Հայերէնի դասական ուղղագրութիւն
Հայերէնի դասական ուղղագրութիւնը, նաեւ ճանչցուած որպէս Մաշտոցեան ուղղագրութիւն, Հայկազեան ուղղագրութիւն, աւանդական ուղղագրութիւն, համազգային ուղղագրութիւն, իսկ նոր ուղղագրութեամբ՝ «հայերէնի դասական ուղղագրութիւն»։ Անուանումն է այն ուղղագրութեան, որ կիրարկուած էր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, արեւմտահայերէնի, արեւելահայերէնի, միջին հայերէնի եւ գրաբարի համար։
Այժմ, դասական ուղղագրութիւնը կը կիրարկուի գլխաւորապէս «Սփիւռք»ի մէջ արեւմտահայերու եւ պարսկահայերու կողմէ, որոնք կը մերժեն Մանուկ Աբեղեանի կողմէն մշակուած նոր ուղղագրութիւնը (կամ բարեփոխուած ուղղագրութիւնը), որ կիրարկուած է 1922-էն սկսեալ։ Նոր ուղղագրութիւնը ենթարկուած է որոշ ձեւափոխումներու 1940-ին ուր վերականգնուած են որոշ Մաշտոցեան կանոններ։ Որոշ մասնագէտներ արմատական տարբերութիւններ կը տեսնեն նաեւ «դասական», «աւանդական», «մաշտոցեան» եւ այլ բնորոշումներու միջեւ։ Ըստ այդմ, դասական կը համարուի 12րդ-13րդ դարերէն ի վեր կիրարկուած ուղղագրութիւնը, որուն մէջ արդէն առկայ էին փոքրատառերը, «օ», «ֆ» օտար տառերը, տողադարձը եւ այլն։ Իսկ մաշտոցեան ուղղագրութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ համակարգուած եւ մինչեւ 12րդ-13րդ դար կիրարկուած ուղղագրութիւնն է։ Ինչ կը վերաբերի բուն բնորոշմանը՝ «դասական», ապա այն յառաջ եկաւ հիմնականօրէն Սփիւռքի մէջ 1922-էն յետոյ, ուր մինչեւ այսօր կը մերժեն նոր ուղղագրութիւնը (ճիշդ ասոր համեմատութեամբ ալ հինը ստացած է «դասական» բնորոշումը)։
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Դասական ուղղագրութեան ներածութիւն Archived 2016-03-06 at the Wayback Machine.
- Յարութիւն՝ Մեսոպեան ուղղագրութեան վերականգնման մասին վաւերագրական շարժանկար
- Լուսինէ Աւետիսեան, Երբ յայտածուում է մաշտոցեան տրամաբանութիւնը, Ե. 2018