Հայաստանի բժշկութեան պատմութեան հանրապետական թանգարանը։

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Թանգարանը ունի 8000 ցուցանմուշ, որոնք կը ներկայացնեն բժշկութեան զարգացման փուլերը Հայաստանի մէջ՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Այստեղ կան անուանի գիտնականներու ձեռագիրներ, փաստաթուղթեր, անձնական իրեր, շքանշաններ, տպագրուած աշխատութիւններ, բժշկական գործիքներ, ժողովրդական բժշկութեան մէջ օգտագործուող նիւթեր եւ իրեր, ինչպէս նաեւ՝ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ՝ քանդակներ, իւղաներկ դիմանկարներ յուշանուէրներ, ներկայացուած են Հայաստանի գիտաբժշկական կեդրոնները՝ իրենց գործունէութիւնը արտացոլող ցուցանմուշներով, Հայրենական մեծ պատերազմին հայ բժիշկներու մասնակցութեան, 1988-ի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման, արցախեան ազատամարտի տարիներուն մեր բժիշկներու անձնուէր գործունէութեան մասին նիւթեր, ինչպէս նաեւ բժշկական համալսարանի ստեղծման, անցած ճանապարհի, նշանակալի իրադարձութիւններու մասին հաւաստող բազմաթիւ նիւթեր ու փաստաթուղթեր[1]։

Ցուցանմուշները ներկայացուած են ըստ ժամանակաշրջաններու՝

  • հնագոյն
  • հեթանոսական
  • հին
  • միջնադարեան
  • 19-րդ դար
  • 20-րդ դար

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Պետական Բժշկական համալսարանի շէնքին մէջ, Կորիւնի 2 հասցէի վրայ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայաստանի բժշկութեան պատմութեան թանգարան