Հայկ Գ. Մելքոնեան

Հայկ Գ. Մելքոնեան (25 Դեկտեմբեր 1923, Հալէպ - 1 Յունուար 1983, Երեւան), Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր, Հմուտ պատմաբան եւ Ասորագէտ: Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Անդամ:

Հայկ Գ. Մելքոնեան
Ծնած է 25 Դեկտեմբեր 1923
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 1 Յունուար 1983
Մասնագիտութիւն Պատմական Գիտութիւններու Դոկտոր, Ասորագէտ
Հայկ Գ. Մելքոնեան, Ադիաբենի պետութիւնը եւ Հայաստանը, Երեւան, 1980

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Հալէպ (Սուրիա), 25 Դեկտեմբեր 1923-ին Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ բնակավայրի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ, զոր կ'աւարտէ 1936-ին:

1937-1942 թուականներուն ան իր ուսումը կը շարունակէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց դպրոց-ին մէջ, իսկ 1943-ին, մուտք կը գործէ Երուսաղէմի հոգեւոր ճեմարանը, որուն ուսման ընթացքը կ'աւարտէ 1945-ին: 1946-ին՝ ծնողներուն հետ ան կը գաղթէ Հայաստան, ուր առաջին երեք տարիներուն՝ 1946-1949 թուականներուն իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Երեւանի Յակոբ Յակոբեանի անուան դպրոցին մէջ, դասաւանդելով անգլերէն: 1946-ին, միաժամանակ կըսկսի հետեւիլ համալսարանական ուսման, արձանագրուելով Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Բաժանմունքի դասընթացքներուն:

Համալսարանի ընթացքը աւարտելէ ետք՝ 1959-1962 թուականներուն, Հայկ Մելքոնեան մուտք կը գործէ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի յետ-ընթացաւարտի բաժինը, ու ժամանակի մը համար կը մեկնի Լենինկրատ, (այժմ Սան Պետերպուրգ), նշանաւոր Ասորագէտ Ն.Վ. Պիգուլեւսկայայի ղեկավարութեամբ կատարելագործելու իր մասնագիտութիւնը: 1964-ին պաշտպանելէ ետք «Հայ-Ասորական Յարաբերութիւնները Գ-Ե դարերում» խորագրուած իր թէզը, ան կը ստանայ Պատմական Գիտութիւններու Թեկնածու աստիճանը:

1962-էն սկսած Հայկ Մելքոնեան կըսկսի պաշտօնավարել ԳԱ Պատմութեան հիմնարկին մէջ, նախ իբրեւ կրտսեր գիտաշխատող: Իսկ 1964-էն մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը՝ իբրեւ աւագ գիտաշխատող: 1981-ին «Ադիաբենի Պետութիւնը եւ Հայաստանը» վերնագրուած աւարտաճառը պաշտպանելէ ետք, կ'արժանանայ Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորական աստիճանին:

Ան կը մահանայ 1 Յունուար, 1983-ին Երեւան:

Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Անդամ Խմբագրել

Գիտական Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին իր վարած աշխատանքին զուգահեռ, 1976-էն սկսած, Հայկ Մելքոնեան՝ իբրեւ անդամ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Էջմիածնի բոլոր ձեռնարկներուն:

«Էջմիածին» ամսագրի խմբագրական աշխատանքներ Խմբագրել

1981-ին, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրին, ան մաս կը կազմէ Էջմիածնի Մայր Աթոռին կողմէ հրատարակութեան պատրաստուող Աստուածաշունչի Արեւելահայերէն նոր թարգմանութեան խմբագրական մարմնին, իսկ 1982-էն սկսած, ան նաեւ կը հրաւիրուի իր մասնակցութիւնը բերելու «Էջմիածին» ամսագրի խմբագրական աշխատանքներուն:

Գիտական թարգմանական ուսումնասիրութիւններ Խմբագրել

Հմուտ պատմաբան եւ Ասորագէտ, Հ. Մելքոնեան իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Հայ-ասորական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան: Ան նաեւ իր ներդրումը կը կատարէ ասորական սկզբնաղբիւրներու գիտական թարգմանութեան գործին: Անոր մեծ ու փոքր շուրջ քսան ուսումնասիրութիւնները՝ գրուած Հայերէն ու Ռուսերէն լեզուներով, ընդհանրապէս կը մնան Հայագիտական մամուլի էջերուն մէջ:

Գրականութիւն Խմբագրել

Իսկ առանձին հատորներով լոյս տեսած են ՀԱՅ-ԱՍՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԻՑ, Գ-Ե ԴԱՐԵՐ (Երեւան, 1970),

ՕՏԱՐ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԵՐԻ ՄԱՍԻՆ, ՀՏՐ.Ը - ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ, ԳԻՐՔ Ա. (Երեւան,1976),

ԱԴԻԱԲԵՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ (Երեւան, 1980):

  Առաջին մասի երրորդ գլուխը ակնարկ մը նուիրուած է Ադիաբենից- Հայաստան գաղթած քանի մը նախարարական ընտանիքներու, որոնք պարթևա֊հայկական զինակցութեան ժամանակ օգնած էին Հայերուն եւ հանգամանքներու բերումով մնացած են Հայաստան: Անոնց մէջ կային նաեւ Ադիաբէնի մէջ բնակուող հայեր [1] Հայկ Գ. Մելքոնեան:  


  Հեղինակը անոնցմէ կը համարէ Մովսէս Խորենացիի յիշատակած Շամբատ Բագարատին, որ Տրդատ 1-ի արքունիքին մէջ ստանձնեց թագակապ-թագադիր ասպետի պարտականութիւնները , ապա եւ Խորխոռոնիներուն, Գնթունիներուն եւ այլոց [1] Հայկ Գ. Մելքոնեան։  


Աղբիւրներ Խմբագրել

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Ժ., Պէյրութ, 1984, էջ 370

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել