Հայկ Պարիկեան
Հայկ Պարիկեան (1914, Եոզկաթ, Թուրքիա), հայ բանասէր, բանաստեղծ եւ խմբագիր։
Հայկ Պարիկեան | |
---|---|
Ծնած է | 1914 |
Ծննդավայր | Եոզկաթ, Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Եոզկաթ: Տարագրութեան ատեն ծնողքին հետ հաստատուած է Հալէպ, ուր ստացած է իր ուսումը Հայկազեան վարժարանէն ներս: Հեղինակ է գրական, մենագրական եւ մատենագրական երկերու։
Աշխատանքները
Խմբագրել1936-էն սկսեալ պաշտօնավարած է Զաւարեան եւ Կիլիկեան վարժարաններուն մէջ։ 1930-1941 եղած է տնօրէն Տէր Զօրի Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանին։ Իսկ 1954-1978 մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գրականութիւն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վրժ.ի երկրորդական բաժինին մէջ։
Եղած է խմբագիր «Եփրատ» թերթի, «Բուրաստան» եւ «Բարձրունք» պարբերականներու, իսկ 1975-էն սկսեալ «Գեղարդ» Սուրիահայ Տարեգիրքի։ Աշխատակցած է գրական յօդուածներով եւ քրոնիկներով, մասնաւորաբար «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերուն, իսկ պատմուածքներով եւ բանաստեղծութիւններով՝ «Շիրակ» գրական ամսագրին։
Գործերը
ԽմբագրելՀրատարակուած են իր հետեւեալ գործերը.
«Այգեկութք», բանաստեղծութիւններ (1962), «Լեւոն Բաշալեան», մենագրութիւն (1970), «Պատմութիւն Սուրիոյ Հայ Տպարաններու» (1973), «Երգեր Հողի եւ Մարդոց Մասին», բանաստեղծութիւններ (1985):
Հրատարակելի են. «Պատմուածքներ», «Ծածկանուններու Բառարան» գործերը։
Իր բանաստեղծութիւնները տոգորուած են համամարդկային սիրոյ զգացումներով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։