Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութիւն Հայաստանի Հանրապետութիւն գործադիր իշխանութեան[Նշում 1] հանրապետական մարմին է, որ, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան, պէտք է մշակէ մշակոյթի հետ կապուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը[1][2]։
Կառուցուածքը եւ գործառոյթները
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը իրեն ենթակայ ստորաբաժանումներու միջոցով պարտաւոր է նպաuտել մշակութային ժառանգութեան uտեղծման, պահպանութեան, պաշտպանութեան, ուuումնաuիրութեան, oգտագործման, հանրահռչակման եւ ծառայութիւններու մատուցման, մշակոյթի զարգացման, հաuարակութեան կողմէ մշակոյթի զարգացման միջոցի գիտակցումը, նոր արժէքներու եւ նոր գաղափարներու ներդրման, հասարակութեան ստեղծագործական ներուժի վերարտադրման եւ զարգացման համար պայմաններ uտեղծելուն, մշակութային արժէքներուն հաղորդակցուելու, ազատ եւ մատչելի ծառայութիւններ մատուցելու համար պայմաններ uտեղծելուն, եւ միջազգային շրջանակներու այլ պետութիւններու տարածքներուն մէջ գտնուող ազգային մշակութային արժէքներու պահպանութեան։[1]:
Այս բոլոր գործառոյթները իրականացնելու համար մշակոյթի նախարարութիւնը կ'օգտուի պետութեան դրամագլուխէն, ֆոնտերէ, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի նուիրատուութիւններէ որոնցմով կը ձեւաւորուի նախարարութեան ելեւմտացոյը։ Ան պէտք է ծախսուի բացառապէս նախարարութեան խնդիրները իրագործելու համար[3]
Ներկայիս նախարարութեան ղեկավարն է նախարար Արմէն Ամիրեանը, որ պաշտօնը ստանձնած է 27 Սեպտեմբեր 2016-ին[2]: Անոր տեղակալներն են Արթուր Պողոսեանը, Արեւ Սամուէլեանը, Ներսէս Տէր-Վարդանեանը[2]:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը իր մէջ կը ներառէ շարք մը վարչութիւններ եւ բաժիններ, ինչպէս նաեւ 2 գործակալութիւն[1]՝
- Մշակութային արժէքներու պահպանութեան գործակալութիւն (ղեկավար՝ Վահան Գասպարեան)[4],
- Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութիւն (ղեկավար՝ Արմէն Ապրոյեան)[5]:
Նախարարութեան ենթակայութեան տակ կը գործէ նաեւ պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն «ՊՈԱԿ»-ը, որ հիմնադրուած է պատմական, հնագիտական, ճարտարապետական կամ այլ մշակութային արժէք ներկայացնող անշարժ յուշարձաններու ուսումնասիրման, հանրահռչակման եւ օգտագործման, ինչպէս նաեւ պետական սեփականութիւն հանդիսացող պատմամշակութային անշարժ յուշարձանային համալիրներու, բնապատմական, պատմական միջավայրի, պատմամշակութային հողերու եւ անոնց ամբողջական պահպանումը իրականացնելու նպատակով[6]: ՊՈԱԿ-ի տնօրէնն է Վլատիմիր Պողոսեանը[7]:
Գործունէութիւնը
ԽմբագրելՊատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացում
ԽմբագրելՀին Երեւանի ոչնչացում
Խմբագրել1991 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք հիմնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը, որ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան պէտք էր պահպաներ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող յուշարձաները եւ փոխանցեր յաջորդ սերունդներուն, սակայն վերջին 26 տարիներուն հարիւրաւոր պատմական եւ ժամանակակից յուշարձաններ ոչնչացուեցան։ Գործընթացը տեղի ունեցած է մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանին մէջ, որտեղ ամբողջ յուշարձան-փողոցներ ոչնչացած են, որոնցմէ են՝ Աբովեան, Արամի, Բիւզանդի փողոցները եւ անոնց թաղամասերը։ Այնտեղ գտնուած պատմական արժէք ներկայացնող եւ պետութեան կողմէ պահպանուող յուշարձանները ոչնչացած են, եւ որոնց տեղը կառուցուած են բարձրահարկ շէնքեր, եւ առեւտրային կեդրոններ[8][9][10][11][12][13]:
Ամբողջութեամբ կամ մասերու բաժնելով ոչնչացուցած են նաեւ Երեւանի մէջ գտնուող նախնադարեան հնավայրերն ու յուշակոթողները, ուրիշներն ալ իւրացուցած են, ինչպէս օրինակ Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող Վանի թագաւորութեան ժամանակաշրջանի թագաւորական դամբարան-յուշակոթողը։ Ամբողջութեամբ ոչնչացուած են ք.ա. կառուցուած բազմաթիւ կառոյցներ, ինչպիսին է Ռուսա Բ. թագաւորի կառուցած պատմական ջրանցքը, որուն տեղը այսօր Իսակով-Հալապեան պողոտաները միացնող փողոցն է[14][15][16][17][18]:
Յուշարձաններու ներկայ վիճակը
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ կը գտնուին տասնեակ հազարաւոր յուշարձաններ, որոնցմէ 25000-ը ունի պետական արձանագրութիւն։ Անոնց մէջ են տարբեր դարաշրջաններու կառուցուած հազարաւոր բացառիկ եւ անփոխարինելի յուշարձաններ, որոնց մեծ մասը կը գտնուին անմխիթար վիճակի մէջ կամ ոչնչացման եզրին։ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութիւնը իր պարտականութիւններուն համաձայն պարտաւոր է ապահովել այս յուշարձաններուն պահպանութիւնը եւ անվտանգութիւնը։
Քրիստոնէական յուշարձաններ
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաշուառուած են հազարաւոր քրիստոնէական յուշարձաններ, ինչպէս՝ վանքեր եւ սրբավայրեր, եկեղեցիներ եւ մատուռներ, եկեղեցական շինութիւններ, խաչքարեր եւ տապանաքարեր, որոնք, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեանն օրէնսդրութեան, կը գտնուին պետութեան պահպանութեան տակ։ Նշուած յուշարձաններէն մի քանի տասնեակ եկեղեցիներ եւ վանքեր փոխանցուած են Հայ Առաքելական եկեղեցիին, կրօնական նպատակներով օգտագործելու համար։ Անոնցմէ մի քանին վերանորոգուած են եւ կը գտնուին եկեղեցական մարմնի պահպանութեան տակ։
Սակայն ընդհանուր առմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող հազարաւոր քրիստոնէական կառոյցներու նկատմամբ չ'իրականացուիր մշտական հսկողութիւն, որուն հետեւանքով կը ոչնչանան։ Ասոր համար տարբեր տարիներու ընթացքին հանրային վէճեր եւ քննադատական ելոյթներ եղած են, որոնք ուղղուած էին մշակոյթի նախարարութեան։ Մասնաւորապէս՝ 30 Սեպտեմբեր 2012-ին «Հայաստանի բնապատմական միջավայրի պաշտպաններ» նախաձեռնութեան կողմէ հրաւիրուած մոմուլի ասուլիսի ժամանակ խումբի անդամները ներկայացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզին մէջ գտնուող Հաւի Թառի վանքի (պետական ցուցիչ՝ 3.99.4.3[19])ներկայ վիճակի մասին փաստեր եւ քննադատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան անգործութեան եւ պարտականութիւնները չ'իրականացնելուն համար[20][21]:
Ըստ ներկայացուածին՝ վանքային համալիրը համապատասխան պետական կառոյցների անգործութեան պատճառով կամաց-կամաց կը քանդուի [22]: Կանոնաւոր կերպով կը կազմակերպուին խնճոյքներ եկեղեցիին շրջակայքը, իսկ երբեմն ալ ներսը՝ որպէս սեղաններ եւ աթոռներ կ'օգտագործեն վանքին խաչքարերը։ Վերջերս արդիւնաւետ կերպով կ'օգտագործուին նաեւ խորովածի, հարիսայի եւ խաշլամայի պատրաստման գործընթացին մէջ՝ դրուելով կրակին երկու կողմերը։[20][21][23][24][25]
Բազմադարեան յուշարձաններու վերանորոգում
ԽմբագրելԳառնի ձորի կամրջին վերանորոգումը
