Հայ նոր գրականութիւն
Հայ նոր գրականութիւն
Հայը թափ կ'առնէ 19րդ դարուն, յատկապէս 1860-ական թուականներէն սկսեալ։ Բայց գրական այս շարժումին նախանշանները արդէն կ՛երեւէին 1750–ի շուրջ։ Արդարեւ, այդ թուականէն մինչեւ 1800։
Վենետիկէն Մոսկուա ու Հնդկաստան ու աւելի մօտ Պոլիս, Թիֆլիս, Նոր Ջուղա ու այլ վայրեր հաստատուած հայ գաղութները, ձեռք ձգաց էին տնտեսեսական եւ մշակութային որոշ մակարդակ։ Բացուած էին հայկական տպարաններ, սկսած էին հին ձեռագիրներու հաւաքը եւ անոնց մէջէն, հին դասական հայերէնի՝ գրաբարի, ուսումնասիրութիւնը։ Կը կազմուին քերականութեան գիրքեր, բառարաններ, կը կատարուին թարգմանութիւններ, մանաւանդ եւոպական դասական գործերու ու անոնցմէ ներշնչուած կը գրուին երգեր՝ գրաբարով։