Հայկական Հարցի Եւ Հայերու Ցեղասպանութեան Արտացոլումը Գրականութեան Մէջ

Հայկական հարցի եւ հայերու ցեղասպանութեան թեման իր արձագանքը գտած է հայ եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ։

Հայ գրականութիւն

Խմբագրել

19-րդ դար

Խմբագրել

Երկփեղկուած ազգային կացութիւնը ուրոյն երանգ տուած է հայ գաղափարաբանութեան։ Ազգային ազատագրական շարժման առանցք արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը ազգային ճնշման կամայականութիւններու, տեղահանութեան, ցեղասպանութեան, բռնի ձուլման պատկերները դարձած են 19-րդ դարու հայ գեղարուեստական գրականութեան գլխաւոր թեմաները։

Խաչատուր Աբովեան

Խմբագրել
 
Խաչատուր Աբովեան

Իր ուղեգրութիւններուն, պատմական ակնարկներուն, հայրենասիրական խոհերուն մէջ Արաքսէն անդին գտնուող երկիրը Խաչատուր Աբովեանին (1809-1848) կը ներկայացնէ որպէս մութ, խաւար ու դժոխային աշխարհ մը, ուր լենկթեմուրներու, թաթար մոնկոլներու եւ այլ վայրենի հորդաներու հետնորդը՝ «բարբարոս թուրքը», բռնութեան ու սարսափի ուրուականը կախած է հայոց երկնակամարին վրայ, եւ ուր հայ ժողովուրդը «ինքնայորդոր զոհաբերութեամբ» իր լինելիութիւնը կը պահպանէ «բարբարոսներու» վրիժարկներու մէջ»:

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան

Խմբագրել

1862 թուականի Զէյթունի ապստամբութիւնը բռնադատուած ժողոուրդի բողոքի ու ցասման ելոյթ էր օսմանեան Թուրքիոյ հայահալած քաղաքականութեան դէմ, որ սակայն, ճնշուած է արիւնոտ հաշուեյարդարով։ «Քնար Եւ Շիրիմ», «Մերձ Ի Մահ» եղերերգութիւններուն մէջ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (1828-1868) հայրենի երկիրը կը պատկերէ որպէս «աւերակուած ամայութիւն», ուր «սեւ գիշերներու» մղձաւանջին մէջ կը լսուի միայն բուի «չարագուշակ կռինչը»։

Պետրոս Դուրեան

Խմբագրել

«Նոր սեւ օրեր», «Աչերս տեսան արցունքներու լոկ երկինք», «Մոխիր հագած, արիւն ծծած սեւ հողեր», «Ուր կը տիրեն սոսկում, տխուր յիշատակը», «Մառախուղ են հագեր ղաշտքն ու լերինք», «Ահ, ոտնակոխ Հայուն սիրտը եւ տաճար», «Աշխարհ մը կայ արցունք թափող սարերը. Արեամբ պղտոր դեռ գետերուն ափունքը», այսպէս ընկալեց Պետրոս Դուրեան (1851-75) Հայաստան աշխարհի վրայ կախուած մղձաւանջը։

Ապտուլ Համիտի բռնապետութեան շրջան

Խմբագրել

Բռնութիւններն ու ֆիզիքական ոչնչացման աղէտները առաւել բացայայտ ու համատարած բնոյթ կը ստանան յատկապէս ռուս-թրքական պատերազմէն ետք։ Կը սկսի սուլթան Ապտլ Համիտի արիւնոտ բռնապետութեան շրջանը, երբ հայերու տեղահանութիւնն ու բոնի մահմեդականացումը, սովը, թալանը, կողոպուտը, ֆիզիքական հաշուեհարդարը կը դառնան պետական քաղաքականութիւն, որու նպատակն էր հայերուն ոչնչացնելով ի չիք դարձնել հայկական հարցը եւրոպական դիւանագիտութեան օրակարգին մէջ յայտարարելով, թէ «Հայաստանի մէջ հայ չկայ»։

Միքայէլ Կիւրճեան

Խմբագրել

«Պանդուխտին կեանքէն» վաւերագրութեան մէջ, պանդխտութիւնը ներկայացնելով որպէս չարիք, Միքայէլ Կիւրճեանը կը գրէ. «Պանդխտութիւնը եթէ այսպէս շարունակուի, մեր գաւառները անմարդի կ'ընէ այսօր կամ վաղը, այս համոզումը ունեցէք, ահաւոր ճշմարտութիւն է» (Կիւրճեան Մ., Ամբողջական Երկեր, 1931, էջ 121)։

Գարեգին Սրուանձտեան

Խմբագրել
 
Գարեգին Սրուանձտեան

Ցեղասպանութեան այլ իրողութիւն մը կը ներկայացնէ Գարեգին Սրուանձտեանը (1840-1892) «Թորոս Աղբար» գիրքին մէջ. «Թրքաց հին բռնութեան արդիւնք է, որ Զիլէի հայք ամբողջ թրքերէն կը խօսին, երբեք հայերէն չեն գիտեր։ Այնքան կը զարհուրէն տաճկերէն եւ կատարելապէս ստրուկ են անոնց առջեւ... Ազգութեան ոգին մեռած է, եւ ժամանակ չէր կ՛ըրցեր զարթուցանել ասոնք, կեանքի ճառագայթ երբեք ծագած չէր հոս... (Սրուանձտեան Գ., Թորոս Աղբար, 1879, էջ 73-74)։

Մատթէոս Մամուրեան

Խմբագրել

Ականաւոր հրապարակախօս Մատթէոս Մամուրեանի (1830-1901) բնորոշմամբ, ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ իրական է միայն «գերեզմանի մէջ»։ Անիրաւութիւններու համատարած դժոխքին մէջ իշխող բարբարոսը «առաջնորդը, կուսակալը, քննիչը, դիւանագէտը, քիւրտը ու չերքեզը խօսքը մէկ ըրեր են Փոքր Ասիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդները կեղեքելու, խուզելու եւ անոր կործանումը փութացնելու համար...», «...ջուրի տեղ արիւն կը խմեն, հացի տեղ մարդու միս կ'ուտեն, անկողնի տեղ արիւնալի դիակներու վրայ կը պառկին եւ ժողովուրդը կը սպասէ. ինչպէս կը սպասեն գառնուկներ սպանդարանին դուռն...» («Արեւելեան մամուլ», 1879, №202)։

Յակոբ Պարոնեան

Խմբագրել

Թրքական ժանտախտի սարսափները այլաբանական դիպուկ ու խորիմաստ բնութագրումներ ձեւակերպած են Յակոբ Պարոնեանի (1843-91) երգիծական առածներուն մէջ, արժանիքներու եւ լուրերուն մէջ։ Յատկապէս նշանակալից են «Կսմիթները» (1875), «Հոսհոսին ձեռատետրը» (1880), «Ծիծաղը» (1883)։ Թուրքիոյ մէջ «ճշմարտութիւնը դագաղի մէջ դրուած է», իսկ ողջամտութիւնը, անաչառութիւնը, անկեղծութիւնը արձանագրուած են «յանցանքներուն ցանկին մէջ»։ «Գաւառներուն մէջ հայերը ապահովութիւն չունին, ոչ ստացուածքի, ոչ կեանքի եւ ոչ պատուի։ Խեղճերը կը կողոպտուին, կը սպանուին, կ'ոանպատւուին եւ այս վիճակին մեջ բազկատարած գթութիւն կը հայցեն։ ...Տաճկաստանի մէջ բանտ... բանտի էջ բանտ» (Պարոնեան Յ., Երկեր ժող., հ. 4, 1965, էջ 476)։

Ռափայէլ Պատկանեան

Խմբագրել

Հայերու հանդէպ թուրք, ոճրագործութիւնները ամբողջական բներգ կը կազմեն Ռափայէլ Պատկանեանի (1830-92) բանաստեղծութեան մէջ։ «Մշեցու հեկեկանքը», «Ղարիբ մշեցի», «Ծերուկ վանեցի», «Հազարէն մէկը», «Հայի արիւն», «Թալանած գեղ», «Երկու պատկեր» եւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ, ազատագրական պայքարի կոչերով նահատակ ժողովուրդին, բանաստեղծը արեւմտեան Հայաստանը կը նեկայացնէ որպէս ոճիրներու, մահուան ու ողբի երկիր, ուր թուրքը «հաճոյքի համար» իր սուրը կը լուայ հայու արիւնով, «սուլթանի տռփոտ պասքը կը հագենայ» պարկեշտասուն հայ աղջիկներով, որդեկորոյս ու տնանկ ծերունին ծովու ալիքներու մէջ կը գտնուի իր գերեզմանը, «տուն, եկեղեցի, պարտէզ ու այգի Անսիրտ, անհոգի մատնած են կրակի», եւ դեռ Երէկ ճոխ ու վաստակած նահապետական գերդաստանը այսօր կը մխէ «թշուառներու անթաղ դիերով»։

 
Րաֆֆի

Թուրքիոյ պետ-քաղաքական կառուցուածքի եւ արեւմտահայերու ողբերգական կացութեան հիրաւի գեղարուեստական հանրագիտարան մըն է Րաֆֆիի (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888) ստեղծագործութիւնը։ Ուղեգրութիւններուն, նամականիներուն, վէպերուն ու հրապարակախօսական աշխատութիւններուն մէջ, վերլուծելով XIX դ. Թուրքիոյ սոցիալ., իրաւական ու տնտեսական կեանքը, գրողը բացայայտած է աւատականութիւնն ու կրօնը, մոլեռանդութեան ուռճացած բռնապետութեան այլանդակութիւնը, քաղաքակրթութեան ողբերգական բախումը բարբարոսութեան արշաւին։

«Խենթը» (1881) վէպին մէջ արդէն ցեղասպանութեան իրական սպառնալիքի հանգամանքներուն մէջ Րաֆֆին կ'առաջադրէ ագգ-ագատագրութեան գաղափարը. «Կրօնական մոլեռանդութիւնը խառնուած զինուորական անգթութեան հետ, կ'անցնէր բարբարոսութեան ամէն չափէն ու սահմանէն։ Մարդը, գազան դարձած, կը կեղեքէր. կը մահացնէր իր նմանին»։

Ցեղասպանութեան գաղափարը որոշակի ընդգիծին մէջ ունի «Կայծեր» (հ. 1-2, 1883-87) վէպի նիւթերուն մէջ։ «Ի՞նչ է պարսիկը», «Ինչ է քիւրտը եւ ի՞նչ է թուրքը» ակնարկներուն մէջ Րաֆֆին պատասխան կու տայ որոշակի հարցերու, ցոյց կու տայ էթնիկական այն միջավայրը, որուն մէջ դրուած էր հայ ժողովուրդը։ Եւ բարբարոս ցեղախումբերու ասպատակութիւններուն հանդէպ միանգամայն նպատակային կը գործէ պետութիւն ներկայացնող թուրքը։ Որպէսզի ոչինչ թոյլ չտայ ուրիշին, ան կը հրդեհէ ամբողջ գիւղեր, կ'աւերէ քաղաքները. կրակ կու տայ հասունացած հունձքերը եւ բոլորովին անապատ կը դարձնէ երկիրը։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։