Խմբագրել2 Նոյեմբեր 2011-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտարարեց, որ 110.000 ԱՄՆ Տոլար կը տրամադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան Կոտայքի մարզի Գառնի գիւղին մոտ՝ «Քարերու սիմֆոնիա» բնական յուշարձանի հարեւանութեամբ գտնուող 11-րդ դարու կառուցուած կամրջի վերանորոգման համար[26]:
Նշումներ
Խմբագրել- ↑ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործադիր իշխանութիւնը որ կ'իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջոցով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կազմուած է շարք մը նախարարութիւններէ, որոնցմէ է՝ մշակոյթի նախարարութիւնը, վարչութիւնները, բաժինները եւ ստորաբաժանումները:
Ծանօթագրութիւներ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան կանոնադրութիւն. ընդունուած Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան 11 Սեպտեմբեր 2003-ի N 1298-Ն որոշմամբ (տես այստեղ):
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան էջը Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան կայքին մէջ:
- ↑ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը ելեւմտացոյցի համակարգին մասին՝ ընդունուած Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ-ի կողմէ 24 Յունիս 1997-ին տես այստեղ:
- ↑ Մշակութային արժէքներու պահպանութեան գործակալութեան էջը նախարարութեան կայքին մէջ:
- ↑ Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան էջը նախարարութեան կայքին մէջ:
- ↑ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ- պաշտօնական կայք:
- ↑ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնին կենսագրութիւնը:
- ↑ Աբովեան փողոցին մէջ «դիակ» շէնքը կը կառուցեն:
- ↑ Արմէն Սմբատեանը եւ Յասմիկ Պողոսեանը իւրացուցած են պետական յուշարձանը:
- ↑ «Արամի, Բիւզանդի փողոցներու եւ Քոնտ թաղամասի խաբուած բնակիչներու պայքարը կը շարունակուի:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-15-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ Վարդագոյն քաղաքին սեւ էջերը:[permanent dead link]
- ↑ Մարդիկ կը պայքարին Արամի 30 շէնքին համար:
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ [1]
- ↑ Տալմայի այգիներուն մէջ շինարարութիւնը սկսած է:
- ↑ ««ԾՈՎԱՅԻՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ» ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԼԻՃԻ, ՇԵՆԳԱՎԻԹ ՀՆԱՎԱՅՐԻ ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԵԱՄԲ։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ Կարմիր-Բլուրը՝ գերեզմանո՞ց:
- ↑ «Գերեզմանոց, օտարամոլութիւն, աղբանոց. այսօրուայ մեր մշակոթը...:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ « Հաւի թառի վանքը պետութեան կողմէ պահպանուող յուշարձաններու ցանկին մէջ է:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-17-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ 20,0 20,1 «Վանդալութիւն դարձող ուխտագնացութիւն:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-02-16-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ 21,0 21,1 «Հասարակաց տուն Խոսրովի արգելոցին մէջ:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-02-25-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ Հազարամեայ կառոյցը աւերակ կը դառնայ
- ↑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԽՈՐՈՎԱԾԱՆՈ՞Ց
- ↑ Խոսրովի արգելոցը՝ սեւ ցուցակին մէջ
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2017-03-06
- ↑ Կե վերականգնուի Գառնիի միջնադարեան կամուրջը