Հայաստանի Փայտարուեստի Թանգարան


Հայաստանի փայտարուեստի թանգարան, հիմնադրուած է 1977-ին՝ փայտարդիւնաբերութեան նախարար Ալպերթ Ստեփանեանի նախաձեռնութեամբ, ԽՍՀՄ գեղարուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ, ԽՍՀՄ ժողովրդական նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի եւ ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Շարամբէեանի աջակցութեամբ։

Հայաստանի Փայտարուեստի Թանգարան
Տեսակ Պատկերասրահ
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Պարոնեան 2 եւ 4, Երեւան, ՀՀ
Հիմնադրուած է 1977
Տնօրէն Հենրիկ Սոլախեան
40°11′02″N 44°29′47″E / 40.183828°N 44.496278°E / 40.183828; 44.496278
Քարտէս
Քարտէս

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Ներսի մասը ձեւաւորուած է Գրիգոր Խանջեանի նախագիծերով, իսկ մետաղեայ ձեւաւորումը՝ նկարիչ-դարբին Վարդան Օհանեանի։

Թանգարանի հաւաքածոն կազմաւորուած է հաւաքիչներու եւ հեղինակներու նուիրատուութիւններէ, յետագային՝ գիտարշաւային նիւթերու ու ձեռքբերումներու շնորհիւ։ Թանգարանի հիմնական խնդիրներէ է հաւաքագրել, պահպանել, ցուցադրել փայտարուեստի նմուշներ եւ նպաստել ազգային փորագրութեան աւանդոյթներու զարգացման, ինչպէս նաեւ նպաստել արհեստներու մշակոյթի, մասնաւորապէս, փայտարուեստի վերականգնման։

Փայտարուեստի թանգարանը, միեւնոյն ժամանակ, իւրօրինակ դպրոց է, ուր մասնագիտական կրթութիւն ստացած են ցուցադրուող հեղինակներէն շատերը։ Անոնց աշխատանքներէն ձեռք բերած են ինչպէս Հայաստանի, այդպէս ալ Մոսկուայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի որոշ թանգարաններ։

Ցուցադրութիւնը պայմանականօրէն կը բաժնուի երեք մասի՝

  • հնագոյն մշակոյթի բաժին
  • կիրառական արուեստի բաժին
  • քանդակի բաժին

Վերջին երկուքին մէջ ներկայացուած են մասնագիտական քանդակագործներու, նկարիչներու եւ փայտի փորագրութեան վարպետներու ժամանակակից ստեղծագործութիւններ։ Իսկ հնագոյն մշակոյթի բաժնին մէջ, արհեստներու զարգացման պատմութեան եւ անոնց փոխներգործութեան լիարժէք պատկերման նպատակով փայտէ առարկաներու հետ մէկտեղ կը ցուցադրուին նաեւ հարակից արհեստներու նմուշներ։ Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են ինչպէս հին փայտէ առարկաներ, այդպէս ալ ժամանակակից փորագրութեան եւ քանդակի նմուշներ։

Միջոցառումներ

Խմբագրել

Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին թեմատիկ եւ հեղինակային ցուցահանդէսներ, մշակութային միջոցառումներ, դասախօսութիւններ։

Կրթական-ուսուցողական ծրագիրներ կ՚իրագործուին ՀՀ մարզերուն եւ Արցախի մէջ։

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Պարոնեան 2 եւ 4 հասցէի վրայ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել